ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՆԱՐԵԿ ԵՊՍԿ. ՇԱՔԱՐԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄՆ ՈՒ ԹԱՂՈՒՄԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը վերջին օրերուն հրաժեշտ տուաւ իր նորոգ հանգուցեալ երիցագոյն անդամներէն Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեանին։ Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, իր մարմինը ամփոփուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանական գերեզմանատան մէջ։

Օր մը առաջ, երեկոյեան բարեյիշատակ սրբազանի աճիւնը դրուեցաւ Կիւմրիի Եօթվէրք Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի նախագահութեամբ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ կարգը, որու ընթացքին բազում հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ վերջին հրաժեշտը տուին Նարեկ Սրբազանին։ Երէկ առաւօտ, նոյն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ձեռամբ՝ Սիւնեաց Թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Մակար Վրդ. Յակոբեանի։ Յընթացս Ս. Պատարագի Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան կատարեց հանգուցեալ սրբազանին վերջին օծումը։ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան այս առթիւ ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին խօսքը՝ հոգելոյս սրբազանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան տխուր առթիւ։

Ս. Պատարագի եւ վերջին օծման կարգի աւարտին, հանգուցեալ Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեանի աճիւնը փոխադրուեցաւ Սուրբ Էջմիածին՝ ամփոփուելով Մայր Աթոռի միաբանական գերեզմանատան մէջ։ Թաղման կարգին ներկայ եղաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը, որ աղօթք մըն ալ արտասանեց սրբազանի հողակոյտին վրայ։  

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017