Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԸ

«Մի՛ վախնար Մարիամ,
որովհետեւ Աստուծմէ շնորհք գտար»
(Ղուկ. 1. 30)

Այս տարի եւս ուրախութեամբ կ՚առաջնորդուինք Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի խորհուրդին ընդմէջէն անգամ մը եւս մտածելու Տիրամօր մասին։ Աստուծոյ սիրոյն գեղեցկագոյն դեսպանը, տիեզերքին ու մարդկութեան առաքուած մեծագոյն Փրկչին Տիրամայրը՝ Ս. Մարիամը, շարականի յիշեցումով կը գովուի. «օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամենօրհնեալ»։ Գոհութիւն Աստուծոյ եւ փառք Ամենակալին, որ տարբեր առիթներով միշտ կ՚առաջնորդէ մեզ Տիրամօր գուրգուրացող մօրենական ձեռքերուն։

Աստուծոյ արտին մէջ որպէս պտղատու ծառ տնկուած Մարիամը, աճեցաւ, պատրաստուեցաւ ու զօրացաւ Աստուծմով։ Ան երբ հասակով ու հոգիով կը մեծնար, հրեշտակը երեւցաւ Իրեն ու աւետեց ըսելով. «Մի՛ վախնար Մարիամ, որովհետեւ Աստուծմէ շնորհք գտար» (Ղուկ. 1.30)։ Ահա այդ պահուն արդէն իսկ հասկնալի կը դառնար թէ՝ Մարիամ պիտի կոչուէր Տիրամայր։ Հրեշտակի խօսքին մէջ տեսանելի կը դառնար Աստուծոյ շնորհաբաշխութիւնը։ Մարիամը պիտի ծնանէր Յիսուսը եւ ապա պիտի դառնար համայն մարդկութեան մայրը։ Աղախինին քաջութիւնն ու հաւատքը, յոյս պիտի ներշնչէր համայն մարդկութեան եւ պատմութեան։ Պատմութեան ո՞ր մայրը այսքան օրհնեալ եղաւ, ո՞ր մայրը գերադասուեցաւ բոլոր կիներէն ու նոյնիսկ այրերէն։ Ահա, Ս. Աստուածածնի տաղաւարին, կը յիշենք Ս. Աստուածամօր դիրքն ու բարոյական իմաստը, մեր եկեղեցւոյ եւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս։

Սերունդներ եկան ու իրենց աչքերը սեւեռեցին Ս. Մարիամին, տեսնելու համար նախ տիպար մայրը եւ ապա օրինակելի հաւատացեալը։ Սաղմոսի «Նայէ՛ քու հրամաններդ որքա՜ն կը սիրեմ. Ո՜վ Տէր, քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս» (Սղմ. 119.159) տողերը որքան կը համապատասխանեն Սրբուհիին։ Մարիամ վախու զգացումով ընդունեց Տիրամայր դառնալու կոչումը եւ հետեւեցաւ իր կոչումին առանց վախնալու։ Հրեշտակին աւետիսը, մեծագոյն մղիչ ուժն էր Տիրամօր, իր նեղութեան եւ փորձութեան օրերուն։ Աստուծմէ մեծագոյն շնորհքը գտած Մարիամը, Ս. Հոգիի ներգործութեամբ զգաց Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ կեանք տուաւ Յիսուս Մանուկին։ Նոր կեանք գտաւ Սրբուհին կեանք տուող Քրիստոսով եւ առիթը ընծայեց, որպէսզի սերունդներ օրհնուին ու նոր կեանք գտնեն Քրիստոսով։ Սերունդներ օրհնուեցան եւ ահա այս տաղաւարին անգամ մը եւս կը գովաբանեն Սրբուհիին անունը։

Տիպար Մայրը կը խօսի նաեւ Հայ Քրիստոնեային եւ յատկապէս Իշխանաց կղզեաց մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։ Յիշե՛նք մեր Հայ Քրիստոնէի կոչումը, որպէս համայնք եւ որպէս եկեղեցի։ Ինչպիսի՞ օրինակ մը կարելի է քաղել մերօրեայ ժամանակներուն Ս. Կոյսէն։ Տիրոջ հրամանն է հաստատ պահել մեր ներդաշնակութիւնը եւ վառ պահել պապենական մեր աւանդութիւնները ու այդ բոլորին մէջ կեանք գտնել այժմ եւ միշտ։ Յիշե՛նք թէ այս բոլորը պահել ու պահպանելն աստուածային պատուիրան է, քանզի բոլորին մէջ ներկայ է Աստուծոյ շնորհքը։ Որպէս Հայ Քրիստոնեայ ժողովուրդ, մեր գտած շնորհքը չթողունք կամայ եւ ակամայ, հեռու չպահենք Տիրամօր մօրենական ներկայութիւնը մեր տուներէն եւ ապրելակերպէն։ Փառաւորեալ ժողովուրդ դառնալով օրհնուելու եւ մեր ընտանիքները օրհնուած պահելու միակ ճանապարհն է՝ իւրացնել Ս. Մարիամի օրինակը։ Այս օրինակին մէջ պիտի գտնենք քաջութեան աղբիւրը, մաքուր կենցաղի գաղտնիքը եւ Աստուծոյ հրամանները սիրելու եւ զանոնք պահպանած ըլլալու արդար հպարտութիւնը։

Նկատի պիտի ունենանք նաեւ թէ՝ նման անցեալին, մերօրեայ ժամանակներուն եւս մեր դիմաց կանգնած պիտի ըլլան փոքր թէ մեծ փորձանքներ ու փորձութիւններ։ Ահա, դժուարին պահուն մեր մօտ ունինք Ս. Կոյսը, Աստուածամայրը, որ աշխարհ բերաւ մեր Փրկիչը՝ Քրիստոսը։ Որպէսզի մեր սուրբ կոչումին մէջ հաստատ մնանք, Միածին Որդին, բարեխօսութեամբ Ս. Կոյսին պիտի փրկէ մեզ ամէն տեսակ փորձանքէն եւ փորձութենէն։ Իւրաքանչիւր վախազդու դէպք երբ մօտենայ մեզի, լսելի պիտի դառնայ հրեշտակին խօսքը. «Մի՛ վախնար Մարիամ, որովհետեւ Տիրոջմէ շնորհք գտար»։

Ինչպէ՞ս պիտի օրհնաբանենք Սրբուհին, եթէ չենք գիտեր օրհներգութեան հոգին ու բառերը։ Ինչպէ՞ս պիտի գտնենք քաջութիւնը, եթէ անծանօթ ենք քաջութեան աղբիւրին։ Ինչպէ՞ս պիտի տեսնենք օրհնութիւնը, եթէ հեռու ենք օրհնութեան ակէն։

Սուրբ տաղաւարին առթիւ, կ՚աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի իր շնորհները առատացնէ Իշխանաց կղզեաց հաւատացեալ ժողովուրդին մէջ։ Գտնենք մեր էութեան եզակի տարրերը եւ փարինք մեր ամբողջ զօրութեամբ։ Աստուած ընդունէ՛ մեր աղօթքներն ու խնդրանքները եւ իրականացնէ բոլորիս բարի փափաքները, բարեխօսութեամբ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր։ Յատկապէս կը շնորհաւորեմ եկեղեցւոյս բոլոր մայրերը եւ կը մաղթեմ աստուածային ներշնչում, որպէսզի իրենց զաւակները խնամեն Տիրամօր օրինակով։ Տիրամօր փառաւոր վերափոխման տաղաւարին, անգամ մը եւս եկէ՛ք վառենք մեր մտքերու ճրագները եւ միաբերան ըսենք. «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ, ամենօրհնեալ». Ամէն։

Սիրով ու աղօթքով,

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

                                                                                          Հոգեւոր Հովիւ՝ 
                                                                              Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ
                                                                                            Գնալը կղզի

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017