ՏԱՐԲԵՐ ԻՐԱՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ. ԱՐԱՐՉԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԱՊՐԻԼ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԱԿՆԹԱՐԹԸ
Անծայրածիր թուացող հնձուած եւ հերկուող արտերը գծուած երկրաչափական բերրիութեան պատկերներ են մինչեւ հորիզոն, արեւուն հետ խաղ ընող ամպերու յաջորդական ստուերներով զանոնք փոփոխող: Հեռուն հին կամ նոր շինութիւններ եւ բնակարաններ կան: Անոնց կտուրները չեն սլանար դէպի երկինք, չեն աղարտեր համայնապատկերը: Անտաշ քարերով հիւսուած պատեր: Արտերը եզերող շոճիի կանաչով բարձրուղէշ ծառերուն մէջ կ՚երգեն հովը եւ աղաւնիները: Հեռուն տեղ մը մնացած են քաղաքակրթութիւնը եւ սպառողական ընկերութիւնը, իրենց աղմուկով եւ աղբով:
Իրարմով լրացող լռութիւնը եւ խաղաղութիւնը կը թափանցեն հոգիիս գաղտնի անկիւնները, կը սրբեն պահանջ, կիրք, նախանձ, քէն, մուր եւ մրուր: Նոր աշխարհ մը մուտք գործողի հայեացքով կ՚երթամ դէպի իրերը, ձայները, գոյները:
Պահը կը թելադրէ բնականի եւ պարզի իմաստութիւնը, որմէ մեզ կը զրկէ քաղաքներու եսի եւ միշտ աւելի շահի ճնշումը, որ մեզի կ՚ընկերանայ մեր ծննդեան օրէն եւ մեզ կը լարէ պարզութեան եւ բնականի գիտակցման դէմ: Հոս, այս պակուցման պահուն, ինչպէս պիտի ըսէր Մեծարենց բանաստեղծը, կարծէք կը թօթափենք ուրիշներու նայուածքին մէջ մեզ բանտարկելու կոչուած ցնցոտիները, զարդարանքները, եւ աշխարհ մեզի կը տրուի արարչութեան առաջին օրուան բիւրեղեայ սրբութեամբ, որմէ այնքա՜ն հեռացած ենք հետեւելով սնոտիին: Հաստաբուն շոճիին կռթնած, կը զգամ հողէն բարձրացող բնութեան ուժը, շարունակուող կեանքի, անսկիզբի եւ անվախճանի խորհուրդը:
Մարդը՝ արկա՞ծ թէ իմաստ՝ անսկիզբի եւ անվախճանի:
Նայուածքս չի պարագրկեր հորիզոնը եւ անոր ետին գտնուող հորիզոնները, ժամանակը հոս այնքան տարբեր է սլաքներու ժամանակէն, այդ բոլորին մէջ նիւթական գոյութիւնս կը մանրուի, կը տարածուիմ որպէս մտածում եւ զգայնութիւն, որոնք հարկատու չեն ուրիշներու նայուածքին, հեռաւորի եւ մօտաւորի:
Բիւրաւորներ անցած են այստեղէն հազարամեակներու ընթացքին, շնչած են այն օդը՝ որ հիմա կ՚ուռեցնէ թոքերս, անցած եւ գացած են իրենց սէրերը եւ փառասիրութիւնները յանձնելով այս ելեւէջող դաշտերուն, իրենց տեսած անտառները չկան բայց հոս են, անոնք շարունակուած են բնութեան վերանորոգուելու գաղտնագիր օրէնքով, ծառի գաղտնիացնող մթին անտես անկիւնը ծլած է նորը: Նոյնիսկ երբ զեղծած ենք բնութիւնը, ան քէն չէ պահած, ինքզինք վերանորոգած է: Ի՜նչ մեծ խորհուրդ ունի մոլորակի ընդերքէն ժայթքած լաւան, որ լերան կողին կ՚ըլլայ ժայռ, հոսելով ծովուն մէջ կ՚ըլլայ կղզի, եւ տարիներ ետք հոն կը բուսնի կեանքի կանաչը: Հոս դաշտերուն մէջէն բացուած կպրապատ ճամբաներ կան, որոնց վրայ կը սուրան ինքնաշարժներ, կ՚երեւին, կանհետանան: Չենք մտածեր անգամ, որ ժամանակին միայն արահետներ կային, ուրկէ կ՚անցնէին բահը կամ գերանդին իրենց ուսին նետած դաշտի աշխատաւորներ, մշակներ: Անոնք, ինչպէս այսօրուան մեքենաները, հացը կը բերէին մարդոց սեղանը:
Աներեր դաշտերը եւ հաստաբուն ծառերը կը խոկան ամրան անանձրեւ օրուան ընթացքին, շարունակելով երէկուան օրը, անտարբեր վաղուան: Թաւուտներուն մէջ թաքնուած աղաւնիներու հանգիստը խանգարող քաղաքակիրթ ափերէ եկած իրենց գիշատիչի բնազդը չմոռցած որսորդներ չկան: Ժամանակը եւ անոր հետ խաղ ընող կեանքը այդպէս է, առանց երէկի, այսօրուան եւ վաղուան, եւ եթէ տրուիք անոր տիափազոնին, գաղտնասացութիւններ կը լսէք, որոնք կը պատմեն յաւերժութիւնը եւ անոր մէջ մեր ներկայութեան ակնթարթի անհանդերձանք առասպելը: Պահն է պեղելու առաջի եւ վերջի, անկարելի եւ խուսափուկ ներկայի գաղտնիքը, որ մեր կիրքերու եւ փառասիրութիւններու, ընչաքաղցութիւններու եւ մրցակցութիւններու փուճ հրավառութիւն ըլլալու մասին կը խօսի:
Ակնթա՜րթը՝ որ չկար եւ չկայ:
Մտածա՞ծ ենք, որ եթէ կեանքը դադրի կամ դադրեցնենք մեր ծեր մոլորակին վրայ, եւ եթէ ուշիմութեամբ օժտուածներ գան հեռաւոր համաստեղութիւններէն, պիտի չգիտնան եւ պիտի չհասկնան, որ հոս կեանք եղած է, եղած ենք մենք մեր սին բաղձանքներով, որոնք տիեզերական անհունութեան մէջ չեն եղած եւ պիտի չըլլան: Եթէ թափանցուէինք տիեզերական ընթերցումէ բխող իմաստութեամբ, կը թօթափէինք բարդութիւնները, աւելորդը, մղձաւանջը, թերեւս այդ ձեւով կը մտնէինք արարչութեան գաղտնի պարտէզները, կը նուաճէինք մարդեղութեան գաղտնիքը եւ անոր կտակած անստուեր հարստութիւնը:
Պարզ խորհուրդներ կը սաւառնին ամայքին վրայ: Միայն երբեմն դիրք եւ թառ փոխող աղաւնին կամ ագռաւը կը յիշեցնեն մեզի համար սովորական եսի ապահովութիւն համարուող կեանքը, զայն պահելու եւ իմաստաւորելու փուճ բառերով մեր փորձերը, նոյն դերին կոչուած մեր սեփականութիւնները, անոնք ըլլան ենթակայական թէ նիւթական: Յարաշարժ գառնուկի բուրդի ծուէններու նման սպիտակ ամպերը իրենց յաւերժական զրոյցը կը շարունակեն այս դաշտերուն եւ թաւուտներուն հետ, անտարբեր մեր մտորումներուն: Եթէ ակնթարթ թրթռանք անոնց հետ, թերեւս կը հասկնանք խորհուրդը մեր տեղին եւ իմաստին, մոլորակի եւ մեր հրաշքին: Եւ կրնանք սարսափիլ, որ ան կը քանդուի, կը քանդենք այդ հրաշքը: Ինչպէ՞ս պիտի չքանդուի, երբ կեանքի տարածութիւնները կը կողոպտենք, անհետացնելով շնչառութեան գեղատեսիլ կանաչը, գրաւելով երկինքը՝ իւրաքանչիւր երկվայրկեանի երկինք բարձրացող բիւրաւոր օդանաւերով, ինչպէս այդ կ՚ըսեն վիճակագրական արձանագրութիւնները:
Հորիզոնը վերջաւորութիւն չէ: Անտառները սահմանապահ են: Ծառերը իրենց զիրար չկրկնող նոյնանման բուներով, տարբեր տերեւներով եւ կանաչի երանգներով, տարբեր անուններ ունին, որոնք ծանօթ են բնութեան հետ ապրող գիւղացիին, անծանօթ՝ քաղաքներու քաղաքակրթութեան մէջ փճացած մարդուն, որ գիտէ հարթել եւ զեղծել արարչագործութեան բազմերանգ համանուագը եւ կ՚ըսէ ծառ, ինչպէս ըրած է եւ կ՚ընէ իր հաւասարներուն, զանոնք բանտարկելով արտադրող-սպառողի զսպաշապիկին մէջ, անհետացնելով եւ անտեսելով լուսաւոր տարբերութիւնները, առաքինութիւնները, զանոնք վերածելով վիճակագրական անհոգի թիւերու:
Գիտեմ, որ քանի մը հորիզոն անդին ովկիանոս կայ, արքայական կապոյտը, արարչութեան արգանդը: Ինչպէ՞ս չմտածել այն մասին, որ եսասիրութեան եւ շահախնդրութիւններու արտադրած չարիքով կը պղծենք աստեղային պահու մը մեզի տրուած աւանդը, մեղանչելով արարչագործութեան դէմ, սպառնալով կեանքին:
Օգոստոսի յամեցող գիշերը, իր զով շունչով կ՚իջնէ արտերուն վրայ, անտառները կը դառնան աւելի սեւ, ճամբայ բանալով մտածման առջեւ, որպէսզի աւելի պայծառութեամբ պարզուին լոյսէն թաքնուող խորհուրդները, խօսին եւ լսուին տիեզերական պատգամները, որոնք տարբեր ալիքներով կու գան, մեզի ծանօթ հերցեան ալիքները չեն, խորհուրդներ՝ որոնց բանալիները կը տրուին, եթէ ինքն իրմէ դուրս բանտարկուած հոգին ազատագրէ ինքզինք:
Իր ցնցոտիներէն կ՚ազատագրե՞նք մեր հոգիի մարգարէն, որպէսզի բնութիւնը եւ կեանքը դիտուին միամտացած եւ անշպար հոգիով:
Արտերուն վրայ փռուող եւ անտառներէն տարածուող խօսուն լռութեան մէջ կը թեւածէ ճշմարտութիւնը, զոր կ՚իւրացնենք հաղորդուելով: Բացուելով դէպի այդ հաղորդութիւնը:
Իսկ ճշմարտութեան իւրացումը ինքնաճանաչում է, յաղթանակ՝ եսին դէմ, ինքնամաքրում: Օրինակ, հասկնալ, որ «ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է», ինչպէս կ՚ըսէր նախորդ դարու իմաստասէրը, առաքինութիւն՝ որ ինչպիսի ողբերգութիւններու առաջքը կրնայ առնել եթէ քաջ ըլլանք եւ լսենք: Ան սակարկութիւն չէ, պէտք չէ փոխադարձը սպասել, հաւատալով, որ բարութիւնը, ազնուութիւնը եւ ողջմտութիւնը ինքնաբերաբար կը յայտնաբերուին, եթէ չարաշահումներու քաղաքակրթութիւնը վերանայ, վերցնենք:
Պլէզ Փասքալ կ՚ըսէր, որ բնութիւնը զիս կը ճզմէ, բայց ինք այդ չի գիտեր, մինչդեռ ես այդ գիտեմ, հետեւաբար գիտցող մարդը կը գերազանցէ նոյնինքն բնութիւնը, միաժամանակ կը նոյնանայ անոր հետ, գիշատիչի իր բնազդին չի հագցներ այլատեսակ շահագործման շապիկներ:
Եթէ կարենայինք մտածելու առաքինութիւնը վերականգնել մանուկին, երիտասարդին, երէցին մօտ, հին յոյներու ջատագովուած ինքնամաքրումը, ինքնասրբումը, catharsis-ը տեղի կ՚ունենար: Յաճախ ճառերու եւ խօսքի իմաստութենէն կը ծնի անշպար սէրը, ըստ որուն որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով, կեանք կը դառնայ:
Ժամանակակից ընկերութիւնը, զանազան որոնումներու ընթացքին, հեռացաւ մարդէն, մարդը հեռացուց արժէքներէ եւ գաղափարներէ, իր կեանքի իմաստի եւ խորհուրդի իմացումէն: Պահ մը եթէ կանգ առնենք եւ խորհինք, թէ ի՞նչ կը փնտռենք մեր տունը, առօրեային մէջ, աշխատանքի ժամերը խճողելով: Եթէ մեր տունը զարդարող եւ բանի չծառայող ասդիէն-անդիէն հաւաքուած իրերէն հրաժարէինք, պարզութեան մէջ փնտռէինք հանգիստ եւ երջանկութիւն, մենք մեզի եւ մեր շրջապատին հետ մեր յարաբերութիւնները աւելի խորք եւ լիցք չէի՞ն ունենար: Անցեալի քաղաքակրթութիւններուն մասին հետաքրքրութեամբ կը խօսինք, թէեւ ոչ ամէն ոք, չենք խորհիր որ շարունակութիւն ենք: Բայց միաժամանակ կը խօսինք ժամանակակից մեզ կլանող զբօսի եւ ոչ անհրաժեշտի սպառման քաղաքակրթութեան մասին, որ մեզ կ՚օտարէ մեր մարդկային խորքէն եւ իրարմէ:
Երբեմն պէտք է խորհիլ պարզի եւ ոչ-անհրաժեշտի մասին, վերագտնելով մեր առանձնութիւնը, երբ չենք ապրիր ուրիշի հայելիին մէջ մեր պատկերը ցուցադրելու համար: Բնութիւնը կարիք չունի մեր կեղծիքին, շպարին, օրինակ, անտառը կամ ովկիանոսը կը խօսին, մեզի պէս են, տիեզերական ժամանակին մէջ ակնթարթի մը երեւցած են: Եթէ հասկնանք այդ ակնթարթը, երթանք դէպի այդ ճառագայթը, մեր սնափառութիւնները, ընչաքաղցութիւնը, չարութիւնները կը ցնդին, կը ծնի առաքինութիւնը, կը լուսաւորէ յարաբերաբար ասուպի տեւողութիւն ունեցող անհատական կեանքը: Առաքինութիւնը աստուածատուր շնորհ չէ: Պարզութեան որոնման ընթացքին կը յայտնուի ան եւ ինքնաճանաչման կը տանի: Արդեօք կեանքը աւելի հեշտ պիտի չըլլա՞յ եթէ ոչ-անհրաժեշտէն հրաժարինք, վերագտնելով հոգեկան անդորրութիւն եւ մեզ ու մարդը ընդհանրապէս ճանչնալու եւ հասկնալու իմաստութիւն:
Ոչ-անհարժե՞շտը: Մտէ՛ք խոհանոց եւ փորձեցէ՛ք մէկդի դնել այն բոլոր բաժակները, ելեկտրական սարքերը եւ պնակեղէնները, զորս չէք գործածեր, տարին գէթ մէկ անգամ տեղէն չէք շարժեր: Նոյնը ըրէ՛ք հագուստներու համար… եւ պիտի տեսնէք որ ձեր բնակարանը պէտք եղածէն աւելի ընդարձակ է, պալատի պէտք չունիք: Իսկ եթէ մտածենք դրամատան մէջ քնացող մեծ թուանշաններով գումարներու մասին եւ անոնց առթած մտահոգութիւններուն, կը համոզուինք որ մեր դժբախտութիւնները կը բխին մեր ստեղծած բարդութիւններէն, որոնք մեզի կը պարտադրեն եսապաշտական քաղաքակրթութեան սին արժէքները, որոնք մեզ կը նստեցնեն մեր գլուխներուն վրայ, մինչդեռ պարզութեան որոնումով կրնանք մեր ոտքերուն վրայ կանգնիլ, կը դադրինք իմաստ փնտռել նմանելու տխրութեան մէջ, եւ հայելիին մէջ երբ նայինք կը տեսնենք մենք մեզ, ոչ մէկ ուրիշը:
Պարզութիւնը պարզամտութիւն չէ, մարդկայնութեան դարպասն է, սեփական եւ ուրիշներու կեանքը չբարդացնելու առաքինութիւն, բացարձակ արժէքի վերածուած մրցակցութեան հականիշը: Ամերիկացի գիտնական մը, որ տեղւոյն վրայ ուսումնասիրած է Խաղաղականի կղզիներէն մէկուն բնակիչները, կը պատմէ, որ աւետարանիչներ, ցեղախումբի անդամները խմբելու եւ վստահութիւն ներշնչելու համար վազքի մրցում կազմակերպած են, եւ ի հարկէ, ինչպէս կարգն է մեր ընկերութեան մէջ, առաջին հասնողներուն նուէր խոստացած են: Վազողները միասին հասած են: Իրենց մշակոյթին մաս չէ կազմած մրցակցութիւնը: Եթէ այդպէս է, կը նշանակէ, որ մրցակցութիւնը բնական երեւոյթ չէ, այլ մեր հնարածն է: Այդ ցեղախումբի անդամները կրցած են ապրիլ առանց մրցակցութեան, առանց զիրար ճզմելու, ուրեմն մրցակցութիւն, գերադաս ըլլալ, մշակութային խնդիրներ են: Այս երեւոյթը ոչ տեսութիւն է, ոչ անշրջանցելի կանոն:
Ընկերաքաղաքական մեծ տեսութիւնները, որոնք յաճախ ծնունդ կու տան աւեր գործող հակամարտութիւններու, կը ծառայեն ոչ թէ մարդուն, այլ անոր հնարած սխալ արժէքներուն, ընչաքաղցութեան՝ որ դրամատիրութիւնն է: Եթէ ընչաքաղցութիւնը փոխարինենք ժուժկալութեամբ, կրնանք երեւակայել հետեւանքները:
Սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութիւնը, որուն մէջ թաթխուած ենք շնչահատ ըլլալու աստիճան, կը քանդէ յիշողութիւնները, պարտադրելով վազել անմիջականի, ցուցադրականի եւ աղմուկի ետեւէն: Այս մտածումներով տարուած էի, երբ խտասալիկներու դարանին մէջ տեսայ Արփինէ Փեհլիվանեանի Armenian romance songs արձանագրութիւններու փունջը: Առանց աղմկարարութեան եւ հարազատութեամբ մատուցուած երաժշտութիւն: Նորի եւ ուղեղ քերելով նորարարութեան հետամուտ մարդիկ, աւելի ճիշդ նորեր, լսա՞ծ են Արփինէ Փեհլիվանեանի կատարումները, մեր ձայնասփիւռները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կը պատահի՞ որ անմիջականի թոհուբոհին մէջ հանդիպին այս երգերուն, զանոնք մատուցեն ունկնդիրին: Այս անունը օրինակ էր: Վկայելու համար, սփիւռք(ներ)ը, կար ժամանակ, հետամուտ էր գեղեցիկին, որակին, թելադրականին: Կարծէք մէկ սերունդ կը յաջորդէ միւսին փորձելով նորի մէջ արմատ նետել, փոխանակ շարունակութիւն ըլլալու, ժառանգութեամբ հարստանալու եւ զայն հարստացնելու: Բազմաթիւ Ամերիկաներ չկան, որ իւրաքանչիւր սերունդ իր Ամերիկան գտնէ:
Ֆրանսայի Պրըթանեը շրջանի անտառներուն մէջ տեղ մը, ագարակի մը ախոռը բնակարանի վերածուած էր: Ոչ Ֆլորիտա, ոչ Հոնոլիւլիւ: Հեռատեսիլ ալ չկար, եւ գտայ որ արեւուն տակ խոկացող հասուն ցորենի արտերուն, երգեցիկ շոճիներուն հետ կարելի էր հաղորդուիլ, սալոր քաղել եւ առանց լուալու ուտել: Եթէ միայն մտածենք, որ գիշերուան զովութիւնը պահած հողին խառնուած են բիւր բիւրաւոր մարդիկ, որոնք ունեցած են թերեւս բեհեզ, ոսկի, ադամանդ, բայց հիմա կան եւ չկան: Եթէ միայն մտածենք, որ տիեզերական ժամանակին մէջ, մեր գիտակից քանի մը տասնամեակները ի՛նչ կը ներկայացնեն, հոգեփոխութիւն կ՚ունենանք: Կը յիշեմ բանաստեղծութեան մը երկու տողերը, որոնք աղերս էին ուղղուած Աստուծոյ. «Եթէ դուն մայր ըլլայիր փոխանակ հայր ըլլալու, / արդեօ՞ք աշխարհ չէր թաւալեր առանց արցունք մը լալու»: Եթէ այդ բուռ մը հողին մէջ տեսնէինք մեր նմանները, թերեւս կը դադրէինք տխրելէ, կրկնելով Հոպզի «homo homini lupus»ը, յաղթել գազանին, եւ մեծ մարդաբան ու իմաստասէր Թէյեար տը Շարտէնի amorisation-ի, սիրոյ տիեզերական ոլորտը մտնել:
Ֆրանսական հրատարակութեան մը մէջ հանդիպեցայ բոլորովին անծանօթ եւ չյիշուող ամերիկացի հեղինակի մը անուան. Հէնրի Տէյվիտ Թորօ (Henry David Thoreau, 1817-1862): Կային նաեւ իր գիրքէն (Վալտէն կամ կեանքը անտառներուն մէջ) թարգմանուած հատուածներ: Գիրքի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է 2015-ին:
Երկու դար առաջ Հէնրի Տէյվիտ Թորօ արդէն անդրադարձած է, թէ ինչպէս կը հեռանայինք բնութենէն, մարդէ մարդ յարաբերութիւնները կը կծկուէին, արտադրելու եւ ամբարելու հեւքի պատճառով անկարող կ՚ըլլայինք մեր աշխատանքի պտուղը քաղելու եւ վայելելու, կը խրէինք անհեթեթութեան մէջ: Ասիական երկրի մը նախագահին կինը,- թերթերը օրին գրեցին,- երեք հազար զոյգ կօշիկ ունէր: Համեմատութիւնները պահելով, մտածենք մեր եւ մեր շրջապատին մասին, երբ պահարանները կը յորդին հագուստներով, որոնք երբեք պիտի չմաշին, եթէ ցեցերը չփճացնեն, կամ մեր մահէն ետք աղբանոց պիտի դրուին, կամ ղրկուին թշուառներու պաշտպան բարեսիրական միութիւններու: Ինչո՞ւ կը տենչանք, որ մեր բնակարանները ըլլան ընդարձակ պալատներ, պերճանքի համար, բանտարկուինք անկարեւորին մէջ, մեր անկարեւորութիւնը արժեւորելու համար:
Այս ինքնատիպ իմաստասէրը, Հէնրի Տէյվիտ Թորօ, կ՚ըսէ, որ «մարդիկ կը սխալին: Մարդու մը լաւագոյն մասը շուտով պիտի հերկուի եւ ներառնուի գետնի մէջ, ըլլալու համար մշակելի հող: Ըստ ճակատագրի, կամ ինչպէս ան կը թուի ըլլալ, բոլորին կողմէ կոչուած կարիք, մարդիկ կը տքնին գանձեր դիզել, որոնք շուտով ժանգով կամ ցեցով պիտի փճանան, կամ գողեր պիտի կողոպտեն մտնելով իրենց տուները, այնպէս ինչպէս այդ կարելի է կարդալ հին գիրքի մը մէջ (կ՚ակնարկէ Մատթէոսի աւետարանին): Անմիտներու կեանք, ինչպէս այդ պիտի հասկնան երբ հասնին վերջաւորութեան, կամ առաջ»:
Ուրիշ տեղ մը, այս ինքնատիպ իմաստունը, որ եղած է համալսարանի դասախօս, կը գրէ. «Պերճանքի սովորութիւններու մեծ մասը, եւ մէկ մասը այն բոլորին զոր կը կոչենք կեանքի պայմաններու հանգստաւէտութիւն, ոչ միայն բացարձակապէս անհրաժեշտ չեն, այլ նոյնիսկ արգելք՝ մարդկութեան բաձրացման»:
Արդարեւ սպառողական ընկերութիւնը եւ դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը դաշնակցելով, տեւաբար ծնունդ կու տան ոչ մէկ կարեւորութիւն ունեցող եւ ոչ ալ բնական պահանջներու, որոնց բաւարարման համար կը ստեղծուին առարկաներ, առանց որոնց կարելի է ապրիլ, որոնք կը վնասեն առողջութեան եւ կեանքին, ինչպէս ծխամոլութիւնը, գինեմոլութիւնը, քիմիական տարրերով պատրաստուած ըմպելիները եւ սննդատեսակները, տանտիկիններու գործածած մաքրութեան օճառի եւ թթուներու տեսակները:
Հէնրի Տէյվիտ Թորօ ինք փորձարկած է իր իմաստութիւնը եւ երկու տարի ապրած է անտառի մէջ իր կառուցած խեղճուկ տնակին մէջ, մշակելով իր բանջարեղէնները, լոգնալով մօտակայ լճակին մէջ:
Ի հարկէ դժուար է կրկնել իր օրինակը, բայց միթէ՞ չենք կրնար սահմանափակել ոչ մէկ նպատակի ծառայող մեր պահանջները: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ազնուացման պահ մը շնորհելով ինքն իրեն, եթէ հեռացնէ կեղծ անհրաժեշտութիւնները, իր կեանքի ընթացքը կ՚ըլլայ նուազ լարուած, նուազ կը մտնէ մրցակցական հեւքի մէջ, չի մտածեր ուրիշները ճզմելու եւ շահագործելու մասին, եւ կը հասկնայ որ երջանկութիւնը առանձին ապրուող հաճոյք չէ եւ կ՚ենթադրէ համակեցութիւն, փոխճանաչում, տիեզերական ժամանակին մէջ մեր կեանքի ակնթարթին տալով իր անցաւորի, ժամանակաւորի եւ փոքրութեան չափերը:
Արդիւնքը կ՚ըլլայ պարզութիւնը, առաքինութիւնը, խաղաղութիւնը եւ հոգեկան անդորրը:
Պիտի կարենա՞նք օր մը mass production-ին հակադրել mass simplicity-ին, ինչո՞ւ ոչ դիմելով mass group therapy-ի, մեր տան մէջ, գործատեղին, թաղը, քաղաքը, երկիրը եւ աւելի անդին: Այն ատեն ինչե՜ր կրնանք որպէս աղբ դնել մեր տան առջեւ եւ բուժուիլ ընչաքաղցութեան տեւաբար ինքզինք աճեցնող ախտէն:
Ի՞նչ բանի համար էին ասիացի իշխանաւորի մը կնոջ երեք հազար զոյգ կօշիկները: Մեր ունեցածները եւ մեր բնակարանները այդ կօշիկներու կայսրութեան մանրանկա՞րը չեն…
Այդ կօշիկներու թելադրած իմաստութեամբ եթէ գնահատենք մեր ընդարձակ բնակարանները, ինքնաշարժները, ադամանդը եւ ոսկին, Շարայի եւ Փանթակրուէլի որկորները բաւարարելու կոչուած խրախճանքները… եւ ապրիլ մեր «ճշմարտութեան պահ»ը:
Հէնրի Տէյվիտ Թորոյի անտառի տնակին մէջ եթէ շաբաթ մը ապրինք եւ ականջ տանք տեւաբար լսուող խորհուրդներուն… դուրս կու գանք այլոց նայուածքին մէջ մեր կամաւոր բանտարկութենէն:
Ինչո՞ւ հայրեր եւ մայրեր, մամուլը, ուսուցիչները եւ ամէն տեսակի քարոզիչները պարզութիւնը համամարդկային «գաղափարախօսութիւն» պիտի չդարձնեն: Միթէ՞ միշտ փնտռուած եւ միշտ հեռացող երջանկութեան դուռը չի բացուիր այդ ձեւով:
Իսկ եթէ հայերէնի թարգմանուէր Հէնրի Տէյվիտ Թորոյի գիրքը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, եւ կարդայինք գրուածը, ինչպէս կը կարդանք Շէքսբիր, Սոլժենիցին, Սարթր, մենք կը գտնէինք յառաջդիմութեան, յաջողութեան եւ ճշմարիտ երջանկութեան ուղին:
Կրկնակի ափսոսանքով հայ հեղինակներ չեմ յիշեր, դառնութեամբ հաստատելով, որ հայերէն եւ հայագիր հայ հեղինակ կարդացողները դարձած են անգտանելի մարդատեսակ:
Հերոս թարգմանիչ մը Հէնրի Տէյվիտ Թորոյի գիրքը պիտի թարգմանէ՞ եւ պիտի գտնէ՞ հերոս հրատարակիչ մը, որպէսզի հերոս հայ ընթերցողներն ալ իմանան:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ