Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու Կազմաւորումը
Քորէայի բաժանման վտանգը առնելու նպատակով հարաւի մէջ սկսած շարժումը հետզհետէ լայն ծաւալ ստացաւ:
Ճեճու կղզիին բնակիչները 3 Ապրիլ 1948-ին ապստամբեցան: Աշխատանքային կուսակցութեան շուրջ 500 հրոսակներ եւ 3 հազար համակիրներ յարձակեցան կղզիին ոստիկանական 24 կեդրոններէն մէկ մասին վրայ եւ ոստիկանական 30 սպաներ սպաննեցին:
Ճեճուի ոստիկան զօրաց հրամանատար զօրավար Քիմ Իք-ռոլ բանակցութեան մտաւ ըմբոստներուն հետ եւ փորձեց խաղաղօրէն լուծել հարցը: Ան քանի մը անգամ կապի մէջ մտաւ ապստամբութեան ղեկավար Քիմ Տալսամի հետ եւ առանց պայմանի անձնատուութիւն պահանջեց: Ըմբոստները պահանջեցին ոստիկանական բոլոր ուժերու հեռացումը կղզիէն եւ Քորէայի վերամիացումը:
Բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք բախումները վերսկսան: Զինուորական իշխանութիւնը հակադարձեց եւ խիստ միջոցառումներու դիմեց: Հարաւային Քորէայի տարածքին գտնուող ոստիկան զօրաց 1700 կեդրոնները զօրացուեցան եւ պատրաստ վիճակի մէջ դրուեցան, իսկ Ճեճու շրջափակուեցաւ:
Նոյն օրերուն Փիոնկեանկի մէջ համաժողով մը բացուեցաւ հիւսիսի եւ հարաւի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Հարաւցի շարք մը ղեկավար դէմքեր, Քիմ Քուի եւ Քիմ Քիու-սիքի գլխաւորութեամբ, որոշեցին պոյքոթի ենթարկել հարաւի մէջ կայանալիք ընտրութիւնները:
Մայիս 10-ին նախատեսուած ընտրութիւններուն թուականը կը մօտենար եւ բախումները կը շարունակուէին: Մայիսի առաջին օրերուն հրոսակներ կտրեցին հեռաձայնի գիծերը, քանդեցին կամուրջները եւ փակեցին ճանապարհները, կտրելու համար հաղորդակցութեան գիծերը:
Հարաւի մէջ 10 Մայիս 1948-ին կայացան երեսփոխանական ընտրութիւններ: Ռի Սինկմանի կողմէ 1946-ին հիմնուած Ազգային միութիւնը շահեցաւ 200 աթոռներէն 55-ը, անկախները շահեցան 85 աթոռ, Քորէայի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը՝ 29 աթոռ: Սահմանադրութիւնը հռչակուեցաւ 17 Յուլիսին: Նախագահական ընտրութիւնները կայացան Յուլիս 20-ին. թեկնածուներն էին՝ Ռի Սինկման, Քորէայի անկախութեան կուսակցութեան ղեկավար Քիմ Քու, Ան Սի-հոնկ եւ Սի Ճաէ-փիլ: Ռի Սինկման ստացաւ քուէարկած 196 երեսփոխաններէն 180-ին քուէն եւ ընտրուեցաւ նախագահ: Ռի (Եի) Սինկման Եի արքայատոհմէն էր, մեծ իշխան Եանկեոնկի 16-րդ սերունդը:
Քորէայի հանրապետութիւնը (Հարաւային Քորէա) հռչակուեցաւ 15 Օգոստոս 1948-ին:
***
Հիւսիսային Քորէայի մէջ գերագոյն ժողովրդական ժողովի ընտրութիւնները կայացան 25 Օգոստոս 1948-ին: Երեսփոխանական 572 աթոռներէն 360-ը վերապահուած էր հարաւցիներուն: Հիւսիսի իշխանութիւնները հաստատեցին, որ հարաւցի ընտրողներուն 77.8 առ հարիւրը մասնակցած է ընդյատակեայ ընտրութիւններուն, ընտրելով հազար ներկայացուցիչ, որոնք իրենց կարգին ընտրեցին հարաւցի 360 երեսփոխանները:
Իւրաքանչիւր ընտրող միայն մէկ թեկնածուի կրնար քուէարկել: Բոլոր թեկնածուներն ալ Հիւսիսային Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութեան կողմէ որոշուած էին: Կային նաեւ այլ կուսակցութիւններու եւ պետական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ժողովրդավարական բնոյթ տալու համար ընտրութիւններուն:
Նոր սահմանադրութիւնը հռչակ-ւեցաւ 3 Սեպտեմբերին: Քորէայի ժողովրդային ժողովրդավարական հանրապետութիւնը (Հիւսիսային Քորէա), Քիմ Իլ-սունկի ղեկավարութեամբ, հռչակուեցաւ 9 Սեպտեմբեր 1948-ին:
Հոկտեմբեր 12-ին Խորհրդային Միութիւն յայտարարեց, որ Քիմ Իլ-սունկի վարչակարգը Քորէայի միակ օրինաւոր կառավարութիւնն է: Այնուհետեւ խորհրդային ուժերը քաշուեցան քորէական հողերէն:
Հիւսիսային Քորէա հարաւէն պահանջեց ամերիկեան ուժերու հեռացումը:
***
Հարաւային Քորէայի Եոսու, Սունչոն եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ 1948 Հոկտեմբերին ապստամբութիւն բարձրացաւ: Խռովութիւնները ճնշելու համար զօրք ղրկուեցաւ: Բայց Եոսու ղրկուած շուրջ 3 հազար զինուորները մերժեցին կրակ բանալ ժողովուրդին վրայ եւ զէնքը շրջելով իրենց հակակշիռին տակ առին քաղաքը:
Եոսուի մէջ ժողովրդային իշխանութիւն հռչակուեցաւ, կարմիր դրօշներ բարձրացուեցան եւ ինքնակառավարման յանձնախումբեր կազմուեցան: Ոստիկանական ըս-պաներ, հողատէրեր, աջակողմեան նկատուող ընտանիքներ եւ քրիստոնեաներ հաւաքաբար սուրի քաշուեցան:
Ամերիկացի սպաներ պատրաստեցին Եոսուն գրաւելու յատակագիծը. ամերիկեան օդուժը փոխադրեց զօրքը, եւ մէկ շաբաթ ետք հարաւքորէական բանակը մտաւ Եոսու, զսպեց ապստամբութիւնը եւ շուրջ 2 հազար քաղաքացիներ սուրի քաշեց:
Եոսուի շրջակայքը կեդրոնացած հարաւքորէական բանակի 14-րդ գումարտակին հրահանգուեցաւ Ճեճու ցամաք ելլել եւ ճնշել հրոսակները: Բայց 14-րդ գումարտակը Հոկտեմբեր 20-ին ըմբոստացաւ, յայտարարելով որ չ՚ուզեր Ճեճուի բնակիչները ջարդել:
Նախագահ Ռի Սինկման բանակին հրահանգեց զսպել ըմբոստութիւնը: Նախագահը 17 Նոյեմբեր 1948-ին ստիպողական վիճակ յայտարարեց: 14-րդ գումարտակին ըմբոստութիւնը ճնշուեցաւ: Դեկտեմբեր 14-ին Ճեճուի մէկ փոքր գիւղին մէջ բանակը շատ մը երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ ձերբակալեց: Աղջիկները երկու շաբաթ շարունակ սեռային բռնութիւններու ենթարկուեցան եւ ապա տղոց հետ միասին հաւաքաբար սպաննուեցան: Ոստիկանութիւնը ձախակողմեաններն ու քաղաքական հակառակորդները հետեւողականօրէն մաքրագործեց: Մօտաւոր տուեալներով, Ճեճուի, Եոսուի եւ Սունչոնի մէջ 30 հազար անձեր սպաննուեցան:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը 12 Դեկտեմբեր 1948-ին հաստատեց, որ Քորէայի հանրապետութիւնը Քորէայի միակ օրինական կառավարութիւնն է:
Հրոսակներ 1 Յունուար 1949-ին Ճեճու կղզիի Ճեճու եւ Օտոնկ աւաններուն մէջ յարձակումներ կազմակերպեցին ոստիկանական կեդրոններուն դէմ, բայց ետ մղուեցան եւ կղզիին լեռները ապաստանեցան: Ոստիկանութիւնը բռնութիւնները սաստկացուց եւ մեծաթիւ գիւղացիներ սպաննեց: Մարտին բանակը լայնածաւալ յարձակում մը շղթայազերծեց Ճեճուի ըմբոստութիւններուն դէմ եւ 2345 հրոսակներ ու 1668 քաղաքացիներ սպաննեց: Այնուհետեւ կղզիին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարուեցաւ խորհրդարանին մէջ շրջանին թափուր աթոռներուն համար:
Պոտօ Լիկան (կամ Ազգային պաշտպանութեան եւ ուղղութեան դաշնակցութիւնը) կազմուեցաւ 1949 Յունիսին, հսկելու համար քաղաքական ընդդիմադիրներուն վրայ: Մեծաթիւ քաղաքացիներ պարտադրաբար անդամագրուեցան լիկային:
Ամերիկեան բանակը 1949-ի ամրան քաշուեցաւ Հարաւային Քորէայէն:
Հարաւքորէական բանակը 24 Դեկտեմբեր 1949-ին բնաջնջեց Մունկիոնկի բնակիչները, որոնք համայնավարներուն մօտիկ կը նկատուէին:
***
Ճաբոնական գրաւեալ բանակներուն դէմ պատերազմի աւարտէն ետք, 1945-ին, Չինաստանի մէջ սկսաւ քաղաքացիական պատերազմը՝ համայնավարներուն եւ ազգայնականներուն միջեւ: Համայնավարները զօրաւոր էին Մանչուրիոյ մէջ եւ հիւսիսքորէական բանակին զէնք, զինամթերք եւ փոխադրակառքեր կը հայթայթէին: Նաեւ՝ տասնեակ հազարաւոր քորէացիներ կը կռուէին չինական ժողովրդային ազատագրութեան բանակին մէջ:
Համայնավարները յաղթական դուրս եկան եւ Մաօ Ցէ Թունկ 1 Հոկտեմբեր 1949-ին Չինաստանի ժողովրդային հանրապետութիւնը հռչակեց: Ազգայնականները, Չան Քայ-շէքի գլխաւորութեամբ, կեդրոնացան Թայուան կղզիին մէջ: Քորէացի տասնեակ հազարաւոր կռուողները իրենց զէնքերով վերադարձան հայրենիք: Չինաստան խոստացաւ օգնել հիւսիսքորէական բանակին, հարաւի ազատագրութեան համար:
***
Հիւսիսային Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութիւնը 30 Յունիս 1949-ին միացաւ իր հարաւի ճիւղին եւ վերակոչուեցաւ Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութիւն՝ Քիմ Իլ-սունկի գլխաւորութեամբ:
Քիմ ժողովրդային բանակը կազմակերպեց խստագոյն կարգապահութեամբ: Համայնավար նախկին հրոսակներ եւ զինուորներ, որոնք ճաբոնցիներու եւ ազգայնական չինացիներու դէմ կռուած էին, բանակին կորիզը կազմեցին: Խորհըր-դային Միութիւն խորհրդատուներ, արհեստագիտութեան եւ արդիական զէնքեր տրամադրեց: Քիմ նաեւ օդուժը կազմակերպեց. օդաչուներ Խորհրդային Միութիւն եւ Չինաստան ղրկուեցան մարզուելու:
Հիւսիսային Քորէայի բնակչութիւնը, 1949-ի տուեալներով կը հաշուէր 9 միլիոն 620 հազար հոգի: Ունէր շուրջ 200 հազարնոց բանակ, բաղկացած՝ հետեւակ տասը զօրագունդերէ, հրետանային մէկ զօրագունդէ եւ օդուժի մէկ զօրագունդէ: Փիոնկեանկի զինուորական եւ ոստիկանական կեդրոնական ակադեմիաները հաստատ-ւեցան: Կազմակերպուեցան նաեւ ոստիկանական կարգապահական ջոկատներ: Գործօն բանակը ունէր 274 հրասայլ, 200 թնդանօթ, 110 յարձակողական եւ ռմբաձիգ օդանաւ, 150 հալածիչ օդանաւ եւ 35 հետախուզական օդանաւ: Ծովուժը բաղկացած էր քանի մը փոքր մարտանաւերէ: Պահեստի բանակը կը հաշուէր 30 հազար զինուոր, 105 հրասայլ եւ 114 հալածիչ եւ 78 ռմբաձիգ օդանաւ:
Հարաւային Քորէա ունէր 20 միլիոն 188 հազար բնակիչ եւ 98 հազարնոց բանակ (որուն 33 հազարը՝ պահեստի), ոչ մէկ հրասայլ եւ 22 օդանաւ: Միացեալ Նահանգներ կը մերժէր ծանր զէնքեր տալ հարաւքորէական բանակին, այն հիմնաւորումով, որ անիկա կը պահպանուի միայն ներքին ապահովութեան եւ ինքնապաշտպանութեան համար:
Քորէական երկու պետութիւններուն սահմանադրութիւններն ալ կը նշէին, որ իրենց կառավարութիւններուն նպատակն է իշխանութիւնը տարածել ամբողջ Քորէայի վրայ: Ինչպէս Քիմ Իլ-սունկ, նոյնպէս եւ Ռի Սինկման կ՚արտայայտուէին ամբողջ Քորէան իրենց ենթարկելու նպատակներու մասին: Հիւսիսային Քորէայի սահմանադրութեան համաձայն երկրի մայրաքաղաքը Սէուլն էր, իսկ Փիոնկեանկ պաշտօնապէս կը նկատուէր ժամանակաւոր մայրաքաղաք, մինչեւ Սէուլի ազատագրումը:
***
Քորէայի ժողովրդային բանակի սպայակոյտը 1948-ի աշնան սկսաւ նախապատրաստուիլ հարաւի ազատագրութեան պատերազմին: Քիմ Իլ-սունկ 1949 Մարտին Մոսկուա այցելեց եւ Սթալինի հաւանութիւնը խնդրեց Հարաւային Քորէայի վրայ յարձակելու համար: Ան փաստարկեց ըսելով, որ Ռի Սինկմանի կառավարութիւնը ժողովրդականութիւն չունի եւ թէ՝ հիւսիսքորէական զօրքերու ներխուժումէն ետք զանգուածային ապստամբութիւն կը բարձրանայ հարաւի մէջ եւ ժողովուրդը ինք կը տապալէ Սէուլի վարչակարգը:
Սթալին ըսաւ, որ նախ քորէական ժողովրդային բանակը բաւարար պատրաստութիւն չունի եւ նաեւ շատ հաւանական է, որ ամերիկեան զօրքերը միջամտեն եւ հիւլէական ռումբ գործածեն: Հետեւաբար, ան չբաւարարեց Քիմ Իլ-Սունկի խնդրանքը:
Հաւանաբար Սթալին կը մտածէր, որ Քորէայի մէջ պատերազմը կրնայ յանգեցնել նոր համաշխարհային պատերազմի մը բռնկումին:
Իր կարգին Մաօ Ցէ Թունկ համոզուած էր, որ ամերիկեան հաւանական միջամտութիւն մը կ՚ապակայունացնէ իրավիճակը ամբողջ շրջանին մէջ. բան մը, որ կրնար բացասաբար ազդել Թայուան հաստատուած ազգայնական ուժեը ջախջախելու իր յետագայ ծրագիրներուն վրայ:
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Տին Էչըսըն, 12 Յունուար 1950-ի յայտարարութեամբ, Խաղաղականի մէջ Միացեալ Նահանգներու «պաշտպանութեան շրջագիծէն» ներս, որեւէ յիշատակութիւն չկատարեց Քորէայի մասին:
Քիմ Իլ-սունկ 1950 Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն կրկին եղաւ Մոսկուա: Երկար տատանումներէ ետք եւ հաւատալով Քիմ Ի-սունկի յամառ հաւաստիացումներուն, Սթալին հաւանութիւն տուաւ ռազմական գործողութիւններու սկսելու համար: Հարաւային Քորէայի վրայ յարձակման ծրագրի մշակման մասնակցեցաւ նաեւ Հիւսիսային Քորէայի մէջ ռազմական գլխաւոր խորհրդատու զօրավար Նիքոլայ Վասիլեւ:
Քիմ Իլ-սունկ մայիսին հանդիպում ունեցաւ Մաոյի հետ: Մաօ ըսաւ, որ Ամերիկա կրնայ միջամտել, բայց համաձայնեցաւ նեցուկ կանգնիլ հիւսիսքորէական բանակին: Ան Չինաստանի քորէացիներէն կամաւորներ հաւաքագրեց եւ ուղարկեց Հիւսիսային Քորէա, եւ խոստացաւ սահմանին վրայ ուժ կեդրոնացնել: Մաօ Ցէ Թունկի ալ համաձայնութիւնը ստանալէ ետք պատերազմի պատրաստութիւնը արագ ընթացք ստացաւ:
Խորհրդային զօրավարներ Հիւսիսային Քորէա ուղարկուեցան եւ պատրաստեցին յարձակման յատակագիծը: Ներխուժումը պիտի սկսէր Օնճին թերակղզիէն, Քորէայի արեւմտեան ափէն, կայծակնային յարձակումով մը Սէուլ պիտի գրաւուէր եւ հարաւքորէական բանակը իր գլխաւոր կեդրոններուն մէջ պիտի շրջափակուէր ու ջախջախուէր: Այնուհետեւ հարաւքորէական կառավարական հաստատութիւնները պիտի փճացուէին եւ նաւահանգիստները պիտի գրաւուէին:
Հիւսիսային Քորէայի մէջ խորհրդային դեսպան Թերենթի Շթիքով Մայիս 27-ին Սթալինին յղած հեռագիրին մէջ կը յայտնէր, որ յարձակման ընդհանուր ծրագիրը պատրաստ է եւ հաստատուած է Քիմ Իլ-սունկի կողմէ:
Քիմ իլ-սունկ Յունիս 7-ին հրապարակ նետեց 15-17 Յունիս 1950-ին Հեճուի մէջ համաքորէական խորհրդակցական համաժողով մը կազմակերպելու եւ 5-8 Օգոստոսին ալ համաքորէական ընտրութիւններ կայացնելու մասին ծրագիր մը: Յունիս 11-ին Հիւսիսային Քորէա երեք հոգինոց պատուիրակութիւն մը ուղարկեց հարաւ, խաղաղ բանակցութիւններու առաջարկով, բայց Ռի Սինկման մերժեց ընդունիլ զանոնք:
Ամերիկացի քաղաքագէտ Ճոն Ֆոսթըր Տալըս Յունիս 18-ին Քորէա այցելեց: Ռի Սինկման անոր յիշեցուց Հիւսիսային Քորէան գրաւելու իր փափաքը:
Յունիս 21-ին Քիմ Իլ-սունկ փոփոխութեան ենթարկեց պատերազմական յատակագիծը, որուն համաձայն յարձակումը պիտի սկսէր 38-րդ հորիզոնականէն եւ ոչ թէ Օնճին թերակղզիէն: Քիմ մտահոգ էր, որ հարաւքորէական գաղտնի գործակալութիւնը կրնայ տեղեակ ըլլալ պատերազմի ծրագիրէն: Սթալին հաստատեց ծրագիրի փոփոխութիւնը:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ