ԳԻՐՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ

Այսօր՝ 5 Սեպտեմբերին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ - AGBU) Լոնտոնի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ Լոնտոնի «Սոհօ» պանդոկի ցուցադրութիւններու սրահին մէջ կը կայանայ «Ոսկան Երեւանցի» շարժանկարի ցուցադրութիւնը: Այս շարժանկարը TES սթիւտիոյի եւ Մխիթարեան միաբանութեան համատեղ արտադրանքն է, որ պատրաստուած է բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանի, բեմագրութեան հեղինակ, հրապարակախօս Վահրամ Մարտիրոսեանի եւ արտադրիչ Նուէր Մնացականեանի համատեղ ջանքերով:

Ինչպէս արդէն խորագիրէն յայտնի է՝ շարժանկարը կը պատմէ հայ հոգեւորական, մշակութային գործիչ, տպագրիչ եւ լեզուաբան Ոսկան Երեւանցիի մասին, որուն ջանքերով 1666-1668 թուականներուն Ամսթերտամի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տպագրատան մէջ հրատարակուեցաւ հայերէն առաջին Աստուածաշունչ մատեանը։ Ամսթերտամի մէջ տպագրուած այս մատեանը կը նկատուի հայ հին տպագրութեան լաւագոյն նմոյշներէն մին: Երկու տարի տեւած տպագրութենէն ետք օտար գիտնականներ հայերէնի թարգմանուած առաջին Աւետարանը կոչեցին «Թագուհի թարգմանութեանց»:

Շարժանկարին մէջ, ինչպէս տեղեկացանք բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանէն, լաւագոյնս կ՚երեւի հայ հնագոյն տպագրութեան մէջ իր անփոխարինելի դերը ունեցող Ոսկան Երեւանցիի գործունէութիւնը, անոր կատարած գործին մեծագոյն արժէքը…

Լոնտոնի ցուցադրութենէն առաջ բեմադրիչ Յակոբ Փափազեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին այլ մանրամասնութիւններ հաղորդեց շարժանկարին մասին, ինչպէս նաեւ տեղեկացուց, որ շարժանկարը եռամաս ստեղծագործութեան մը մէկ մասն է: Ան «Գիրք հայրենիքը» խորագրեալ եռագրութեան երեք շարժանկարներէն մին է: Յակոբ Փափազեանի պատրաստած միւս երկու շարժանկարներէն առաջինը հայ առաջին տպագրիչ, հայ տպագրութեան սկզբնաւորող Յակոբ Մեղապարտի մասին է, յաջորդը՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցական գործիչ, հայագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի:

Անդրադառնալով հայոց մշակոյթին, պատմութեան, տպագրութեան մէջ անփոխարինելի դեր ունեցած մեծերուն, Յակոբ Փափազեան ըսաւ, որ առաջին անգամ փորձ կատարուած է այլ տեսանկիւնէ մօտենալ հայոց մեծերուն ու անոնց գործը նոր ժամանակներու լոյսին ներքոյ ներկայացնել ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ՝ օտարներուն։ «Յակոբ Մեղապարտի մասին պատրաստած ենք 38 վայրկեաննոց շարժանկար մը, ուր կրցած ենք պատմական փաստերու եւ այլ տեղեկութիւններու, վաւերագրական նիւթերու վրայ յենլով ցոյց տալ, անոր կեանքն ու գործը՝ «Ուրբաթագիրք»էն մինչեւ միւս հրատարակուած գիրքերը: Ցոյց տուած ենք, թէ այդ օրերուն ո՞ւր էր աշխարհը եւ ինչպէ՞ս հայերը յաջողած են տպագրութեան սկսիլ», ըսաւ «Գիրք հայրենիքը» եռագրութեան բեմադրիչը:

Յակոբ Մեղապարտի մասին շարժանկարը տակաւին չէ ցուցադրուած, իսկ, ահաւասիկ Մխիթար Սեբաստացիի մասին շարժանկարը 8 Սեպտեմբերին պիտի ցուցադրուի Վենետիկի մէջ: Բեմադրիչը տեղեկացուց, որ Մխիթար Սեբաստացի շարժանկարի ցուցադրութիւնը ընդգրկուած է Ս. Ղազար կղզիի 300-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրէն ներս, եւ ան եւս արտադրուած է Մխիթարեան միաբանութեան աջակցութեամբ: Շարժանկարներու բնօրինակ լեզուն հայերէնն է, բայց լոնտոնեան ցուցադրութեան համար Ոսկան Երեւանցի շարժանկարը թարգմանուած է անգլերէնի, իսկ վատիկանեան ցուցադրութեան համար Մխիթար Սեբաստացին՝ իտալերէնի, թէեւ վերջին շարժանկարը անգլերէնի թարգմանութիւն ալ ունի: Բեմադրիչը փափաք ունի, որ շարժանկարները թարգմանուին ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, այլ լեզուներու, եւ անոնք հասանելի ըլլան աւելի շատ թիւով օտար հանդիսականի:

Ինչպէս Յակոբ Փափազեան ըսաւ, հայութեան հոգեւոր ժառանգութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ այլ երկիրներու եւ այլ մշակոյթներու վրայ եւ համաշխարհային մշակոյթի, արուեստի, տպագրութեան զարգացման մաս կը կազմէ, ուստի կ՚արժէ, որ ոչ միայն հայեր ծանօթանան նշուած գործիչներու կեանքին:

«Յակոբ Մեղապարտ Վենետիկի մէջ 1512 թուականին երբ տպագրեց առաջին հայերէն գիրքը, հայերէն գրատպութեան մենաշնորհը կը պատկանէր ուրիշ տեղացի գրավաճառի մը, որմէ կէս դար անց Հռոմ եկաւ Աբգար Դպիրը՝ Հայաստանի անկախութեան համար պայքարի դաշնակիցներ գտնելու առաքելութեամբ, բայց, յաջողութեան չհասնելով, շարունակեց իր նախորդին գործը՝ կերտել «Գիրք հայրենիքը»», ըսաւ «Գիրք հայրենիքը» եռագրութեան բեմադրիչը:

Յակոբ Փափազեան յայտնեց, որ փափաք ունէր, որ Ոսկան Երեւանցիի մասին շարժանկարը ցուցադրուէր Ամսթերտամի մէջ, այն վայրին մէջ, ուր ծնունդ առած է «Թարգուհի թարգմանութեանց»ը, սակայն կարգ մը պատճառներով չէ յաջողած, ահասաւիկ առաջին ցուցադրութիւնը պիտի կայանայ Լոնտոնի մէջ: Ինչպէս տեղեկացանք՝ ցուցադրութեան հրաւիրուած են Լոնտոնի մօտ գործող դիւանագէտներ, օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, հայ եւ այլազգի նշանաւոր գործիչներ: «Իր ըրած գործին արժէքը անգին է: Ոչ մէկը յաջողեցաւ Աստուածաշունչ տպել եւ Ոսկան Երեւանցին կրցաւ զայն տպագրել: Իմ պատրաստած այս շարքը առհասարակ հայ գրատպութեան տաղանդի մասին է, թէ ինչպէս այդ գործիչները, մեծագոյն դժուարութիւններ յաղթահարելով, արտօնութիւններ ստանալով, հայկական հնարքներ գործադրելով հասան այդ սուրբ գործին», ըսաւ բեմադրիչը:

Ոսկան Երեւանցի շարժանկարը ընդգրկուած էր այս տարուան «Ոսկէ ծիրան»ի արտամրցութային «Հայեր. հայեացք ներսէն եւ դուրսէն» ծրագրին մէջ, բայց քանի որ նոյն ծրագրին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ սեռական փոքրամասնութիւններու մասին պատմող շարժանկարներ, եւ վերջինիս ցուցադրումը կասեցուեցաւ, ուստի ամբողջ ծրագիրը հանուեցաւ ներառեալ՝ Ոսկան Երեւանցիի մասին շարժանկարը:

Յակոբ Փափազեան տեղեկացուց, որ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի 350-ամեակի միջոցառումները տակաւին կը շարունակուին, քանի որ անոր տպագրութիւնը 1666-1668-ի միջեւ է, ուրեմն յոբելեանական շրջանը ընթացքի մէջ է, եւ շարժանկարը կրնայ իր ցուցադրութիւնները այդ առթիւ շարունակել աշխարհի տարածքին:

«Ոչ միայն այս, այլ նաեւ «Գիրք հայրենիքը» եռագրութեան միւս հատուածներուն մէջ մենք մեր հերոսներուն շարժանկարային արուեստի հնարքներով կենդանութիւն հաղորդած ենք, ժամանակակից փաստավաւերագրութեան ձեւաչափին մէջ նկարահանած ենք, դերասաններ կերպաւորած ենք… Նկարած ենք գիրքերու բնօրինակները, Ոսկան Երեւանցիի բերած տառաձեւերը, Մխիթար աբբահօր մասին շարժանկարին մէջ հնարաւորութիւն ունեցած ենք գործածելու անոր ժամացոյցը, հագուստը, այլ պահպանուած մասունքներ… Մեզի տրուեցաւ այդ հնարաւորութիւնը, որուն համար շնորհակալ ենք», ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց բեմադրիչ Յակոբ Փափազեան, եւ խօսելով Մխիթարեան միաբանութեան աջակցութեան մասին, չմոռցաւ նշել նաեւ «Վիվասել»ի հովանաւորութիւնը:

Եւ աւարտին՝ շարժանկարի հեղինակներուն մասին. Վահրամ Մարտիրոսեանը ծանօթ հրապարակախօս է, գիրքերու եւ աշխատութիւններու հեղինակ, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն կը զբաղի բեմագրութիւններով: Նուէր Մնացականեան Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան նախկին աշխատակից է, խօսնակ, իսկ Յակոբ Փափազեան՝ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան լրատուական ծրագրերուն մէջ լուրերու թողարկման սպասարկող անձնակազմին մէջ կը պաշտօնավարէ:

ԴԵԳԵՐՈՒՄՆԵՐ

Ոսկան Երեւանցի Ղլիճենցը մեր մշակոյթի, հայ գիրքի ամենէն լուսաւոր դէմքերէն կարելի է նկատել, որուն ապրած կեանքը հայ երախտաւորի մը կեանքին մասին դասագիրք կրնայ դառնալ նոր սերունդին համար:

Ան իր ողջ կեանքը ապրեցաւ զրկանքներով, երկրէ երկիր դեգերումներով, որպէսզի իրականութիւն դարձնէ հայ գիրքի տպագրութեան սրբագոյն գործը եւ այդ գործին մէջ նաեւ ներգրաւեց իր եղբայրները:

Ոսկան Երեւանցին ծնած է 1614 թուականին Նոր Ջուղայի մէջ: Անոր ծնողքը Շահ Ապպասի կազմակերպած գաղթին ժամանակ Նոր Ջուղայի մէջ հաստատուած են Երեւանէն, այդ պատճառով ալ ան կը կրէր Երեւանցի անունը: Ձգտում ունենալով հոգեւորական գործին հանդէպ, ան նախնական կրթութիւնը ստացած է Նոր Ջուղայի ծխատէր քահանայի դպրոցը, ապա ուսումը շարունակած է Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ հաստատուած Խաչատուր Կեսարացիի դպրոցը: Բայց ծնողքը հակառակ էր անոր հոգեւորական դառնալուն եւ ան դպրոց գաղտնի կը յաճախէր: Ծնողքը փափաք ունէր, որ ան վաճառական դառնայ եւ աշխարհիկ կեանքի ճամբայ մը գծած էր իր որդիին համար: Այդ պատճառով ալ քանի մը անգամ անոր արգիլած են դպրոց երթալ, սակայն Ոսկան իր յամառութեան շնորհիւ շարունակած է ուսումը:

Տասնհին տարեկանին Ոսկան ուսումը շարունակելու նպատակով մեկնած է Էջմիածնի վանքը, ապա Երեւան, ուր ուսանած է Մելիքսէթ Վժանեցիի մօտ, քահանայ ձեռնադրուած է, ապա՝ վերադարձած Նոր Ջուղա: 1634 թուականին Ոսկան Երեւանցին Փիլիպպոս Ա. Աղբակեցի Կաթողիկոսի հրաւէրով կրկին Էջմիածին մեկնած է, ուր զինք նշանակած են Ուշիի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վանահայր: Ուշիի մէջ հոգեւոր սպասարկման տարիները դրական ազդեցութիւն ձգած են Ոսկան Երեւանցիի վրայ: Այստեղ է, որ ծանօթացած է տոմինիկեան վանական, գիտնական Փաուլօ Փիրոմալիի հետ: Վերջինս Հայաստան եկած էր հայոց լեզուն ու պատմութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով:

Ոսկան Երեւանցին հայերէնի դասեր տուած է Փիրոմալիին եւ անկէ սովորած է լատիներէն, աստղագիտութիւն, երկրաչափութիւն, իմաստասիրութիւն: Այս մէկը այնքան ալ յետադէմ հայ կղերականութեան սրտով չէ եղած, եւ հալածանքներ սկսած են անոր հանդէպ:  Այդ մասին ան հետագային դիտարկումներ ըրած է իր աշխատութիւններուն մէջ: 1662 թուականին հայոց կաթողիկոս Յակոբ Ջուղայեցիէն իրաւունք ստանալով, արդէն եպիսկոպոսի հոգեւոր աստիճան ստացած Ոսկան Երեւանցին կ՚ուղեւորուի Եւրոպա՝ հոն հայերէն տպագրութեան գործը ծաւալելու նպատակով:

Սկզբնական այցը ան տուաւ Իտալիա: Լիվոռնոյի մէջ հանդիպեցաւ իր եղբօրը՝ Աւետիսին, որմէ վերցուց Ամսթերտամի տպարանը ստանձնելու գրութիւն: Աւետիսը յաջողակ վաճառական էր, ան ձեռք բերած էր Ամսթերտամի՝ Յովհաննէս Ծարեցիին պատկանող տպարանը, որ սիրով յանձնեց Ոսկանին, որպէսզի վերջինս ալ կատարէ իր առաքելութիւնը: Եւ նաեւ հետագայ շրջանին անոր եղբայրները՝ Աւետիսը եւ Յովհաննէսը, յաճախ նիւթապէս կ՚աջակցէին Ոսկանին, իրենք ալ գիտակցելով հայ գրատպութեան գործի զարգացման անհրաժեշտութիւնը: Ոսկան Երեւանցին այդ շրջանին փորձած է տպարանը Ամսթերտամէն տեղափոխել Իտալիա, սակայն չէ յաջողած: Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն հետ բազմաբնոյթ հարցեր ունենալէ ետք Ոսկան Երեւանցին, հիասթափած այդ ամենէն՝ կաթոլիկութիւնը ընդունած է:

1665 թուականին ան Ամսթերտամի մէջ Կարապետ Ադրիանացիի հետ տպագրած է «Շարակնոցը»՝ խազերով հանդերձ: Այդ մէկը իսկական հարստութիւն եւ դարերէ եկող գանձ է հայ երաժշտական արուեստի ուսումնասիրութեան համար: Երեւանցի տպագրած է նաեւ Հին կտակարանը, եւ այդ բոլորին զուգահեռ իր տպագրական գործերուն մէջ ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ գիտութեան: Հին կտակարանի տպագրութիւնը երկուքուկէս տարի տեւած է: Հայ տպագրութեան նուիրեալը, երբ 1666 թուականին սկսաւ տպագրութեան եւ, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու, աննկուն կամքով նուիրուեցաւ այս գործին, ունէր խոր գիտակցութիւնը իր նուիրական առաքելութեան, գիտէր, որ կը գործէ դարերուն համար, ժողովուրդին համար եւ անոր բարձր մշակոյթին: Գիրքը տպուած է այն ժամանակներուն համար հսկայական՝ 5000 տպաքանակով, էջերուն թիւը՝ 834: Հակառակ տպարանին վրայ հասած քանի մը դժուարութիւններուն՝ ունեցած պարտքերուն, այնուամենայնիւ, Ոսկան Երեւանցին տպագրեց տասնհինգ աշխարհիկ եւ հոգեւոր գիրքեր եւս: Անոնց մէջ էին՝ Մովսէս Խորենացիի «Աշխարհացոյց»ն ու Վարդան Այգեկցիի «Աղուէսագիրքը»: Ան Դաւրիժեցիի կենդանութեան տպագրեց անոր «Հայոց պատմութիւնը»: Հակառակ ունեցած դժուարութիւններուն, պարտքերուն, ան միջոցներ կ՚որոնէր իր գործը շարունակելու եւ երբեք չէր ուզեր դադրեցնել զայն:

Ան քանի մը երկիրներէ օգնութիւն հայցեց եւ ի վերջոյ իր հայեացքը ուղղեց դէպի Ֆրանսա: Իրեն հետ վերցնելով Հին կտակարանի շքեղ տպագրութենէն օրինակ մը, կ՚այցելէ Ֆրանսայի թագաւոր Լուտովիկոս XIV-ին, վերջինս կը հիանայ գիրքով եւ հնարաւորութիւն կու տայ տպարանաը հաստատել Ֆրանսայի մէջ: Սակայն հոս ալ ան դժուարութիւններու հանդիպեցաւ եւ ի վերջոյ հաստատուեցաւ Իտալիոյ մէջ՝ Լիվոռնօ եւ հոն գործունէութիւն ծաւալելէ ետք է որ Մարսէյլ փոխադրուեցաւ:

Դեգերումներու եւ հալածանքներու մէջ ինկած հայ մեծ գործիչը՝ հայ տպագրութեան նուիրեալ Ոսկան Երեւանցին մահկանացուն կնքած է 1674 թուականին՝ Մարսէյլի մէջ: Անոր մահէն յետոյ տպագրութեան գործը ստանձնած է իր քրոջ որդին՝ Սողոմոն Լեւոնեանը, որ սակայն խոչընդոտներու պատճառաւ գոցած է տպարանը…

Ոսկան Երեւանցիի մասին ամենէն դիպուկը թերեւս արտայայտուած է Մխիթարեան միաբանութեան վանական, գիտնական Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանը. «Ոսկանի անձնաւորութիւնը արժանի է մեր ազգին մտաւոր զարգացման տեսակէտէն՝ մեր երախտաւորներու կարգը դասուիլ եւ ճանչցուիլ որպէս Հայ տպագրութեան իսկապէս մղում տուողը: Նախընծայ տպագրութիւն ճանչցուած 1512 եւ 1513 տարիներու Յակոբի հրատարակութիւնները միայն ժամանակագրական փառք մը ունեցան, առանց իրական օգուտի: Աբգար Եւդոկիացիին ձեռնարկն ալ ամփոփուած ու սեղմը-ւած մնաց, ու անհետացաւ. Ոսկանի գործն է, որ իր տարաբախտ մահէն ետքն ալ շարունակուեցաւ, եւ չորցած բոյսէ մը թափուած սերմերու նման բողբոջները բազմացան»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017