ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՆԻՍՏ
Գումգաբուի մէջ այս շրջանին կը շարունակուին Պատրիարքական Աթոռին յարակից ստեղծուած «Յովակիմ 1461» հիմնարկի ապագային վերաբերեալ խտացեալ քննարկումները։ Վերջին շրջաններուն այս հարցին շուրջ կազմակերպուած ժողովները եւ ծաւալուած քննարկումները կ՚արժանանան համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ, երէկ երեկոյեան, այս նիւթին վերաբերեալ հերթական խորհրդակցութիւնը տեղի ունեցաւ՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երէկուան նիստը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի «Յովակիմ 1461»ի հեռանկարները յստակեցնելու ճանապարհին առնուի քայլ մը եւս։
Նորին սրբազնութեան գլխաւորութեամբ երէկուան ժողովին մասնակցեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը (Համայնքային վաքըֆներու հարթակի՝ VADİP-ի ատենադպիր եւ Պէյքոզի թաղային խորհուրդի յարակից խորհրդատուներու խումբի բանբեր), Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Արթուն Թեքիրօղլու, Ղալաթիոյ խնամակալութենէն Վարդավառ Ճաւաք եւ Պետրոս Մարզուան, որ Պատրիարքարանի հաշուապահն է ու միեւնոյն ժամանակ մաս կը կազմէ «Յովակիմ 1461»ի վարչութեան։
Ժողովի ընթացքին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան ընթերցեց «Յովակիմ 1461»ի ընդհանուր ժողովի անդամներուն կողմէ պատրաստուած տեղեկագիր մը։ Այսպէսով բոլոր ժողովականներուն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ամփոփուեցաւ այն աշխատանքը, որ ցայսօր կատարուած է «Յովակիմ 1461» հիմնարկի ապագան յստակեցնելու համար։ Այդ ամփոփիչ յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ սկզբունքօրէն հոգեւորականաց դասի անդամները կողմնակից չեն ելմտական խնդիրներու միջամուխ դառնալու։ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին եւ «Յովակիմ 1461» հիմնարկին միջեւ 49 տարուան ժամկէտով կնքուած է պայմանագիր մը։ Այդ պայմանագիրը կ՚ենթադրէ Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի ապասեփականացուած բաժիններու փոխարէն որպէս հատուցում ուղարկուած կամ ուղարկուելիք գումարներու տնօրինումը, ինչպէս նաեւ երբեմնի գերեզմանատան տարածքի մնացեալ հատուածի ապագայ արժեւորման, մասնաւորապէս այնտեղ շինարարութեան ծաւալման հեռանկարներուն վերաբերեալ լուրջ եւ մեծ գործարքներու ապագայ կազմակերպումը եւ վերահսկումը։
Երէկ հրապարակուած տեղեկագրին մէջ մասնաւորապէս շեշտուեցաւ, որ կրօնականներու եւ աշխարհականներու ելմտական նիւթերու շուրջ ծաւալած գործունէութեան համընկնումը սկզբունքօրէն նպատակայարմար չի դասուիր։ Այս պայմաններուն ներքեւ նոյնիսկ չի բացառուիր «Յովակիմ 1461» հիմնարկի ընդհանրապէս ջնջուիլը։ Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Պէյքոզի վերաբերեալ գործընթացը եւ համապատասխան գործարքները կը հետաքրքրեն ամբողջ համայնքը եւ ունին ճակատագրական մեծ նշանակութիւն՝ մեր հաստատութիւններու ապագային տեսակէտէ։ Հետեւաբար, զանազան վարկածներ հաշուի կ՚առնուին ներկայ պահու դրութեամբ՝ ապագայ ճանապարհ մը ուրուագծելու նպատակով։ Զանազան այլընտրանքներ օրակարգի վրայ կը գտնուին եւ ժողովի դռնփակ բաժնին տեւողութեան նիստի մասնակիցները դանդաղեցան այդ բոլոր խնդիրներուն վրայ։
«Յովակիմ 1461» հիմնարկի երէկուան ժողովը Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կազմակերպուած էր մեր հինգ հաստատութիւններու եւ դարձեալ Պատրիարքարանի յարակից գործող «Կիւմիւշեան» հիմնարկի ղեկավարութիւններու ձեւաչափին մէջ։ Ս. Խաչ դպրեվանքի եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնները չէին ընդառաջած այս հրաւէրին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտ հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեց, որ ժողովի դռնփակ բաժնին ընթացքին մանրակրկիտ հաշուի առնուեցան հաւանական գործերը։ Բոլոր վարկածները եւ անոնց ենթադրած հեռանկարները ուշադրութեամբ եւ շրջահայեաց ձեւով արժեւորուեցան ժողովականներուն կողմէ։ Վերջնական որոշումը թէեւ յառաջիկայ շրջանին պիտի տրուի, սակայն ըստ նորին սրբազնութեան, ներկայիս կ՚ենթադրուի՝ որ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին եւ «Յովակիմ 1461» հիմնարկին միջեւ կնքուած պայմանագիրը ջնջուի։ Այսինքն, աստիճանաբար «Յովակիմ 1461»ը կը նախատեսէ դադրեցնել Պէյքոզի մասին գործարքներուն իր մասնակցութիւնը։
Այս բոլորի լոյսին տակ, ներկայիս համայնքային շրջանակները կը սպասեն «Յովակիմ 1461»ի ապագայի վերաբերեալ որոնումներու վերջնական յստակեցման եւ կատարուելիք համապատասխան պաշտօնական յայտարարութեան։