Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐ ՄԿՐՏԻՉ ԱՐԾԻՒԵԱՆ ԵՒ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ԽԱՌՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ
Թուրքիոյ հրեաներու «500-ամեակի» հիմնարկէն ներս ներկայիս տեղի կ՚ունենայ ցուցահանդէս մը։ «Komşu Kapısı Can Kapısı» անուանեալ այս խառն լուսանկարչական ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են նաեւ մեր համայնքէն երկու յայտնի անուններու գործերը։ Այսպէս, Մկրտիչ Արծիւեանի եւ Պերճ Արապեանի լուսանկարները կ՚արժանանան այցելուներու անմիջական հետաքրքրութեան։ 12 լուսանկարիչներու գործերով կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 28 Սեպտեմբեր։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017