ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան օրհնութեան գիր մը ուղարկեց Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ օրհնութեան գիրը, զոր ընթերցեց դպրապետ Սեդրակ Սարկաւագ Տավութհան։
*
Հոգեւոր ուրախութիւն է մեզի համար, թէ քաղաքիս Ֆէրիգիւղ թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ համանուն դպրաց դաս-երգչախումբը իր կազմութեան 85-ամեակի ծիրէն ներս կ՚այցելէ Հայաստան եւ Սփիւռքի նախարարութեան մեկենասութեամբ կը սարքէ մեծարանքի համերգ մը, ի պատիւ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի։
Իսթանպուլահայ իրականութեան մէջ կարեւոր է դերը դպրաց դաս-երգչախումբերու, որոնք մեր եկեղեցիներու շրջափակներուն մէջ կը գործեն ի փառս Աստուծոյ, ի շինութիւն եկեղեցիներու եւ ի մխիթարութիւն հաւատացեալ ժողովուրդի։ Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը ծանօթ է իր բազմաբեղուն գործունէութեամբ, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ աշխարհիկ երաժշտութեանց զոյգ ոլորտներէն ներս։ Մենք արդար հպարտութեամբ կ՚արձանագրենք անդամներու երաժշտական վաստակը, որ ամէն առթիւ արձագանգ գտած է ու կը գտնէ հայ եւ օտար շրջանակներու մօտ։
Այսօր, Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի ղեկավարութեան ներքեւ հասած է նախանձելի եւ պատուաբեր դիրքի մը, մանաւանդ արտասահմանի հանրածանօթ սրահներու մէջ միջազգային փառատօներու մասնակցութեամբ, տիրաբար մեկնաբանելով դասական, ժողովրդական եւ հոգեւոր ստեղծագործութիւններ։ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի պատմութեան այս հանգրուանը կ՚ողջունենք գոհունակութեամբ եւ յանձին իր նախագահին՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, կը շնորհաւորենք տնօրէն խորհուրդը եւ բոլոր անդամները։ Աստուած իրենց պարգեւէ ուժ եւ կարողութիւն ու անսպառ եռանդ, որպէսզի նոյն ոգիով շարունակեն իրենց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։
Ուրախութիւն է մեզի համար անդրադառնալ նաեւ, թէ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած սոյն համերգով կը ներկայանայ երաժշտասէր հանրութեան։ Հանրածանօթ մաէսթրօն իր երաժշտական վաստակով արժանացած է բազմաթիւ գնահատականներու եւ զանոնք կը կրէ իր կուրծքին վրայ։ Մեծատաղանդ երաժշտագէտը կը շարունակէ մնալ իր երաժշտական գործունէութեան պատնէշին վրայ, հպարտութիւն առթելով մեր ժողովուրդին։ Մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան օտար անուն մը չէ իսթանպուլահայ համայնքին համար։ Ան մեր քաղաքացին է։ Հին սերունդի պատկանող անձեր կը վկայեն իր երաժշտական գործունէութեան, մանաւանդ երգչախմբային աշխատութեանց մասին։ Հոգեւոր ուրախութեամբ կ՚ողջունենք մեծանուն երաժշտագէտը, իր ծննդեան 90-ամեակին առթիւ ու իրեն կը մաղթենք քաջառողջ կեանք։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռէն երաժշտասէր հասարակութեան կ՚առաքենք մեր ողջոյնները։ Վստահ ենք, թէ հանդիսատեսներ պիտի խանդավառուին սոյն համերգով։
Ողջ լերուք ի խնամս Տեառն։ Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ։