ԿԻՒԼՎԱՐԴԵԱՆ. «ԵՐԿԻՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՇԱՐՄԱՆ»
«ՊԱՏԵՐԱԶՄ»Ը ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ Է
Յունիսի 5-ին երեւան ելած «Քաթարեան տագնապ»ին հետեւողներուն համար յստակ սկսած է դառնալ, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ շղթայազերծուած այս պայքարը երկար ժամանակի մը համար «նախատեսուած» է:
Քաղաքական խորք ունեցող եւ Տոհայի արտաքին քաղաքականութեան մէջ խոցելի կէտեր տեսնող սէուտական կողմին համար հիմնական «առաքելութիւն»ը Քաթարը կտրելն է «իրանեան գարշապար»էն:
Բացառապէս տնտեսական լծակներով մղուող այս պայքարին հեռաւոր նպատակը Տոհան ընկճելն է ու այդ առումով ցարդ գործադրուած բոլոր քայլերը ցոյց կու տան, որ ցայսօր ցցուած դժուարութիւններուն դիմացող եւ «կուրծք ցցող» Տոհայի ղեկավարութեան վիճակը այդքան ալ փայլուն պատկեր մը չունի:
Արաբական մամուլի մէկէ աւելի կարկառուն ներկայացուցիչներ անցեալ շաբաթ կը գրէին այն մասին, թէ Տոհան «հանգիստ» աչքերով կը հետեւի գործադրուած պատիժներուն։ Աւելի՛ն. Շէյխ Թամիմ Պըն Համատի Յուլիսի 24-ին արտասանած պատկերասփռեալ ելոյթէն ետք լրահոսներուն մէջ «կը սպրդէր» լուր մը, որուն համաձայն Քաթար բաւարար ներուժ ունի երկու տարուան համար դիմակայելու ստեղծուած սոյն տագնապը եւ հակառակ տեղի ունեցող ճնշումներուն շարունակելու՝ ոտքի մնալ:
Սակայն հանրութեան տրուած եւ վերլուծական երեսունեցող տուեալները մէկ կողմ, իսկ գետնի վրայ առկայ իրականութիւնները այլ են:
Այսպէս, խօսելով Քաթարի ցարդ կրած տնտեսական վնասներուն մասին՝ կարելի է արձանագրել, որ մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը Քաթար կրած է 100 միլիառ ամերիկեան տոլարի հասնող վնաս:
Բնականաբար Տոհայի կրած վնասներուն ամենէն խոշոր մասը Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Քաթար տանող ճանապարհներու փակումն է, որուն հետեւանքով է նաեւ, որ Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ ու անոր դաշնակից երկիրներուն միջեւ առկայ տնտեսական փոխանակման ընդհանուր պատ-կերը հասած է զերօ նիշի:
Երկրին մէջ կայ նաեւ ուտեստեղէնի, որոշ ապրանքատեսակներու տագնապ։ Մանաւանդ կապուած կաթնեղէնի, հաւկիթի, պանիրի եւ այլ առաջին կարգի օգտագործման ապրանքատեսակներու հետ: Տագնապ ըսելով պէտք չէ հասկնալ, որ ներկայ պահուն այդ կենսական ուտեստները չկան Քաթարի մէջ, այլ կայ զանոնք փոխարինողը, որ շատ մը պարագաներու աւելի թանկ գին ունի եւ տարբեր առումներով ու յատկապէս որակով կը զիջի սէուտական եւ էմիրութիւններու ապրանքատեսակներուն:
Տնտեսական երեսակի մասին ընդհանուր պատկերացումը ամբողջացնելու համար հարկ է նշել, որ տագնապին հետեւանքով քաթարեան ռիալը վերջին տասներկու տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով ամերիկեան տոլարին դիմաց կրած է 5 կէտի անկում մը, որ տնտեսական վերլուծողներու համար բաւական «մտահոգիչ» թիւ կը համարուի:
Հակառակ Քաթարի Կեդրոնական դրամատան յայտարարութիւններուն՝ այս թիւը կարեւոր ցուցանիշ է այն մասին, որ ամէն ինչ բնականոն եւ լաւ ընթացքի մէջ չէ երկրի մը համար, որուն ամենէն էական տնտեսական գործընկերները այսօր յայտնուած են ծանրագոյն պատժամիջոցներ կիրառողի դիրքերուն մէջ:
Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» կարեւոր վերլուծական մը հրապարակած է Քաթարի տնտեսական վիճակին մասին՝ նշելով, որ պարբերականի Տոհայի աշխատակիցները բաւական լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն օտար դրա-մանիշներ (bank notes) գտնելու կամ փոխանակելու համար: Այս տուեալը եւս կարեւոր ցուցանիշ մըն է, որովհետեւ թերթին կողմէ հրապարակուած տուեալներուն կամ վերլուծութեան դէմ պաշտօնական Տոհա ոչ մէկ ուշագրաւ հակազդեցութիւն կատարեց:
ՔԱԹԱՐԷՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Անոնցմէ մէկն է Գէորգ Կիւլվարդեան, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով յայտնուեցաւ Քաթար: Աշխատանքի եւ իր ընտանիքի ծախսերը հոգալու նպատակով Քաթարի մէջ աշխատող հայորդին օրեր առաջ կը գտնուէր Երեւան: Օգտուելով իր ներկայութենէն, հարցազրոյց մը ունեցանք Գէորգին հետ: Արծարծուած հիմնական նիւթը Քաթարի տագնապն էր:
Ընդհանուր իրավիճակ, հայութեան ունեցած մտահոգութիւններ, երկրին մէջ առկայ խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Քաթար յարաբերութիւններ: Այս նիւթերուն շուրջ խօսեցանք հալէպահայ մեր հայրենակցին հետ, որուն կարծիքով՝ Հայաստանի եւ հայաստանցի գործարարներուն համար այսօր կարեւոր հնարաւորութիւն կայ Քաթարի մէջ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու:
-Պրն. Կիւլվարդեան Քաթարի տագնապը բնաւ անհանգստութիւն կամ ճնշուածութիւն պատճառե՞ց տեղացի ժողովուրդին: Որպէս Քաթարի մէջ ապրող անձ ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:
-Իրականութեան մէջ, առաջին երեք օրերուն ժողովուրդը իրարանցումի մէջ էր. անհանգստութիւն մը կար ժողովուրդին մօտ: Դրամատուները շատ խճողուած էին, որովհետեւ ժողովուրդը կ՚ուզէր իր դրամը առնել եւ տոլարի վերածել, սակայն կենցաղային ապրանքները, մթերքները միշտ ալ առատ էին, եւ մինչեւ այսօր ալ ամէն բան առատ է հանրախանութներուն մէջ։ Թէեւ Սէուտական Արաբիայէն եւ Արաբական Էմիրութիւններէն ներածուած ապրանքը վերացաւ ու ատոնց փոխարէն Քաթար «ներխուժեց»ին թրքական եւ իրանական ապրանքատեսակները:
-Քաթարի դէմ եղած ամպարկոյէն ետք, այսօր ի՞նչ կը կատարուի երկրին մէջ: Կը հետեւի՞ք այդտեղի նորութիւններուն: Ի՞նչ վիճակ կը տիրէ հոն այսօր:
-23 Յունիսին Երեւան եկայ, եւ մօտաւորապէս երկու շաբաթ եղաւ, որ հոս եմ: Անշուշտ կը հետեւիմ, հոն հաստատուած ընկերներուս հետ կապի մէջ եմ, կրնամ ըսել, որ մինչեւ այսօր յատուկ փոփոխութիւն մը չկայ, կեանքը բնական հունով կ՚ընթանայ: Ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, միայն առաջին երեք օրն է, որ խուճապ մը կար, մանաւանդ երբ մեծ ընկերութիւններու բաժնետոմսերուն արժէքը անկում կրեց։ Սակայն ինչպէս բոլորս գիտենք, Քաթար հարուստ եւ օտար արժենիւթ (յատկապէս ամերիկեան տոլար) ունեցող երկիր մըն է, ու այդ պատճառով է նաեւ, որ կառավարութիւնը կարողացաւ հսկել ընդհանուր իրավիճակը:
-Շուտով պիտի վերադառնաք Քաթար: Ձեր մէջ վախ կամ մտահոգութիւն կա՞յ, որ կրնաք որեւէ խնդիր ունենալ:
-Ո՛չ, բնաւ, որովհետեւ այն շինարարական ընկերութիւնը, ուր ես պաշտօնեայ եմ, մինչեւ այսօր կ՚ապահովէ բոլոր շինարարական նիւթերը եւ գործը բնականոն ձեւով կ՚ընթանայ, առանց վնասներու: Ընկերութեան կրած միակ վնասը, թերեւս ապրանքի ճանապարհածախսն է, որովհետեւ նախքան այս հարցը, շինանիւթերը աւելի աժան եւ արագ կը հասնէին Քաթար Սէուտական Արաբիոյ միջոցով: Հիմա ճամբան փոխուեցաւ, այս պատճառով ալ շինանիւթի արժէքը քիչ մը բարձրացաւ: Սակայն ըսեմ, Քաթարի մէջ ամէն ինչ կայ աշխատելու եւ ապրելու համար:
-Կ՚ուզեմ քիչ մը խօսիք Քաթարի հայ համայնքի մասին: Երկրի վերջին իրադարձութիւնը, ցնցումը ինչպէ՞ս անդրադարձաւ հայերու վրայ: Բնաւ մտահոգութիւն մը լսեցիք հայերու մօտ, որ այս տագնապը կրնայ ազդել իրենց գործերուն վրայ, որովհետեւ ըստ երեւոյթին Սէուտական Արաբիան որոշած է ամէն գնով ընկճել Քաթարը:
-Քաթարի հայկական համայնքը շատ փոքր համայնք մըն է, բայց որոշ չափով կազմակերպուած: Քաթարի մէջ այսօր կ՚ապրին մօտաւորապէս 400 հայեր: Անոնց մեծ մասը ամուրի երիտասարդներ են, որոնք Քաթար կ՚աշխատին, մնացեալը՝ ընտանիքներ:
Մինչեւ այսօր մտահոգիչ բան մը չկայ, ամէն մարդ իր ամէնօրեայ հոգերով, բնականոն կեանքը կը շարունակէ:
Այս տագնապը մարդոց ապրելակերպը մեծ փոփոխութեան չենթարկեց: Ինչպէս նշեցի, փոփոխութիւնը նկատելի է միայն ներմուծուած ապրանքի եւ արժէքներու վրայ: Ըսեմ, հիմա Հայաստանի գործարարներու համար առիթ է Քաթարի մէջ իրենց արտադրանքները տարածելու: Իմ կարծիքով՝ հայաստանցի գործարարներուն համար հիմա լաւագոյն առիթ է առաջին անհրաժեշտութեան ուտելիքներ արտահանելու. ինչպէս՝ կաթ, մածուն, հաւկիթ եւ այլն: Այսօր երկրին մէջ այդ պահանջքը կայ, որովհետեւ առաջ Սէուտական Արաբիոյ կը վստահէին եւ այդտեղէն կը ներմուծէին ամէն ինչ, սակայն հիմա սկսան ուրիշ շուկաներ փնտռել. ինչպէս՝ թրքական, իրանական, լիբանանեան:
-Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի Հայաստան-Քաթար յարաբերութիւններու մասին: Ի՞նչ տեղեկութիւն ունիք ասոր մասին:
-Բոլորս գիտենք, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Քաթար այցելեց։ Այցելութեան օրերուն երկրի գլխաւոր փողոցները զարդարուած էին հայկական եռագոյնով: Բաւական դրական փոփոխութիւններ պիտի ըլլան: Անոնցմէ մէկը զբօսաշրջութեան զարգացումն է: Այսուհետեւ ամէն օր թռիչք կայ Քաթարէն Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ:
-Ձեր կարծիքով, Քաթարէն եկած թռիչքները մտահոգութիւն մը կրնա՞ն ըլլալ Հայաստանի համար: Ի՞նչ կը կարծէք:
-Չեմ կարծեր: Այնքան ալ վտանգաւոր բան մը չկայ: Քաթարցիները ծայրայեղական չեն: Իմ կարծիքով՝ ժողովուրդը պարզ, հանդուրժող եւ օգնող ժողովուրդ է: Քաթարցին հարուստ, բայց համեստ է:
-Այս դէպքերէն ետք Սէուտական Արաբիոյ դէմ թշնամութիւն մը զգացի՞ք:
-Որոշ չափով՝ այո: Այդ թշնամութիւնը նկատելի էր մանաւանդ մամուլին մէջ: Ընթերցողը, լրագրողի գրիչի սուր լեզուէն կը զգար երկու երկիրներու միջեւ առկայ լարուած վիճակը: Թերթերուն մէջ նոյնիսկ սկսած էին երկու երկիրներու միջեւ տեղի ունեցած հին պատմութիւնները եւ խնդիրները վերստին եւ սուր քննադատութեամբ հրապարակել: Սակայն մինչեւ այսօր Քաթար իր դրացի երկիրներու հանդէպ պարտականութիւնները կը կատարէ եւ անհամաձայնութիւնը կամ ատելութիւնը չի խափաներ գործնական յարաբերութիւնները, որովհետեւ իրենք կ՚ըսեն, որ մենք բարիդրացիական, եղբայրական կապերը պիտի պահենք մեր դրացիներուն հանդէպ: Իմ կարծիքով՝ քաթարցիք կրնան որոշ ճնշումներ դնել աշխատանքի համար Քաթար հասած եգիպտացիներուն դէմ։ Շատ պարզ ձեւով կրնան ըսել՝ «պայմանագիրդ վերջացաւ եւ չես կրնար այլեւս Քաթար մնալ»: Անցեալ շրջանին նոյնը ըրած էին լիբանանցիներուն հանդէպ, սակայն վերջերս այդ յարաբերութիւնները բարելաւուեցան եւ բնականաբար ընդհանուր իրավիճակը կապ ունի քաղաքական պայմաններուն հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան