«ՔԱԹԱՐԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՆՊԱՏԱԿԱՅԱՐՄԱՐ Է ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ»
Քաթար-Սէուտական Արաբիա տագնապը կը շարունակուի: Հակառակ անոր, որ տագնապի սկիզբէն ի վեր կատարուեցան հաշտեցման մի քանի միջնորդութիւններ, սակայն երեւելի է, որ կողմերէն ոչ մէկը կը պատրաստուի զիջումներու:
Այս նիւթին շուրջ շահեկան հարցազրոյց մը ունեցանք Արաբական ծոցի հեղինակաւոր՝ Gulf News պարբերականի մնայուն աշխատակից եւ քաղաքական վերլուծաբան՝ Ժոզէֆ Քէշիշեանի հետ:
Պէյրութահայ Քէշիշեան վերջին տարիներուն հաստատուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ ներկայիս մաս կը կազմէ նշեալ թերթի խմբագրութեան: Ան նաեւ հեղինակ է տարբեր աշխատութիւններու եւ ստորագրած է վերլուծական հարիւրաւոր յօդուածներ:
*
-Պարոն Քէշիշեան, դուք երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած էք Արաբական ծոցի մէջ եւ բաւական լայն շփումներ ունիք Ծոցի երկիրներու պատասխանատու շրջանակներուն հետ: Ձեր ունեցած շփումներուն իբր եզրակացութիւն, ի՞նչ է մէկ կողմէ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն, իսկ միւս կողմէ Քաթարի միջեւ ծայր առած տագնապին խորքային պատճառը: Եւ Ի՞նչ են այն հանգամանքները, որոնք պատճառ դարձան այս տագնապի երեւման:
-1981 թուականին ստեղծուած Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի (GCC) անվտանգութեան դաշինքի հիմնադիր անդամ՝ Քաթարը տեղեակ է կազմակերպութեան հիմք դրուած որոշակի պարտաւորութիւններէն, որոնք վեր են ու գերարժէք, քան կարճաժամկէտ շահերը: Որեւէ դաշինքի պարագային, որեւէ անդամ կրնայ աշխատիլ այլ մասնակիցներու ընդհանուր շահերուն դէմ, իսկ երբ այդ կը պատահի՝ կա՛մ դաշինքի կողմնակիցները, կա՛մ ալ անոր անդամը խստօրէն կը պատժուի: Վերջերս սա տեղի կ՚ունենայ, որովհետեւ Քաթարը որդեգրած է այնպիսի քաղաքականութիւն, որուն դէմ են դաշինքի մնացեալ անդամները՝ ներառեալ «Իսլամ եղբայրներ»ու ազդեցութեան տակ եղող շարժումները:
-Միջին Արեւելքի մէջ կարեւոր դեր ունեցող միջազգային ուժերը՝ Ուաշինկթընն ու Մոսկուան մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւին Քաթարի տագնապի զարգացումներուն, սակայն ցարդ եղած հաշտութեան բանակցութիւնները ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգեցնեն: Ձեր կարծիքով, ինչպիսի՞ հանգուցալուծում կրնայ ունենալ տագնապը, եթէ ունենայ, իսկ եթէ չունենայ ի՞նչ թատրերգութիւններ կը նախատեսէք: Արդեօք զինուորական բախո՞ւմ, տնտեսական պաշարման խստացո՞ւմ, արդեօք տագնապը առիթ կը դառնա՞յ, որ տարբեր երկրիրներու մէջ առկայ զինեալ բախումները լայնածաւալ դառնան. օրինակ՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ընդհանուր դրութիւնը:
-Այս վէճի լուծման երկու եղանակ կայ։ Ան ճգնաժամ չէ, որովհետեւ որեւէ բռնութիւն չէ կիրառուած եւ չի կիրառուիր: Առաջինը այն է, որ գտնուի հեղինակութիւնը պահպանող բանաձեւ մը, որ թոյլ կու տայ Քաթարին հետեւիլ GCC դաշինքի իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն, իսկ երկրորդ լուծումը՝ GCC դաշինքի լուծարումն է: Ոչ մէկ ռազմական բախում կ՚ըլլայ, եւ մինչ Տոհան կ՚ապաւինի Թուրքիոյ իր ներքին հարցերը դիմակայելու համար, անդին՝ Ծոցի համագործակցութեան երկիրները չեն յարձակիր Քաթարի վրայ: Քաթարի զինեալ ուժերու գրեթէ կէսը կազմուած է սէուտական ցեղերու աշխարհազօրայիններէ, որոնք հաւատարիմ են իրենց ցեղերուն: Սա կը նշանակէ, որ Տոհան չի կրնար զինուորական որեւէ գրոհի դիմանալ: Հնարաւոր է, որ լրացուցիչ տնտեսական պատժամիջոցներ ըլլան, բայց անոնք, որոնք արդէն կը կիրառուին՝ վնաս կը պատճառեն տնտեսութեան եւ ծանր գին ունին պետութեան համար: Ահա թէ ինչու այս խնդրի լուծումը նպատակայարմար է բոլոր կողմերուն համար:
-Վերջերս Քաթարի դէմ ելած արշաւէն ետք, Տոհայի ղեկավարութիւնը դիմեց մինչեւ հիմա չբացայայտուած իր դաշնակիցներուն՝ Իրանին եւ Թուրքիոյ: Արդեօք Քաթարի հետ այս երկիրներուն յարաբերութիւնը անկե՞ղծ է, եւ արդեօք այս երկիրները կրնա՞ն ուժեղ դաշինք մը կազմել Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ: Ի՞նչ կը սպասէք այս առումով:
-Պարկեշտութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտի մէջ խորթ մօտեցում մըն է: Աւելի պարզ խօսքերով՝ այն կիրառելի չէ այնպիսի իւրօրինակ եւ արտասովոր միաւորներու վրայ, ինչպէս Թուրքիոյ եւ Իրանի՝ երկու ոչ-արաբական պետութիւններ, որոնք շահագրգռուած են արաբական ներքին գործերուն միջամտելու եւ չեն աջակցիր Քաթարին: Հնարաւոր թուրք-իրանական դաշինքը, ուր Քաթարը կըրտ-սեր դաշնակիցի դեր կ՚ունենայ, անիմաստ է, քանի որ սիւննի թուրքերը եւ շիի պարսիկները զիրար կ՚ատեն աւելի շատ, քան սէուտացիները: Քաթարը, որ սիւննի (ուահապի) դաւանանքի հետեւորդ է, կրօնական որեւէ աղերս ունի ո՛չ Անգարայի, ո՛չ Թեհրանի հետ: Սակայն նման յուսահատ իրավիճակին ան օգնութիւն կը պահանջէ այն երկիրներէն, որոնցմէ ոչ մէկ օգուտ կը ստանայ:
-Ծոցի մէջ սկիզբ առած տագնապէն ետք Հայաստանի պաշտօնական մարմինները նոր որակի յարաբերութիւններ սկսան մշակել Քաթարի հետ: Այս մասին բաւարար տուեալներ չունինք, բայց գիտենք նաեւ, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդ-ւարդ Նալպանտեան երկու առիթներով այցելեց Քաթար, ուր շփումներ ունեցաւ տեղւոյն պա-տասխանատուներուն հետ: Անկէ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս այցելած էր Քաթար: Ի՞նչ կը կարծէք, ի՞նչ խորք ունին Հայաստան-Քաթար յարաբերութիւնները եւ արդեօք այդ մէկը որոշ վտանգներ կը պարունակէ՞ իր մէջ:
-Հայաստանը պէտք է սերտ եւ զօրաւոր կապեր ունենայ Արաբական ծոցի բոլոր պետութիւններուն հետ, բայց իր մեկուսացման պատճառով (Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունենալը, Ատրպէյճանի հետ պատերազմը եւ Վրաստանի հետ երերուն կապերը), Երեւանը ձեռքը կը մեկնէ Թեհրանին: Ան կը ցանկար առաջարկել իր միջնորդական ծառայութիւնները, որոնք կ՚օգնէին կարգաւորել Քաթարի խնդիրը, սակայն Հայաստանի հնարաւորութիւնները սահմանափակ են: Ի վերջոյ, Հայաստանը չի կրնար անտեսել արաբական աշխարհը, եւ պէտք է իր ընտրութիւնը կատարէ, թէ արդեօք կը ցանկա՞յ զոհաբերել իր կապերը արաբներու ճնշող մեծամասնութեան եւ արաբական տարածքաշրջանին մէջ աշխատող հարիւր հազարաւոր հայերու հետ՝ ի շահ Տոհա ապրող եւ աշխատող քաթարցիներուն եւ հայերուն:
-Դուք մօտ է՞ք Արաբական ծոցի մէջ ապրող հայերուն: Արդեօք անոնք վտանգուա՞ծ են՝ տնտեսական վտանգ, ապահովական վտանգ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք հայութեան ունեցած մարտահրաւէրները Արաբական ծոցի մէջ: Տրուած ըլլալով, որ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ մեծ թիւով հայեր կան, արդեօք անոնք վտանգուա՞ծ են:
-Դժուար է շահարկել այս հարցերը, որովհետեւ ճիշդ տուեալներ չունիմ:
-Արդեօք Արաբական ծոցի դրամագլուխները վտանգուա՞ծ են այս տագնապին պատճառով: Այս տագնապը պատճառ կը դառնա՞յ, որ այդ երկիրները լուրջ ֆինանսական խնդիրներ ունենան, մանաւանդ, որ նաւթի գիները անկում կ՚ապրին:
-Կը կասկածիմ: Քաթարը հարուստ է, ինչպէս եւ Ծոցի համագործակցութեան միւս պետութիւնները, իսկ քանի որ գործարարները ամէն տեղ կը նախընտրեն կայունութիւն, բոլորն ալ կը յարմարին նոր պայմաններուն:
-Շատերը խօսած են, որ եթէ նաւթի գիները շարունակեն անկում ունենալ, Սէուտական Արաբիան մեծ տագնապ պիտի ապրի եւ պիտի սնանկանայ: Որքանո՞վ ճիշդ է այս մօտեցումը, ի՞նչ ըսելիք ունիք այս առումով:
-Այս մօտեցումը տարածուած է կեղծ վերլուծաբաններուն կողմէ եւ անհիմն մօտեցում մըն է:
-Սէուտական Արաբիոյ նոր գահաժառանգ Մուհամմէտը տնտեսական մեծ ծրագիր մը ունի, որուն նպատակն է երկիրը վերածել ոչ միայն նաւթային, այլեւ տնտեսական հզօր երկրի: Ան կրնա՞յ այդ մէկը կատարել, ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին:
-Ան կը կատարէ այդ ծրագիրը եւ յաջողութեան կը հասնի: Ժամանակի հարց է: Սէուտական Արաբիան կը հանդիսանայ «G-20»ի անդամ եւ ունի հզօր տնտեսութիւն: Ան կ՚աճի եւ կը դառնայ աւելի հզօր, թէեւ ան դեռ պէտք է բարեփոխէ իր կանոնակարգերը: Մուհամմէտ իշխանը ունի բաւարար շնորհք եւ ուժ յաջողութեան հասնելու համար, սակայն ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ որքանով յաջողակ է ան, որովհետեւ այն բարեփոխումները, զորս կը ցանկայ կատարել, չափազանց դժուար իրագործելի ծրագիրներ են:
-Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքին մէջ եղած խմորումները վտանգաւո՞ր կը համարէք: Յատկապէս իշխան Նայէֆին խաղէն «դուրս դրուիլ»ը եւ անոր փոխարէն իշխան Մուհամմէտին գահաժառանգ դառնալը: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ մէկը, արդեօք որոշ ազդեցութիւն կրնա՞ն կրել նաեւ այն երկիրները, որոնք անմիջական կապ ունին Սէուտական Արաբիոյ հետ, ինչպէս՝ Լիբանանը: Կը փոխուի՞ Լիբանանի հանդէպ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր քաղաքականութիւնը:
-Սէուտական Արաբիան միապետութիւն է եւ մշտապէս փոփոխութիւններ կը կատարէ կարեւոր որոշումներ առնելու համար: Այստեղ որեւէ արտասովոր բան չկայ, թէեւ ներգրաւուած անձերը մեծապէս տուժած են: Այս ներքին փոփոխութիւնները ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենան այլ երկիրներու, ինչպէս՝ Լիբանանի վրայ, թէեւ Մուհամմէտ իշխանին համար ընդունելի չէ «Հիզպուլլահ»ի գործելաոճը եւ գործօնը: Ժամանակները կը փոխուին եւ թագաւորութիւնը կը հետապնդէ իր շահերը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ լիբանանցիները, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ գործարար հատուածը, պէտք է մտածեն, թէ ինչպէս պիտի պաշտպանեն իրենց շահերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան