ՄԻՆՉԵՒ Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻ ՌԻԱՏ-ՄՈՍԿՈՒԱ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Սէուտական Արաբիոյ Սելման պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորի Մոսկուա տուած այցելութիւնը տակաւին երկար ժամանակ պիտի դառնայ վերլուծողներու եւ քաղաքական մեկնաբաններու ուշադրութեան կեդրոն:

Թէպէտեւ Սուրիոյ տագնապին բռնկումէն ի վեր Ռիատի պատասխանատուները տարբեր առիթներով Մոսկուա այցելած են, սակայն թագաւորական մակարդակի վրայ տրուած այցելութիւնը տարբեր առումներով ալ յատուկ նշանակութիւն ունի: Լիբանանի մէջ իրանամէտ քաղաքականութեան «խօսնակ» հանդիսացող «Ալ Ախպար» պարբերականին համաձայն, այս այցին հիմնական նպատակը գահաժառանգ Մոհամմէտ իշխանի քաղաքական ծրագրի ամրագրման համար առնուած քայլ մըն է: Թերթը նաեւ կը գրէ, որ Մոհամմէտ պըն Սելման, որ կը համարուի «Սէուտական Արաբիա-2030» ծրագրին գլխաւոր «տէր»ը, այս այցելութեան միջոցաւ կարողացաւ մօտիկ անցեալին ռուսական կողմին հետ իր տարած բանակցութիւնները պսակել կարեւոր եւ նշանակալից յաջողութեամբ:

Մինչ ամերիկեան «Պլոմպըրկ» կայանը կարեւոր տուեալներ կը փոխանցէր ու կը նշէր, որ այս այցելութեան յաջողութեամբ պսակուելուն համար թագաւորութիւնը իր ազգային գանձատունէն վճարած էր 3 միլիոն ամերիկեան տոլար, անդին ռուսական կողմին հետ կնքուած զինուորական համաձայնութեան թիւերուն մասին ցարդ յստակ տուեալներ չկային: Զանգուածային լրատուութեան միջոցներ կը խօսէին միայն այն մասին, որ այս այցին շնորհիւ սէուտական կողմը յաջողած էր գնել «S-400» տիպի հրթիռային ուժեղագոյն համակարգեր, անդին նոյն առումով չէր նշուեր զինատեսակներուն խմբաքանակը եւ Ռիատին յանձնուելու ժամկէտները: Այս բոլորէն անդին սոյն «պատմական» համարուած այցին առընթեր կար մանաւանդ քաղաքական «պատգամներ» ուղղելու կարեւոր հանգամանք:

Իշխան Մոհամմէտ, որ Ուաշինկթըն տուած իր այցելութեամբ (Մարտ 2017) «քաղաքական հաւատարմագրեր» կը յանձնէր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակարգին, դէպի Մոսկուա կատարուած այս այցելութեամբ ալ կ՚ամրագրէր դէպի Ռուսաստան մերձեցման վերաբերեալ իր մօտեցումները:

Այցելութեան մէջ կար նաեւ «ներքին կեանք»ին ուղղուած նշանակալից պատգամ մը, որուն ճամբով գահաժառանգ իշխանը կու գար յայտարարելու, որ ինք «տէրն ու տիրական»ն է թագաւորութեան արտաքին քաղաքականութեան: Ու այստեղ յստակ կը դառնար նաեւ, որ Մոհամմէտ գահաժառանգ «օգտուելով» Միացեալ Նահանգներու իր սերտ դաշնակիցներուն հանդէպ ունեցած վստահութենէն, կը փորձէ ամէն գնով իր դիրքերը ամրապնդել Ռուսաստանի հետ: Բնականաբար այցելութեան օրակարգին վրայ կար նաեւ նաւթային տասնեակ համաձայնութիւններու ծրար մը, որուն առաջատարն էր սէուտական «Արամքօ» նաւթային ընկերութիւնը: Սելման թագաւոր, որ կարճ անդրադարձ մը ընելով խօսած էր Սէուտական թագաւորութեան նաւթային ընդհանուր քաղաքականութեան մասին, իր Մոսկուա տուած այցելութենէն օրեր առաջ յայտարարած էր, որ իրենք հետամուտ են նաւթի շուկան դէպի կայունացում առաջնորդել:

Այս մօտեցումը, եթէ ոչ գլխաւորագոյն, ապա գլխաւոր մօտեցում մը պէտք է համարել Ռիատ-Մոսկուա յարաբերութիւններու որակի բարելաւման կապակցութեամբ:

Ի վերջոյ թէ Ռիատ եւ թէ Մոսկուա հետամուտ են, որ նաւթի գիներու անկումը դադրի եւ ընդհանուր շուկան կայունութիւն մը ապրի, հետեւաբար նաւթը դարձեալ թանկանայ եւ իւրաքանչիւր տակառի դիմաց հասնի իր երբեմնի նախկին սակերուն, այսինքն 80 ամերիկեան տոլարի: Վերադառնալով երկու տէրութեանց միջեւ յարաբերութիւններու պատմութեան՝ հարկ է յիշեցնել, որ Ռուսաստանի (այդ օրերուն Խորհրդային Միութեան տարազով ներկայացած) եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական առաջին ճգնաժամը եղած է 1938 թուականին, երբ Սովետական Միութիւնը առկայ տարակարծութեանց պատճառով ստիպուած եղած է փակել Ճիտտէի մէջ գործող իր հիւպատոսարանը եւ անկէ ետք ալ «տուն կանչել» իր դիւանագէտները:

Այդ տագնապին հիմքը անշուշտ կապ ունէր Սէուտական Արաբիոյ առաջին թագաւոր Ապտըլ Ազիզ պըն Մոհամմէտ պըն Սըհուտի (գահին վրայ մնաց 1932 թուականէն մինչեւ իր մահը՝ 1953 թուականը) որդեգրած արտաքին քաղաքականութեան հետ: Ու հակառակ արաբական աշխարհին մէջ դէպի Խոր-հըրդային Միութիւն առկայ ընդհանուր նախասիրութեան, սէուտցիք սկսած էին առ Միացեալ Նահանգներ իրենց «նախընտրութիւններ»ը ցոյց տալ:

Տեղին է յիշեցնել, որ արաբական աշխարհին դէպի Սովետական Միութիւն «մերձեցում»ը կապ ունէր պաղեստինցիներու խնդրին ու արաբական աշխարհին մէջ ձախ ըմբռնումներուն հանդէպ յաւելեալ յարգանքին ու որպէս քաղաքական արեւելում ընդունելու մօտեցումներուն հետ: Աւելի ուշ 1948 թուականի տագնապէն ետք ալ արաբներու մեծ տոկոսը յարեաւ դէպի Խորհրդային Միութիւն նկատելէ ետք, որ Միացեալ Նահանգներուն համար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կարեւորագոյն բարեկամն ու դաշնակիցը կը հանդիսանար Իսրայէլը:

Անշուշտ անհետեւանք չեղաւ Մոսկուա-Ռիատ մեծ լարումը, ու երկար տարիներու ընթացքին երկու կողմերուն միջեւ առկայ հիմնական կապը նաւթի շուկային մէջ «լեզու գտնելու» եւ իրարու շահերը չխանգարելու մօտեցումն էր, որ ցայսօր ալ կը հանդիսանայ հիմք՝ երկու կողմերու մերձեցման:

Հարկ կա՞յ յիշեցնել, որ Մոսկուա եւ Ռիատ էթնիք, գաղափարական արեւելումի եւ այլ մակարդակներու «նոյնութիւններ» չունին, եւ զիրենք մօտեցնող հիմնական պարագան կը հանդիսանայ տնտեսական առանցքը:

Երկու կողմերուն միջեւ առանցքային թուական մը պէտք է համարել 2007 թուականը, երբ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտօնական այցելութիւն մը կը կատարէր դէպի Ռիատ: Ու այդ այցելութեան ընթացքին կը ստեղծուէր փոխհամաձայնութիւններու նոր նախագիծ մը, որուն հիմքով ալ երկու տէրութիւնները պիտի փորձէին երեւելի դարձնել դրական շեշտ մը, մինչ այլ բաւական «սառած» համարուող յարաբերութիւններուն փոխարէն: Փութինի այս քայլը անշուշտ կը համարուէր դէպի Մերձաւոր Արեւելք «վերադառնալու» կարեւոր քայլ մը, որուն համար ալ հիւսիսի հզօրը կը շարունակէ բաւական սուղ գին վճարել եւ պահպանել շրջանային իր ազդեցութիւնն ու ներկայութիւնը:

Քաղաքական ընդհանուր պարունակին մէջ Ռիատի հետ առկայ յարաբերութիւնները նոր կարեւորութիւն մը կը ստանային մասնաւորապէս Սուրիոյ պատերազմին թէժացումէն ետք: Մոսկուա, որ մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2015 թուականը «դիտող»ի ու խորհուրդ տուողի դերով հանդէս կու գար, ուղղակիօրէն կը մտնէր այս պատերազմի բովին մէջ եւ բացի իր դիրքը ամրապըն-դելէ, կը յաջողէր յաղթական դիրքի վրայ բերել մինչ այդ ընկճուած եւ «յոգնութեան նշաններ» ցոյց տուող Սուրիոյ իշխանութիւններն ու բանակը:

Սուրիոյ պատերազմին ուղղակի մասնակցութենէն առաջ ալ Մոսկուա հասկցած էր, որ առանց սիւննի աշխարհի «հաւանութեան», անհնար է որեւէ քայլ կատարել Սուրիոյ մէջ: Ու երբ խօսք կ՚երթայ սիւննի աշխարհին մասին, ապա «առիւծի բաժին»ը կ՚իյնայ Ռիատին: Ու այս առումով եւս մեր յիշողութեան մէջ թարմ է սէուտցի իշխաններու դէպի Մոսկուա տասնեակ այցելութիւնները, որոնց աւարտին բացի անշուք երկխօսութիւններէ, կողմերը չէին կրնար Սուրիոյ համար լուծման «ճանապարհային քարտէս» մը գծել:

Այս բոլորէն ետք ալ եւ խօսելով սէուտցի թագաւորին ու անոր արքունիքի կեդրոնական դէմքերուն դէպի Մոսկուա տրուած այցին մասին՝ կարելի չէ ակնկալել, որ կողմերուն միջեւ առկայ բոլոր տարակարծութիւնները լուծուեցան:

Մօտեցումներու տարբերութիւնները եւ յատկապէս Սուրիոյ վերաբերեալ առկայ «վէճ»ը ոչ մէկ փոփոխութիւն կրած է: Երկու կողմերն ալ կը շարունակեն մնալ իրենց հին դիրքերուն վրայ. միակ տարբերութեամբ, որ սէուտցիք տեսնելով Սուրիոյ մէջ Մոսկուայի վարած քաղաքականութիւնը, սկսած են լուր կերպով «մարսել» եղածը եւ փորձել իրենց «ձեռքերը լուալ» գետնի վրայ արձանագրուող արագ զարգացումներուն վերաբերեալ:

Բաց աստի, կայ նաեւ սեփական շահերու խնդիրը, որուն համար ալ արտաքին նոր նեցուկի մը կողքին սէուտցիք սկսած են յարմար համարել տնտեսական եւ զինուորական հարթակի վրայ նոր պայմանաւորուածութիւններ կնքել Ռուսաստանի հետ:

Ռիատի պատասխանատուները սկսած են կիրառել «բաց քաղաքականութիւն» մը, որուն մէջ սուր անկիւններ չկան եւ որուն մասնակիցներուն հետ ալ անոնք պատրաստ են ֆինանսական մեծ գործարքներ կատարելու:

Այս բոլորէն անդին սակայն, Ռիատի ղեկավարները կը մոռնան, որ Ռուսաստանի հանդէպ այս նոր որակի եւ «հեռահար» («S-400» տիպի հրթիռներուն նման) կապերը կրնան մեծ «զայրոյթ» յառաջացնել ամերիկացիներուն մօտ, որոնց համար Ռիատ այսօր ալ կը շարունակէ մնալ անփոխարինելի դաշնակից մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017