ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտի սեմին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։ Հարկ է նշել, որ 2010 թուականէն ի վեր ամէն տարի վերամուտի ընդառաջ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ տեղի կ՚ունենայ այս արարողութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ամառնային հանգստեան օրերէն յետոյ կրթական մեր հաստատութիւնները, ահաւասիկ, կրկին իրենց դռները կը բանան մատաղ սերունդի առջեւ, որպէսզի գիտելիք եւ իմացութիւն փոխանցեն եւ կրթեն անոնց միտքն ու հոգին։ Գիտելիքն ու ուսումը միշտ ալ առաջնահերթութիւն եղած են մեր ժողովուրդին համար եւ շնորհիւ կրթօճախներու՝ մեր կեանքի մնայուն ընկերակից եղած են գիրն ու գրականութիւնը, իմացութեան փափաքն ու ձգտումը»։

Նորին Սրբութիւնը նուիրական ու վսեմ, բայց միեւնոյն ժամանակ մեծ ու դժուարին որակեց մանկավարժներուն եւ ուսուցիչներուն վիճակած պարտականութիւնը։ Այդ պարտականութիւնով անոնք վառ կը պահեն կրթութեան առաջնահերթութիւնը եւ կը յագեցնեն մեր մատաղ սերունդի ունեցած ծարաւը ուսման եւ գիտութեան հանդէպ։ Արդարեւ, կրթական մշակի ստանձնած պաշտօնը կոչում մըն է, որ կ՚ենթադրէ նուիրում, ոգի եւ պատասխանատուութիւն։ Այս ըմբռնումով եւ զգացումով մանկավարժի մը մատուցածը արժէք կը ստանայ եւ կը կենսաւորուի։ Ուսուցիչը իմացութեան օրինակ կը դառնայ իր սաներուն համար, միեւնոյն ժամանակ ազնուութեան, արդարութեան ու մարդկային բոլոր բարձր արժէքներու։

«Այս մեծ երջանկութիւնն ու պատասխանատուութիւնը կ՚ապրիք դուք, սիրելիներ, ձեր ծառայութեան մէջ։ Ձեր ջանքերով կրթուած ու պատրաստուած սերունդն է, որ մեր օրերու արագափոփոխ զարգացումներուն մէջ հոգեւոր եւ մտաւոր ներուժ ու քաջութիւն կ՚ունենայ ապահովելու մեր ժողովուրդի ու պետականութեան շարունակականութիւնը եւ անընդմէջ զարգացումն ու յառաջընթացը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը խօսք ուղղելով կրթական մշակներուն։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ Աստուած անպակաս ընէ կրթական մշակներու ծառայութեան եռանդը եւ իմաստութեան առատ շնորհներ պարգեւէ՝ ուսումնական նոր տարին արդիւնաւորելու համար նոր սերունդի որակեալ կրթութեան եւ հայ ժողովուրդի բարօր ապագային տեսակէտէ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017