ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Այս ուխտագնացութիւնը պիտի գլխաւորէ Դպրաց դասու նախագահ եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Վաղը երեկոյեան հայր սուրբը արդէն պիտի մեկնի Երեւան, իսկ խումբը իրեն պիտի միանայ քանի մը օր աւելի ուշ։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն դէմքեր ալ պիտի միանան այս ուղեւորութեան։

Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի եւ միւս ուխտաւորներու բազմանդամ խումբը մօտալուտ պայրամի արձակուրդի օրերը պիտի անցընեն Հայաստանի մէջ։ Երգչախումբի անդամները թէեւ նախապէս զանազան առիթներով այցելած են Հայաստան, սակայն այս հերթական ուղեւորութիւնն ալ խանդավառ նոր առիթ մը կը համարուի իրենց տեսակէտէ։ Մնաց որ, խումբին մէջ կան նաեւ ուխտաւորներ, որոնք առաջին անգամ պիտի տեսնեն Հայաստանը՝ հաղորդ դառնալով երկրի պատմամշակութային ժառանգութեան ու բնական գեղեցկութիւններուն։

Այս ուղեւորութեան ընթացքին Վարդանանց երգչախումբը համերգ մըն ալ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ Սեպտեմբերի 1-ին նախատեսուած է այս ելոյթը՝ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ։ Այս համերգը առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի Երեւանի մէջ ալ պոլսահայերու մասնակցութեամբ նշուի Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի յոբելեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ աշնան Վարդանանց երգչախումբի ընտանիքին կողմէ Յովհաննէս Չեքիճեան մեծարուած էր Իսթանպուլի մէջ։ Սա խորհրդանշական իմաստ ունէր՝ հաշուի առնելով, որ Յովհաննէս Չեքիճեանի գեղարուեստական կեանքէ ներս առաջին քայլերը սերտօրէն առնչուած էին Վարդանանց երգչախումբին հետ։ Հիմա ալ, երգչախումբը մաէսթրոն համերգով մը պիտի մեծարէ Երեւանի մէջ, ուր ան գագաթներ նուաճած է արհեստավարժ կեանքէ ներս։

Բարի ճանապարհ կը մաղթենք Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին։  

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017