ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ՝ «ԱՅԴ ՍԵՐՄԸ ԵՍ ԷԻ»
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գրողներու միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ սաղիամահայ բանաստեղծուհի Անոյշ Նագգաշեանի նոր գրքին շնորհանդէսը։ «Այդ սերմը ես էի» խորագրեալ գրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ։
Ձեռնարկի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Տ. Կոմիտաս Վրդ. Յովնանեան։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի պատգամը փոխանցեց փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան։ Շարք մը գիտնականներ հանդէս եկան ելոյթներով՝ մեկնաբանելով Անոյշ Նագգաշեանի վերջին գիրքը եւ ընդհանրապէս արժեւորելով գրական կալուածէ ներս անոր բազմակողմանի գործունէութիւնը։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց հեղինակը՝ Անոյշ Նագգաշեան։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան երիցագոյն միաբաններէն Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան, որ իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց Անոյշ Նագգաշեանին։