ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇ

Ազնուութիւն կամ ազնուականութիւն՝ առաքինութիւններ են, որ մարդս նկարագրով կը զօրացնեն եւ կատարելութեան կը հասցնեն ենթական։ Ազնուութիւնը կամ ազնուականութիւնը «ազնիւ» ըլլալու այն վիճակն է, որ կը նշանակէ՝ պատուական ըլլալ, շնորհալի՛ց ըլլալ։

Այս իմաստով, դասակարգի, աստիճանի, հարստութեան եւ տիտղոսի մէջ միա՛յն ազնուականութիւն փնտռել՝ նախապաշարում մըն է. սխա՛լ մտայնութիւն մը՝ որ ընդհանրապէս պատճառ դարձած է ըմբոստ գաղափարներու եւ արարքներու, ինչպէս կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ վկայութիւններու՝ պատմութեան մէջ։

Արդարեւ, ազնուականութիւնը ո՛չ մենաշընորհ մըն է եւ ո՛չ իսկ որոշ դասակարգի մը սեփականութիւնը։

Ազնուութիւնը կամ ազնուականութիւնը կեանքի լուրջ փորձառութիւններով ստաց-ւած եւ յատուկ գործողութիւններով զտուած յատկութի՛ւն մըն է։

Այս կը նշանակէ՝ թէ ամէն մարդ կրնայ ազնիւ ըլլալ, եթէ կը փափաքի եւ կը ջանայ ազնուանալ, ազնուական ըլլալ։ Ազնուութիւնը կամ ազնուականութիւնը՝ նախ միտքով եւ նկարագրով, յետոյ վարմունքով, շարունակ բարձր, վեհանձն, ընտիր եւ պատուաւոր ըլլալու հանգամանքն է։ Բայց ինչպէս մարդկային ամէն արարքի եւ արտայայտութեան մէջ, ազնուութեան համար ալ անհրաժե՛շտ է «անկեղծութիւն»ը. ո՛չ թէ «ազնիւ երեւիլ» այլ իսկապէ՛ս «ազնիւ ըլլալ»ն է կարեւորը։

Ազնուականութիւնը արժէք կը ստանայ երբ ենթական ամէն ատեն եւ ամէն տեղ ազնիւ է, այսինքն՝ տեղ մը ազնուական երեւիլ, ուրիշ տեղ մը՝ գռեհիկ, այդ ցոյց կու տայ թէ ենթական ազնուութենէ զո՛ւրկ մէկն է։ Այս ուղղութեամբ անգլիացիներ կ՚ըսեն, թէ իսկական ազնուական անձը՝ առանձին եղած պահուն ալ այնպէս կը վարուի, ինչպէս՝ բազմութեան մէջ։ Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ ազնուութիւնը պէտք է անկեղծութեամբ ապրուի։

Ազնուութիւնը, արդարեւ, ապրելակերպ մըն է՝ նկարագի՛ր մը, բնաւորութիւն մը՝ որ անձին ինքնութեան անբաժան մէկ տարրն է։ Ուստի մարդ, կամ ազնիւ է եւ կամ ո՛չ։ Ազ-նիւ մարդը կը խորշի  ամէն ստորին, գձուձ եւ կոպիտ, ամբարտաւան ընթացքներէ։

Ազնուականութիւնը յատկութի՛ւն մըն է, որ ենթակային նայուածքէն, կեցուածքէն, խօսուածքէն եւ վարմունքէն կը ճառագայթէ, եւ լուսաշտարակի մը նման կը լուսաւորէ իր շուրջը, եւ կամ գեղեցիկ ու բուրումնաւէտ վարդի մը նման իր անուշ բոյրովը կը խանդավառէ միջավայրը եւ կը գրաւէ բոլորը։

Ազնիւ անձը վստահութիւն կը ներշնչէ իր շուրջիններուն եւ նաեւ ակնածանք ու պատկառա՛նք։

Եւ անշուշտ ազնուականութիւնը ունի որոշ ազդակներ։ Տարակոյս չկայ, թէ ոմանց ազնուականութիւնը բնատուր է՝ անոնք «ազնուական» ծնած են։

Երբ ազնուութիւնը ոմանց համար ընդոծին է, ապա ուրեմն ոմանք ալ ի ծնէ կոշտ են եւ կոպի՛տ։

Այսուհանդերձ, ազնուականութիւնը ընդաբոյս յատկութիւն մը ըլլալէ աւելի՝ ստացական է, եւ կրնայ հետզհետէ զարգանալ, աճիլ եւ ուռճանալ ծաղիկի մը պէս, որ ստացած անհրաժեշտ սնունդին եւ ջերմութեան չափովը կը սփռէ իր բնական գեղեցկութիւնը եւ անուշ բուրումը։

Արդարեւ, ազնուականութեան առաջին պայմա՛նն է՝ ունենալ լաւ «խորք» մը, որ կը նշանակէ մարդու մը անմիջական միջավայրը։ Եւ անշուշտ, այդ միջավայրէն ստացած իմացական եւ բարոյական նախնական «սնունդ»ը։ Ահաւասիկ, անմիջական միջավայրէն ստացուած այդ նախնական «սնունդ»ը՝ աւի՛շն է ազնուականութեան։

Ոմանք շա՛տ բան կը պարտին այս «խորք»ին եւ իրապէ՛ս բախտաւոր են այդ տեսակէտէն։ Բայց ուրիշներ ալ շատ դժբա՛խտ են այդ մասին։ Ուստի, բարեկիրթ, կենցաղագէտ, ուսեալ, զարգացած եւ ազնիւ հայր մը ու մայր մը ճոխ «դրամագլուխ» են իրենց զաւկին բարոյապէս կազմաւորման համար, քանի որ ան իր ծնողներուն միջոցով կը հարստանայ միտքով եւ սիրտով՝ հոգիով, եւ բնականաբար երբ կը հասնի առողջ միջավայրի մը մէջ, տղան ալ մեծ մասամբ կ՚օգտուի եւ առողջ կը մնայ։

Այս «խորք»ին արժէքը կարելի չէ՛ չափազանցել, եւ հազուադէպ է որ տղան չազդուի եւ չտպաւորուի իր անմիջական միջավայրէն, քանի որ անոր տիպարն է իր ծնողքը։ Ուստի աստիճանաբար, հետզհետէ կ՚իւրացնէ միջավայրին պատրաստած «սնունդ»ը, ուր կը շնչէ եւ կ՚ապրի կեանքը։

Այս «խորք»ին՝ անմիջական միջավայրին լրացուցիչը պէ՛տք է ըլլայ անշուշտ՝ «ընտիր դաստիարակութիւն» մը, որ ընտանիքին այդ ուղղութեամբ դրած հիմը հաստատէ, ամրացնէ եւ զօրացնէ, եւ անոր վրայ բարձրանայ «ազնուութեան եւ բարեկրթութեան շէնք»ը։

Արդարեւ, ազնուականութիւնը իր սնունդին՝ աւիշին կարեւոր մասը պէտք է ստանայ «սրտի կրթութենէն», որը ջամբել դպրոցներու էական եւ առաջնակարգ պաշտօնն է։ Ուստի «ապագայ մարդ»ուն, ապագայ սերունդին բարոյապէս կատարելութենէն պատասխանատո՛ւ են ծնողներ եւ ապա դաստիարակներ, ուսուցիչներ…։ Ճշմարիտ դաստիարակութեան եւ կրթութեան մատուցած ամենէն էական արդիւնքներէն մէ՛կն է՝ «սրտի ազնուութիւն»ը, զոր ողջամիտ եւ պատասխանատուութեանը գիտակցութիւնը ունեցող ծնողքը յաճախ ուսումէն գերադաս կը համարի։ Եւ տունէն՝ ընտանիքէն յետոյ ուրկէ՞ կարելի է սպասել այս գեղեցիկ եւ նպաստաւոր արդիւնքը, եթէ ոչ մեր դպրոցներէ՛ն։

Ուրեմն, ծանր պատասխանատուութիւն կը վերաբերի ուսուցիչներուն, դաստիարակներուն եւ բոլոր կրթական մշակներուն՝ որոնք վեհագոյն աշխատաւորներն են ապագայ «ազնուական մարդ»ը հասցնելու նուիրական ու սրբազան գործին, եւ որոնց յանձնուած է մարդկութեան ամբողջ ապագան՝ որ պէ՛տք է բարձրանայ «ազնի՛ւ» հոգիներու ուսերուն վրայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 7, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017