ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԵՔՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Ասորի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթինին։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները այս առթիւ ունեցան սիրալիր տեսակցութիւն մը։ Այցելութեան աւարտին ասորիներու պատրիարքական փոխանորդը նորին սրբազնութեան նուիրեց գիրք մը։ Այցելութեան ընթացքին տեղապահ սրբազան հօր ընկերացաւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Բաց աստի, նոյնպէս երէկ տեղապահ սրբազան հայրը այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ասորի կաթոլիկներու պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Ապտուլահատ Չանլըին։ Նոյնպէս տեղի ունեցաւ սիրալիր զրոյց մը, որու աւարտին երկու հոգեւոր առաջնորդները ուրախութիւն յայտնեցին հանդիպելու հնարաւորութեան մասին եւ զանազան նիւթերու շուրջ փոխանակեցին կարծիքներ։

Այս այցելութեան ընթացքին նորին սրբազնութեան ընկերացան Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2017