ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹԷ ՁԵՒԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ
Ձեւամոլութիւնը յաճախ քաղաքավարութեան «պարիսպին» տակ կը հանգրուանէ եւ իբրեւ անձեռնմխելի «թաքստոց»՝ երկա՜ր ժամանակ կ՚օգտագործէ զայն։ Քաղաքավարութիւնը փափկանկատութեան գեղեցիկ ծաղիկներէն մէկն ըլլալով, կը փորձէ իր բուրումնաւէտ ծաղիկ-արժէքը բոլորին հասանելի դարձնել։ Ծաղիկ-արժէքը տարբեր գոյներով կը գունազարդէ մարդոց կեանքը, բայց երբեմն մարդիկ իրենց ձեւամոլութեան պատճառով, այդ երփներանգ եւ սպիտակաթոյր ծաղիները սեւամաղձ թոյնով կը ներկեն՝ ամբողջապէս քաղաքավարութիւն կոչուած առաքինազարդ բառը բովանդակազրկելով իր վսեմագոյն իմաստէն։
Նախամարդը քաղաքակրթութեան կամ քաղաքավարութեան կանոններուն երբեք ծանօթ չէր, այլ ան իր կեանքը կ՚ապրէր յարաբերաբար բնութեան եւ շրջապատի մարդոց։ Սակայն յարափոփոխ աշխարհին մէջ ապրելով՝ մարդը զարգացաւ, կենցաղագիտութեան եւ կենցաղավարութեան կանոններ սահմանեց
եւ զանոնք կիրառեց իր կենսընթացին։ Կենցաղագիտութիւնը իրեն հետ քաղաքակրթութիւնը բերաւ, իսկ քաղաքակրթութեան զուգահեռ քաղաքավարութիւն հասկացողութիւնը զարգացաւ։
Քաղաքակրթութիւնը կը դիտարկուէր որպէս բարբարոսութեան յաջորդած հասարակական զարգացման փուլ։ Քաղաքակրթութիւնը, ըստ այդմ, հասարակական եւ քաղաքական կացութիւն է, զոր մարդկային հասարակութեան զարգացման բարձր մակարդակով կը տարբերուէր նախնադարեան բեւեռացած վիճակէն եւ աննպատակ կեանքէն: Ֆրանսացի իմաստասէր-լուսաւորիչները քաղաքակիրթ համարած են բանականութեան եւ արդարամտութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած հասարակութիւնը։ Ուիլ Տուրան քաղաքակրթութեան ամբողջական բանաձեւը սահմանած է՝ ըսելով. «Քաղաքակրթութիւնը մշակութային ստեղծագործման խթանող ընկերային կարգ է։ Ան բաղկացած է չորս տարրերէ՝ տնտեսական ապահովութիւն, քաղաքական կազմակերպում, բարոյական աւանդոյթներ եւ գիտելիքի ու արուեստներու ձգտում: Ան կը սկսի այն ժամանակ, երբ քաոսն ու անապահովութիւնը կը վերջանան: Որովհետեւ, երբ վախը կը յաղթահարուի, ապա հետաքրքրասիրութիւնն ու կառուցողականութիւնը կ՚ազատուին, իսկ մարդը բնական մղումով կ՚անցնի ճանաչողութեան, բարեկարգութեան եւ քաղաքավարութեան կանոններուն»։
Քաղաքավարութիւնը մարդու պահուածքի եւ արարքներու զսպանակն է, որ յստակ կանոններ կը թելադրէ տուեալ իրավիճակի համար: Քաղաքավարութիւնը մարդու վարքագիծը կարգավորող, անոր արարքները ուղղորդող, բարութեան գնահատման չափանիշները հաստատող սկզբունքն է։ Ան իր կանոնները տարածած է ամէնուրեք՝ տան, ընկերային միջավայրէն, աշխատավայրէն ներս՝ մարդու վարուելակերպն ու պահուածքը յղկելով իր անժամանցելի քուրային մէջ։ Ուր մարդ կայ, քաղաքավարութիւնն ալ այնտեղ իբրեւ լուռ, յուշարար ու բարի հիւր ներկայ կ՚ըլլայ, որպէսզի արարքներդ լաւապէս չափաւորես եւ մարդավայել ձեւով մտածումներդ ու խօսքերդ արտաբերես։
Երեխան երբ կը ծնի՝ սկզբնական շրջանին աշխարհը որպէս քաոս կ՚ընկալէ։ Այդ «աննկարագրելի» թուացող քաոսին մէջ աստիճանաբար կը սորվի օրինաչափութիւններ եւ իմաստ տես նել: Երեխան փոքր տարիքէն օրէնքին ծանօթացնելով, անոր մէջ օրինապաշտութիւն եւ կարգապահութիւն հունտերը ցանելով՝ ո՛չ միայն անոր ապագան կը բարելաւես, այլեւ իսկական մարդ-տիպարը կը կերտես։ Երեխաներու մօտ բարեկիրթ վարք ձեւաւորելու լաւագոյն տարբերակը անոնց համար օրինակ ծառայելն է: Եթէ ծնողները խելամիտ եւ բնականոն վարքագիծ դրսեւորող անձեր են, այն ատեն երեխան իր ծնողներէն տեսած քաղաքավարութեան կանոնները ու շարժուձեւերը կ՚ընդօրինակէ եւ հեշտութեամբ կը սորվի։
Ծնողներ կան, որոնք կարծրատիպացած մտայնութեամբ կ՚ուզեն իրենց զաւակը դաստիարակել։ Ըստ անոնց, եթէ երեխային քաղաքավարութեան կանոններն ու բարեկիրթ շարժուձեւերը շուտով չսորվեցնես, ապա յետագային դաստիարակութիւնը շատ աւելի դժուար բնոյթ կրնայ ստանալ։ Մանկավարժական փորձը ցոյց կու տայ, որ երեխային որեւէ մէկ բան սորվեցնելը աւելի դիւրին է միայն այն ժամանակ, երբ ան արդէն կեանքի երեւոյթները ճանչնալու եւ զանազանելու ունակութիւնը ձեռք կը բերէ: Առաջին երեք տարիներուն երեխայի անմիջականութիւնը շատ մեծ կ՚ըլլայ. իսկ հասարակական հետաքրքրութիւնները՝ չափազանց թոյլ, որոնց պատճառաւ ալ չի կրնար քաղաքավարութեան կանոնները լաւապէս հասկնալ եւ իւրացնել։ Ծնողներ երբ կը փորձեն երեխային մէջ հապշտապ բարեկիրթ շարժուձեւեր ձեւաւորել՝ ի հաշիւ մանկական անմիջականութեան եւ անաղարտ զգացումներուն, խորքին մէջ անոր պահուածքը խաթարած կ՚ըլլան: Այդպիսի երեխան, անկասկած, քաղաքավար երեխայ մը կը դառնայ, բայց ապագային անոր մէջ ճնշուածութեան, կամազրկութեան եւ ուրիշին ենթարկուելու սովորոյթները յառաջ կու գան:
Կայ տակաւին վտանգաւոր երեւոյթ մը եւս, որուն մեծագոյն դերակատարը ծնողքը ի՛նքն է։ Որեւէ պաշտօնական ընդունելութեան կամ հանդիպման ժամանակ ծնողքը ինքնզինք անթերի կը պահէ. բայց տան մէջ բոլոր մշակուած առերեւոյթ շարժուձեւերը մէկ անգամէն յօդս կը ցնդին։ Մինչդեռ տան մէջ է, որ հայրն ու մայրը իրենց երեխային սիրոյն պէտք է օրինակելի ու պարկեշտ վարք դրսեւորեն եւ ոչ թէ ձեւամոլութեան կուռք դառնան։ Երեխան տան մէջ գոյութիւն ունեցող երկու ներհակ վարուելակերպերու հիմնապատճառները չի հասկնար, սակայն իր ենթագիտակցութիւնը այդ բոլորը անզգալաբար կ՚արձանագրէ եւ անկիւնի մը վրայ կը զետեղէ։ Ծնողներ կը կարծեն, որ իրենց զաւակը միայն դաստիարակութեան լաւագոյն դրսեւորումները կ՚ընդօրինակէ, սակայն իսկութեան մէջ անոնք իրենց երեխային միաժամանակ թէ՛ դաստիարակութիւն եւ թէ ԱՆԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ կը սորվեցնեն։
Քաղաքավարութիւնը մարդու կրթուածութեան մեծագոյն վկան է։ Եթէ քաղաքավար ես, կը նշանակէ դաստիարակուած, բարի եւ խոհուն անձնաւորութիւն մըն ես։ Քաղաքավարութեամբ եւ սիրով մղուած մարդը իր ընկերը չ՚անուանարկեր. այլ անոր օգնութեան ձեռք կը կարկառէ։ Քաղաքավար մարդը ազնիւ ու քաղցրաբարոյ կ՚ըլլայ եւ քնքշութեամբ կը վարուի իր բարեկամին հետ։ Քաղաքավար-խաղաղասէր երիտասարդը ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւն մշակելու կէտեր ու ձեւեր կը փնտռէ։ Նոյնիսկ երբ մարդիկ կոպիտ ըլլան. քաղաքավար-երկայնամիտ անհատը հանդարտ կը մնայ ու կոպտութեամբ չի՛ հակադարձեր։ Քաղաքավար-կրթուած մարդը փափկանկատ կ՚ըլլայ եւ դիմացինը անհարկի չի՛ վիրաւորեր, այլ սխալը ցոյց տալով՝ կ՚ուղղէ զինք։ Սերվանտէս խօսելով քաղաքավարութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Աւելի լաւ է քաղաքավարութեան չափը անցնիլ. քան՝ պակսեցնել»: Իսկ Մոնտեկյու քաղաքավարութեան ինչութիւնը կը բնութագրէ՝ ըսելով. «Քաղաքավարութիւնը բան մը չ՚արժեր, բայց շատ բան կու տայ»։
Քաղաքակրթուած դարու մը չէ որ կ՚ապրինք, բայց արդեօք բոլորս քաղաքակիրթ-ազնուախոհնե՞ր ենք։ Երբ մարդոց հարց տաս, թէ քաղաքավա՞ր են եւ քաղաքավարութեան կանոնները ուսա՞ծ են. անոնցմէ 80 տոկոսը վստահաբար քաղաքավարութեան կանոնները «ջատագովողն» ու «կիրառողն» է։ Այսօրուայ հասարակայնացած աշխարհին մէջ բազմակի օրինաչափութիւններ ու արժեհամակարգեր դժբախտաբար չարաշահուած են եւ իրենց իմաստը ամբողջապէս կորսնցուցած։ Քաղաքավարութիւնը դարձած է ձեւամոլութիւն եւ խաղաքարտ, օգնութիւնը՝ երեւութապաշտութիւն, յարգանքը՝ կեղծպարիշտութիւն, նուիրուածութիւնը՝ շահամոլութիւն, առաքինութիւնը՝ մոլութիւն, գթասրտութիւնը՝ կարծրասրտութիւն…։
Յաճախ տեսնուած են մարդիկ, որոնք մանուկ հասակէն ծնողներու պարտադրանքով եւ նամանաւանդ արբեցող եւ ծոյլ հօր պատճառով գործի ասպարէզ նետուած են՝ իրենց տան օրապահիկը ճարելու համար։ Սակայն նման երեխաներ, իրենց խղճի ձայնին հետեւելով եւ բարիին հետամուտ ըլլալով՝ քաղաքավարութեան կանոնները ինքնուրոյն սորված են։ Ինքնաբուխ քաղաքավարութիւնը անկեղծ եւ թափանցիկ կ՚ըլլայ, մինչդեռ ձեւամոլութեան տիղմին մէջ խրած քաղաքավարութիւնը ապիկարութիւն, անճարակութիւն եւ ապաշնորհութիւն է։ Ձեւամոլութենէն առաջ եկած քաղաքավարութիւնը անքաղաքավարութիւն եւ անհաճոյութիւն է, որ բազմաթիւ թերութեանց «խորիսխ»ն է։ Այդ «խորիսխը» ձեւամոլութեան մոմով հանդերձ, կպչուն է եւ դժուար բեկանելի։ Անկեղծ քաղաքավարութիւնը մաքուր եւ անարատ մեղրի նման իր այժմէականութիւնը եւ քաղցրութիւնը պահպանող կենսաոճ է, իսկ ձեւամոլութիւն-քաղաքավարութիւնը արհեստական քաղցրութիւն ունեցող մեղրի պէս արտաքուստ գեղեցիկ է, սակայն ի ներքուստ՝ անհամ ու վնասակար։
Աստուածաշունչը բարոյագիտութեան մեծագոյն օրինագիրքն է, զոր միաժամանակ մարդուս մէջ կը ներդնէ քաղաքավարութեան կանոնները։ Աստուած քաղաքավարութեան կատարեալ օրինակն է։ Աբրահամի ու Մովսէսի հետ խօսած ատեն. Աստուած եբրայերէն բառ մը գործածեց. որ յաճախ կը թարգմանուի՝ «հաճիս» (Հմմտ. Ծն 13.14. Ել 4.6)։ Երբ Իր ձեռնասունները չարին ճանապարհներուն մէջ կը դեգերին. Աստուած զիրենք երեսի վրայ չի՛ ձգեր, այլ կը մնայ նոյն գթած, ողորմած, երկայնամիտ, ողորմութեամբ եւ ճշմարտութեամբ լեցուն Հայրը (Հմմտ. Սղ 86.15)։ Քրիստոս նոյնպէս միշտ բորոտներու, կոյր մուրացկաններու, կարօտեալներու կողքին էր եւ միշտ պատրաստ էր զիրենք լսելու։ Աստուածորդին զանոնք երբեք չանտեսեց, այլ ընդհակառակը, յաճախ Իր խօսքը կը դադրեցնէր, որպէսզի նեղ կացութեան մատնուած անհատին օգնէր (Հմմտ. Մր 5.30-34, Ղկ 18.35-41)։ Պօղոս առաքեալ մարդու խօսքի կշիռին մասին խօսելով՝ կը յանձնարարէ. «Ձեր խօսքերը միշտ շնորհալի թող ըլլան, աղով համեմուած, եւ գիտցէք՝ ի՛նչպէս պէտք է պատասխանէք իւրաքանչիւր մարդու» (Կղ 4.6)։
Պոլսահայ գրականութեան ամենէն վառ դէմքերէն էր Յակոբ Պարոնեանը։ Իր մահուան ժամանակ անոր գրպանին մէջէն սոխ մը գտնուած էր։ Պարոնեան ճշմարտախօսութեան ջատագովն էր եւ կը փորձէր իր ժամանակի մարդոց կեղծաւորութիւնը, ցուցամոլութիւնն ու ձեւապաշտութիւնը մատնացոյց ընել՝ «իր մատը վէրքին վրայ դնելով»։ Անմահանուն երգիծաբանին բոլոր գիրքերը իւրայատուկ են ու խօսուն, սակայն «Քաղաքավարութեան վնասները» գիրքը այսօ՛ր եւս իր արդիականութիւնը կը պահէ եւ շատերուս փոխանցելիք խօսք մը ունի։ Հեղինակը իր գիրքին մէջ վեր առած է այն կոպիտ մարդոց վարքագիծը, որոնք բարեացակամութիւնդ շահագործելով հանդերձ՝ քաղաքավարութիւնդ կ՚օգտագործեն եւ կ՚ուզեն իրենց ուզածը կատարել։ Այստեղ կ՚արժէ հատ-ւած մը մէջբերել այդ ադամանդեայ տողերէն՝ հասկնալու համար, որ քաղաքավարութիւնը միայն ձեւամոլութեամբ «չի փոխակերպուիր», այլեւ յաճախ «կը քարկոծէ» քեզ։
Գասպար աղան կը նստի աթոռին վրայ։
Սափրիչն ատենական գործողութիւնները կատարելէն ետքը կը սապոնէ իր նոր յաճախորդն եւ կը դիմէ իր զէնքերուն։
-Քեզի սա կ՚աղաչեմ որ ածելիդ սուր ըլլայ. որովհետեւ իմ մօրուքս քիչ մը սէրթ է. վերջը դուն ալ կը չարչարուիս ես ալ։
-Հանգիստ եղէք.- կը պատաախանէ սափրիչը,- սուր ածելի մը ընտրելու երեւոյթն ունենալով։
-Գիտնալու էք. որ բերտահ ալ չեմ ուզեր. սանկ վրայէն թեթեւ կերպով անցնելու ձգելու է։
-Ճանըմ հոգ մ՚ընէք. սափրիչ կայ սափրիչ ալ կայ.- ածելիով սպասազինեալ կը մօտենայ Գասպար աղային։
-Շատ աղէկ։
-Գլուխդ սանկ դիր նայիմ։
-Դրինք։
Գործողութիւնը կը սկսի. որուն անմիջապէս կը յաջորդէ արիւնահեղութիւնը։
-Կտրեցիր եղբայրս. կամաց ըրէ քիչ մը։
-Պզտիկ չիպան մը կար հոն. ան արունեցաւ. չօլբա պէրպէրին թրաշ եղեր ես։
-Ասդին ալ կտրուեցաւ։
-Հոն ալ մազը ծուռ բուսեր էր. անանկ պէրպէր մ՚ունիս եղեր որ…։
-Ծնօտիս վրա՞ն հապա…։
-Ծնօտդ կէրկի բռնեցիր տէ՛ անկից եղաւ։ Մի՛ վախնար դուն. ես զանոնք հիմա քիչ մը բամպակով կը թխմեմ։
-Վազ անցայ. պապամ. հոգիս ցաւեցաւ. երեսս կրակի պէս կ՚եռիկոր։
-Սանկ թեթեւ բերտահ մ՚ընեմ ու երեսդ անուշահոտ քացախով լուամ նէ. կ՚անցնի. բան չի մնար։
-Չեմ ռւզեր բերտահ. չեմ ուզեր. լմնցուր։
-Առանց բերտահի չ՚ըլլար։
-Ճանըմ գլուխն ի՞մս չէ մի։
-Գլուխդ քուկդ է. բայց ամէն խանութ պատիւ մ՚ունի. ածիլուելու մազեր կան տակաւին երեսիդ վրայ ասդին անդին։ Ասանկ ձգելն մեզի անպատուութիւն է։ Դուն սանկ դիր գլուխդ եւ հանգիստ եղիր։
-Պէ ճանըմ զօրով զիս տանջե՞լ կ՚ուզես։ Ի՞նչ ըսել է աս. ես քու խաղալի՞քդ եմ. պատիւդ պաշտպանելու համար իմ երե՞սս ընտրեցիր ասպարէզ. դահիճի պէս գլուխս տնկուեր կեցեր ես։
-Բարկացած կ՚երեւաք կոր. անոր համար չեմ ուզեր պատասխանել, միայն կ՚աղաչեմ որ քիչ մը համբերէք ու լմնցնենք սա գործը։
Սափրիչը կը յաջողի նստեցնել Գասպար աղան, որ գլուխն սափրիչին տրամադրութեանը տակ դրած անոր ածելիին քերթուածներուն վանկերը կը համրէ ակռաները սխմելով։ Բայց վերջապէս համբերութիւնը կը հատնի եւ յանկարծ աթոռէն կը ցատկէ.
-Հերիք պէ մարդ. հերիք. արեան մէջ ձգեցիր երեսս,- ըսելով կը պոռայ։
Սիրելի՛ ընթերցող, քաղաքավարութիւնը մարդոց վերաբերմունքին գլխաւոր բանալին է, որ շատ մը դժուար դռներ կը բանայ եւ անլուծելի հարցերը փափկութեամբ կը լուծէ։ Անկեղծ եւ անխարդախ քաղաքավարութիւնը արձակուրդ չունի եւ օրն ի բուն գործի վրայ է, իսկ ձեւամոլ մարդը մանրուքներու մէջ կորսուելով՝ քաղաքավարութիւն հասկացողութիւնը ո՛չ միայն կը խեղաթիւրէ, այլ երեւոյթին ակնապիշ նայելով՝ անոր ետեւէն կ՚երթայ։ Ձեւականութիւնը չունի՛ խորք ու էոյթ, այլ միայն փոշիացան երեւոյթ մըն է, որ քամիին դիմացն անգամ չի՛ դիմանար եւ բոլոր ձեւական տարազաւորումները վայրկեանի մը մէջ կը կորսնցնէ։ Ժան ժագ Ռուսօ կ՚ըսէ. «Իսկական քաղաքավարութիւնը բարեացակամ վերաբերմունքն է մարդոց նկատմամբ»։
Քաղաքավար եղիր, բայց ամէն բանէ առաջ խորք ունեցիր եւ անկեղծութիւնը մշտակայ հենքդ դարձուր, որպէսզի ձեւամոլութիւնը քեզ չկուրցնէ եւ ապա կուլ չտայ…։ Քաղաքավարութիւնդ ձեւամոլութեան մի՛ փոխակերպեր…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ