ՍՐԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

«Սրամտութիւն»ը բարեմասնութիւն մըն է, որուն տառացի նշանակութիւնն է՝ ուշիմութիւն։ Իսկ ուշիմութիւնը, ընդհանրապէս կ՚ենթադրէ՝ մտային ճկունութիւն, պարագաներուն յարմարութիւն ցոյց տալ, համակերպիլ՝ ճարպիկ ըլլալ, եւ հարց մը, առանց խուճապի մատնուելու, նուազագոյն շփոթութեամբ եւ արագ ու շիտակ կերպով լուծելու կարողութիւն ունենալ։ Սրամտութեան նոյնիմաստ բառեր են՝ արթնամտութիւն, սրախօսութիւն, նրբամտութիւն, եւ նաեւ՝ զուարճաբանութիւն։ Ուրեմն կ՚երեւի, թէ «սրամտութեան» իմաստը աստիճանաբար կրնայ փոփոխութիւններ ունենալ, բայց էապէս բոլոր նշանակութիւնները ի վերջոյ ուշիմութեան, խելացութեան եւ զգօնութեան արդիւնք մարդկային մտային բարձր կարողութիւն մը, յատկութիւն մը ցոյց կու տան։

Սրամտութեան մերձիմաստ բառեր են նաեւ՝ կորովամտութիւն, սրադատութիւն, սրութիւն, հնարագիտութիւն, հնարամտութիւն, արագամտութիւն, մտաբացութիւն, քաջամտութիւն, սուրիմացութիւն, կատակաբանութիւն, զուարթամտութիւն։

Ուրեմն կը տեսնուի, որ ըմբռնումի, հասկնալու խնդիր մըն է բառին տրուած իմաստը, ինչպէս շատ բառեր, սրամտութիւնն ալ ունի աստիճաններ՝ զայն գործածողին մտային տարողութեան համեմատ։

Արդարեւ, սրամտութիւնը կը պահանջէ իմաստութիւն, հմտութիւն եւ որոշ չափով գիտութիւն։ Այլապէս սրամտութիւնը կ՚ըլլայ՝ լրբութիւն, այսինքն անպատկառ եւ անպատշաճ ընթացք, աներեսութիւն, անամօթութիւն։ Ուստի սրամտութիւնը արուեստ մըն է, որ կը պահանջէ ընդոծին յատկութիւն եւ ձիրք։ Սրամտութիւնը որքան համակրանք, նո՛յնքան եւ աւելի կրնայ հակակրանք ստեղծել։ Ուստի կշիռը, չափը եւ սահմանը պէտք է լաւ որոշել եւ ըստ այնմ շարժիլ, քանի որ անոր ազդեցութիւնը յարաբերական է մարդուս ըմբռնումի եւ հասկացողութեան կարողութեան եւ տարողութեան համաձայն։

Սրամտութիւնը գործածողին համեմատ ալ կրնայ բոլորովին տարբեր նշանակութիւններ ունենալ եւ ըստ այնմ ազդեցութիւն գործել եւ հակազդեցութիւններու առիթ տալ։ Զոր օրինակ, սրամտութիւնը, յետին մտքի եթէ միջոց գործածուի, անշո՛ւշտ թէ վնաս կը պատճառէ, մինչեւ իսկ արժանապատուութեան վիրաւորանքներու պատճա՛ռ կը դառնայ։

Արդարեւ, սրամտութիւնը պէտք է ընկերակցի գիտութեան հետ, որպէսզի շիտակ եւ նպատակայարմար ըլլայ անոր գործնականութիւնը։ Հոս պէտք է յիշել Սոկրատի խօսքը, թէ՝ «չգիտցածը գիտնալ իմաստութի՛ւն է»։ Ուրեմն այս կը նշանակէ, որ մարդ կրնայ սրամիտ ըլլալ, բայց երբ անիկա շիտակ գործածելու բաւարար գիտութիւնը չունի, կրնայ սրամտութեամբ սխալ կամ վնասակար կերպով գործածել զայն։

Երբ գիտութեան կարեւորութեան մասին է խօսքը, կ՚արժէ յիշել նաեւ Ալպերթ Այնշթայնի սա խօսքը, թէ՝ «որքան շատ գիտութիւն՝ ա՛յնքան քիչ ստորակայական բարդոյթ, որքան քիչ գիտութիւն, ա՛յնքան շա՛տ ստորակայական բարդոյթ»։ Անշուշտ ասիկա կարելի է տարածել ամէն տեսակ բարդոյթի, որ մարդ կրնայ ունենալ որեւէ թերութեան կամ տկարութեան մը պատճառով, մանաւանդ գիտութեան, իմացականութեան եւ այլ հոգեմտաւոր արժէքներու բացակայութեան պարագային։

Ուրեմն գիտութիւնը կարեւոր դեր մը կը խաղայ մարդուս հոգեմտաւոր կեանքին մէջ, ուղղութիւն տալով անոր ընթացքին։ Այս ուղղութեամբ՝ գիտութիւնը կը զարգացնէ սրամտութիւնը, եւ առիթ կու տայ որ ան գործածուի օգտակար հանդիսանալու համար մարդկութեան։ Արդէն մարդուն սկզբնական կոչո՛ւմն է՝ իրերօգնութիւն, իրարու թերութիւն լրացնել, տկարութիւնները զօրացնել, եւ սրամտութիւնը՝ իրերօգնութեան կարեւոր միջոցներէն մին է, անշուշտ եթէ գիտութեամբ եւ գիտակցութեամբ զարգացած է ան։ Սրամտութիւնը ինքնին, մինակ վիճակի մէջ այնքան օգտակար չի կրնար ըլլալ, քանի որ ամէն առարկայ կրնայ օգտակար ըլլալ երբ գիտակցաբար եւ ճիշդ նպատակին կը գործածուի։ Ուրեմն, սրամտութիւնը պէտք է զարգանայ, աճի, որպէսզի օգտակար առարկայ մը, գործիք մը ըլլայ մարդուն։ Գիտութիւնը «մղիչ ուժ»ն է սրամտութեան։

Արդարեւ, կեանքի մէջ ձեռք ձգուած յաջողութիւններ, յաղթանակներ ո՛չ անպատասխանատու դիպուածին եւ ո՛չ իսկ կոյր բախտի՛ն արդիւնքն է։ Ամէն յաջողութեան մէջ կա՛յ գիտութեան իմաստութեամբ եւ խելացութեամբ, առողջ միտքով գործածութեան կարեւոր բաժինը։ Ոմանք, քիչ մըն ալ ստորագնահատելու համար, մէկու մը յաջողութիւնը սովորական «բախտ»ի արդիւնք կը սեպեն, իմաստութիւնը եւ գիտութիւնը կ՚անտեսեն, անկարեւոր կը նկատեն։

Իրաւ է թէ կան դժբախտութիւններ, ձախողութիւններ, կորուստներ կեանքի մէջ, որոնք յաճախ կը հեգնեն մարդկային գիտութիւնը, խելքը եւ իմաստութիւնը։ Սակայն պէտք չէ՛ մոռնալ, թէ ի՛նչ որ մարդիկ ձախողութիւն, կորուստ կամ դժբախտութիւն կը կոչեն, յաճախ ասպար մը՝ վահան մըն է, այսինքն պատրուակ մը, քօղ մը՝ որ մարդիկ ձախողութիւնը արդարացնելու համար ետեւը վատօրէն կ՚ապաստանին՝ աշխատանքէ վախցողներ, խուսափողներ, հաճոյքը պարտականութենէն վե՛ր դասողներ, ծախքն ու եկամուտը հաւասարակշռելու բաւարար փորձառութիւն չունեցողներ, ստացուածքը խոհեմութեամբ օգտագործելու կարողութենէն զուրկ եղողներ, չըսելու համար «թերամիտներ», եւ կամ իրենց անձնական շահուն, պերճանքին եւ հաճոյքին համար անհաշիւ ու անհակակշիռ մսխումներ ընողներ…։

Եւ իրապէ՛ս «հրա՜շք» մը պէտք է համարել, որ այս տեսակ բացուածքներ ունեցող «նաւ» մը անմիջապէս չի խորտակուիր ու չ՚ընկղմիր։

Այս տեսակ կործանումներու եւ անկումներու համար «բախտ»ը երբեք պատասխանատու չէ՛։

Բայց սապէս կարելի է խորհիլ, անգիտակից սրամիտի մը յաջողութիւնը կրնա՛յ պատահական ըլլալ։ Յաջողած սրամիտ մարդու մը ընդունակութիւնը իր ձեռներէցութիւնն ու հեռատեսութիւնը իր յաջողութեան ազդակներն են անշուշտ, բայց ասոնց համար ենթական շատ ալ հպարտանալու իրաւունք չունի, քանի որ ասոնք ընդոծին՝ իր հետ ծնած ժառանգական յատկութիւններ են, եւ ո՛չ թէ իր աշխատանքով յառաջ բերուած արժանիքներ։ Ահաւասիկ սրամտութիւնն ալ նո՛յնպէս իր հետ ծնած ժառանգական յատկութիւն մըն է մարդուն, եւ յաջողութեան համար այս բոլորը ո՜րքան ալ կարեւոր ըլլայ, բայց բաւարար արժէք մը չե՛ն կազմեր։ Թէեւ ասոնք բարոյական «դրամագլուխ» մը կը կազմեն, բայց լման յաջողութեան համար բաւարար չեն։

Այս բնածին յատկութիւններուն հետ, եւ թերեւս ասոնցմէ ալ աւելի՝ գիտութիւն, աշխատասիրութիւն, եւ նաեւ՝ անթեքելի՝ անշեղ ուղղամտութիւնը գործի մնայուն յաջողութեան անհրաժեշտ պայմաններն են։ Յաջողութիւնը այս ամէնքին բաղադրութի՛ւնն է։ Յաջողութիւնը ո՛չ դիպուած է, եւ ոչ իսկ պատահական իրողութիւն մը, երեւոյթ մը։

Յաջողելու համար պէտք է՝ սրամտութիւն, աշխատասիրութիւն եւ անպայմա՛ն՝ գիտութիւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 18, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2017