ՆՈՐՈՎԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

2017-2018 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանը երէկ տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ մէջ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս եղանակի առաջին մատաղօրհնութիւնը կազմակերպուեցաւ Ս. Գէորգի տօնին զուգադիպած շաբաթավերջին։ Համայնքային շրջանակները նորովի զօրակցութեան մը պատրաստակամութեամբ համախմբուեցան եւ հերթական անգամ իրենց լուման ներդրին՝ մեր կրթական հաստատութիւններու յարատեւութիւնը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ սիրոյ սեղանին առթիւ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Այս եղանակի առաջին սիրոյ սեղանի արդիւնքը թէեւ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացը ամբողջութեամբ չհաւասարակշռեց, սակայն յոյս ներշնչեց՝ որովհետեւ հանգանակութիւնը նուազագոյն նշաձող մը գերազանցելու տեսակէտէ եղաւ բաւարար։ Ընդհանուր տպաւորութիւնն է, որ համայնքային շրջանակները կը գիտակցին՝ թէ ներկայ ծանր փուլին զոհողութիւնները պէտք է բազմապատկուին, այլապէս մեր վարժարաններու կայունութիւնը դժուար թէ երաշխաւորուի։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ երէկ Ս. Գէորգ եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Ս. Պատարագը մատոյց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Առընթերակայ էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Րէիսեան եւ Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Ալէն Սրկ. Ներկիզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակոշեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Բացօթեայ աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որու կողքին էին պատարագիչ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, ինչպէս նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետելէ վերջ մասնակցեցաւ Սամաթիոյ սիրոյ սեղանին։ Բոլոր ներկաները մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին մեր երեք սրբազաններուն ներկայութիւնը։

Հաւաքոյթի պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որու կողքին էր քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։ Մուսթաֆա Սարըկիւլ Սամաթիոյ սիրոյ սեղանին բերած էր իր աջակցութիւնը՝ ապահովելով բացօթեայ ընդարձակ վրանին լարուիլը։ Համայնքային շրջանակները մշտական համակրանքով եւ խոր երախտագիտութեամբ ողջունեցին իր ներկայութիւնը։

Բաց աստի, Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի անկեղծ ու ջերմ զգացումներով մեծարեց մեր երախտաշատ բարերարներէն Գէորգ եւ Եւա Սանթալու ամոլը։ Արդարեւ, Սանթալուները եկեղեցւոյ համալիրը օժտած էին վերելակով մը եւ Սահակեան-Նունեան լիսէի շէնքին համար ալ ապահոված էին կարգ մը անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու տեղադրումը։ Սանթալու ամոլը եւ իրենց հարազատները երէկուան սիրոյ սեղանին ընթացքին արժանացան բոլորի ջերմ գնահատանքին եւ շրջապատուեցան բարեմաղթութիւններով։

Սիրոյ սեղանին ներկայ էին բազմաթիւ ծանօթ բարերարներ, ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, Սամաթիոյ ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր, համակիրներ եւ հիւրեր։ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլու ներկայ գտնուեցան սիրոյ սեղանին։ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հաւաքոյթի բոլոր մասնակիցները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Խաչիկ Սրկ. Սարըլըի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Եսայի Տեմիր, Սամաթիոյ պատուոյ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ, Պարոն Նալպանտ, ինչպէս նաեւ վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժիններու նորանշանակ տնօրէնուհիները՝ Մարի Սարուխանեան եւ Պելինտա Մըխճը։ Արտասանութիւններով հանդէս եկան աշակերտներէն՝ Լորի Արզուման, Նուէր Զէքի, Նորտա Տեստիճի, Մուրատ Սեփեթճի, Նարեկ Շարքլը եւ Լորա Տաշ։ Աշխարհիկ երգերու կատարումներով հանդէս եկաւ նաեւ Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակոշեանի։

Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը յուշանուէրներ պատրաստած էր Գէորգ-Եւա Սանթալու ամոլին, Մուսթաֆա Սարըկիւլին, Վազգէն Պարընին համար եւ այդ յուշանուէրները ծափահարութիւններու ներքեւ յանձնուեցան՝ ձեռամբ տեղապահ սրբազան հօր։ Յուշանուէր մըն ալ պատրաստուած էր Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի համար՝  եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-ամեակին առթիւ։ Այս մասին առանձնապէս կարդալ մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ տեղապահ սրբազան հօր հուսկ բանքով։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն պարտականութիւնն է՝ ներդնել լումաները, որպէսզի մեր կրթական հաստատութիւնները յարատեւեն։ Նորին Սրբազնութիւնը բարձր գնահատեց Սամաթիոյ ընտանիքը, անունները տալով դրուատեց մեր երէց սերունդէ կարգ մը բարերարները եւ մաղթեց, որ նոյն զօրակցութեան ոգին շարունակուի մեր համայնքէն ներս։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընդգծեց նաեւ, որ մեր հոգեւորականաց դասը միշտ միասնական է եւ այդպէս ալ կը մնայ՝ հաւատարիմ մեր նուիրապետական հասկացութեամբ։

Տէրունական աղօթքէն վերջ ներկաները արձակուեցան՝ յաջողութիւն մաղթելով Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։                       

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017