ՄԻՇՏ ՈՒՐԻՇԸ ՄԵՂԱԴՐՈՂՆԵՐ

Կեանքի մէջ որքան կը պատահին յաջողութիւններ, նո՛յնքան ալ կը պատահին ձախողանքներ. ասիկա բնական է, քանի որ կեանքը ելեւէջներու ընթացք մըն է։ Ուրախութիւններ եւ տրտմութիւններ, հաճոյալի պահեր եւ նեղութիւններ, եւ զանազան հոգեվիճակներ միշտ կը պատահին։ Կեանքը միօրինակ ընթացք մը չէ՛ երբեք։

Եւ քանի որ կեանքը միակերպ չէ իր ընթացքին մէջ, ապա ուրեմն ամէն փոփոխութիւն պէտք է բնական նկատուի։ Մարդ տեւական յաջող, տեւական ուրախ չի կրնար ըլլալ, երանի թէ ըլլար, բայց այն ատեն ասիկա «կեանք» չէր ըլլար։

Այս պատճառով է որ կ՚ըսուի, թէ՝ կեանքը պայքա՛ր մըն է, ուր տեւապէս հակադիր ուժեր կ՚ազդեն եւ ընթացքը կ՚որոշեն կեանքին։

Այսուհանդերձ, կան մարդիկ, որոնք միշտ կը ձախողին՝ միշտ դժբախտ են, երբեք ուրախ պահ մը չունին, միշտ տրտում, միշտ տխուր կեանք մը կ՚ապրին։ Անոնցմէ շատեր դժգոհութիւն կը յայտնեն իրենց կեանքին նկատմամբ, եւ քիչեր կ՚ընդունին իրենց վիճակը, անշուշտ որ գոհ չեն, բայց տեւական ալ չեն գանգատիր։

Կարելի է հարցնել՝ գանգատի՞լ, դժգոհութիւն յայտնել՝ եւ ո՛չինչ ընել, չպայքարիլ՝ այդ վիճակէն փրկուելու համար, թէ ընդունիլ ներկայ վիճակը, չգանգատիլ, եւ կերպով մը անտարբեր մնալ դժբախտութեան։

Կարծեմ երկուքն ալ հակառա՛կ է մարդկային արժանապատուութեան. մարդ պէտք է պայքարի, ջանայ փրկուելու համար, որքան որ կարելի է անշուշտ։ Արդարեւ, միայն գանգատիլ եւ դժգոհութիւն յայտնել լուծում մը չի բերեր, նոյնպէս անտարբեր մնալ, վիճակը ընդունիլ՝ այդ ալ դարման մը չէ ձախողութիւնները յաջողութեան վերածելու համար։

Եւ բոլոր այս վարմունքներու մէջ կայ խումբ մը՝ որ տեւապէս ձախողանքի կը մատնուի, միշտ դժբախտ է, միշտ կը գանգատի եւ իր դժբախտութեան որպէս պատճառ՝ մի՛շտ ուրիշները կը մեղադրէ։ Ահաւասիկ ասիկա, չըսելու համար ախտաւոր վիճակ, անբնակա՛ն է, քանի որ մէկու մը դժբախտութենէն ուրիշ մէկը պատասխանատու նկատել հակառա՛կ է բանականութեան։ Մարդ, խորհելու, դատելու, որոշելու կարողութեամբ օժտուած, ազատ կամքով շարժող բանաւոր էակ մըն է եւ ուրեմն, իր արարքներէն եւ անոնց արդիւնքներէն ի՛նք պատասխանատու պէտք է ըլլայ։

Անշուշտ կան պարագաներ, ուր իր կարողութենէն եւ տարողութենէն դուրս կ՚ընթանան եւ մարդ չի՛ կրնար հակակշռել պատահարները, բայց ընդհանրապէս ի՛նք է իր արարքնրուն եւ անոնց հետեւանքներուն պատասխանատո՛ւն։

Եւ քանի որ մարդ, ընդհանրապէս ի՛նք կը մտածէ, կը դատէ եւ ըստ այնմ կը գործէ, ի՛նքն է պատասխանատուն իր արարքներուն։ Զոր օրինակ՝ ձախողութիւն մը մեծ մասամբ հետեւանքն է ենթակային որեւէ թերութեանը, տկարութեանը եւ կամ սխալ գործունէութեանը։ Ապա ուրեմն, կարելի՞ է մեղադրել, ամբաստանել ուրիշները իր ենթարկուած ձախողութեանը կամ դժբախտութեանը պատճառով։

Բայց ինչպէ՞ս բացատրել անոնց ընթացքը այս մասին, որոնք իրենց ձախողութիւնները միշտ կը վերագրեն ուրիշի մը եւ կը մեղադրեն զայն որպէս պատասխանատու իրենց դժբախտութեան։

Արդարեւ, մարդ ամէն բանէ առաջ, պէտք է ինքնաքննութիւն մը կատարէ, եւ անկեղծօրէն փնտռէ, թէ ի՛նք ո՞րքան պատճառ եղած է իր ձախողութեան. ի՞նչ ըրած է կամ ի՞նչ չէ ըրած յաջողելու համար, իր թերութիւնները, տկարութիւնները պէտք է որոշէ եւ ապա ուրիշը մեղադրէ եւ ամբաստանէ։ Անշուշտ կրնան պատահիլ որ ուրիշի մը միջամտութեամբ ձախողութիւն մը, դժբախտութիւն մը պատահի, բնակա՛ն է ասիկա, բայց ո՛չ տեւական, եւ ո՛չ ամէն ձախողութեան կամ դժբախտութեան պարագային։

Մարդիկ, ընդհանրապէս դիւրին կողմը կը նախընտրեն ձախողանքի մը պարագային՝ ուրիշը մեղադրել, ուրիշը պատասխանատու նկատել, եւ կերպով մը քօղարկել իրենց թերութիւնները եւ տկարութիւնները։ Բայց չեն խորհիր, որ ասիկա պատճառ կ՚ըլլայ աւելի մեծ դժբախտութիւններու եւ ձախողանքներու, քանի որ ծածկելով իրենց թերութիւնները եւ տկարութիւնները, տեւապէս կը կրկնուին անոնք։ Եւ այս պատճառով է, որ այս մտայնութիւնը ունեցողներ ամէն ձախողութեան պարագայի, «նոր պատասխանատու» մը կը գտնեն եւ տեւապէս կը մեղադրեն ուրիշները։

Մինչդեռ ազնիւ եւ առաքինի մարդը այն է՝ որ անկեղծ է, չի ծածկեր, չի քօղարկեր իր թերութիւնը, տկարութիւնը՝ քաջութիւնը կ՚ունենայ հրապարակել զանոնք, ինչ որ իր օգտին համար ընելու է՝ թէ՛ սրբագրուելու համար, եւ թէ՝ ազնիւ անձնաւորութիւն մը, զօրաւոր նկարագրի տէր մէկը ըլլալը իր շուրջիններուն ցոյց տալու համար։

Արդարեւ, բնազդ մըն է ուրիշը մեղադրել ի՛ր սխալին, իրեն պատահած դժբախտութեանը համար։ Բայց աւելի լաւ չ՚ըլլա՞ր քաջ եւ անկեղծ ըլլալ՝ ընդունիլ ի՛ր իսկ սխալը, եւ ջանալ սրբագրելու զայն, հոգ չէ թէ ոմանք մեղադրեն զինք այս պատճառով։ Բայց բարեպատեհ առիթ մը կ՚ըլլայ սրբագ-րըւելու եւ չկրկնելու այդ եւ անոր նման սխալները։

Անկեղծութիւնը ազնուութի՛ւն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 21, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017