ԾԽԵԼՈՒ ՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ - Ա -

Տքթ. Վարդ Շիկահեր, իր «Երեք ահաւոր փորձանք» մասնագիտական ուսումնասիրութեանը մէջ սապէս կ՚ըսէ.

«Ընդհանուր հետազօտում մը ցո՛յց տուած է, թէ չորս այր մարդէ երեքը, երկու կնոջմէ մէկը, քսան տարեկանը թեւակոխած ուսանողներու եօթանասուն առ հարիւրը կը սկսին ու կը վարժին ծխել։

«1960-ական տարիներուն, երեք բժիշկէ մէկը կը ծխէր։ Բայց կը նուազէր այս համեմատութիւնը, յատկապէս ներկա՛յ ժամանակներ, որովհետեւ բժիշկները նկատեր էին հիմնո՛վին, վտանգն ու անպատեհութիւնը այս վարժութեան…»։

Եթէ նկատի առնուի, որ այս ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է 2007 թուականին, ապա ուրեմն կարելի է որ փոխուած ըլլան վերոյիշեալ համեմատութիւնները անցեալ 10 տարուայ ընթացքին։

Բայց հարցը սա է. եթէ փոփոխութիւն տեղի է ունեցած, ասիկա դէպի լա՞ւ, թէ՞ դէպի վատ իրականացած է։ Եւ թէ ներկայ վիճակագրութիւններ ի՞նչ ցոյց կու տան։

Այս ուղղութեամբ շարունակենք Տքթ. Վարդ Շիկահերի, մասնագէտի մը ուսումնասիրութիւնները կարդալ եւ հետեւիլ անոնց, քանի որ հարցը մշտնջենաւոր խնդիր մըն է եւ կը հետաքրքրէ շատերը։

«Ինչո՞ւ կը ծխեն։ Տղաք կը ծխեն հետաքրքրութենէ մղուած, կապկելու փափաքով, նմանողաբար հօր եւ մօր՝ վկայելու խաբկանքով, թէ մեծնալու, մեծ համարուելու շրջանի մէջ են։ Հա՛րկ է ընդգծել, թէ խելացի տղաք աւե՛լի հազուադէպ կը սովորին այս հետամտութեան։

«Ուրիշներ կը ծխեն նորաձեւութեան պատշաճելու, ամէնուն նմանակերպ շարժելու հակումով, կիներ՝ -բարձր դաս-ու վերաբերելու ցուցադրական սնոտի միտումով։

«Կը ծխեն, իբրեւ ամոքիչ միջոց՝ անձկութեան, սրտնեղութեան պահերու։ Կը ծխեն զուարթ տրամադրութեան, հանգիստի եւ դադարի ժամանակ, կրկնապէս հաճոյառիթ գտնելով զայն…։

«Կը ծխեն աշխատանքի ատեն, խթանիչ բնոյթ, ուշադրութիւնը լարո՛ւած պահելու ազդում վերագրելով անոր։

«Երբեմն, ինքնավստահութեան գործօն կը նկատեն այս վարժութիւնը։ Տարեց անձերու ձեռք՝ ի՛նչ որ է գաւազանը, նո՛յնն է անոնց համար ծխագլանիկը, զոր կը պահեն մատներու միջեւ։

«Ենթակաները կը հազան խժալուր, մերթ խեղդուելու չափ ուժգին։ Երբ հա՛րց կը տրուի իրենց, թէ ինչո՞ւ կը շարունակեն, կը պատասխանեն հետեւեալ չքմեղանքով.- շատ մը բաներէ, ուտելէ, խմելէ իսկ կրնամ հեռո՛ւ կենալ, բայց չե՛մ կրնար թողուլ ասիկա, որուն վարժեր եմ անգամ մը, անո՛վ խելքս իր տեղը կու գայ, գլուխս եւ հոգիս կը վերագտնեն իրենց էութիւնները…։

«Ուրեմն՝ կը հետեւի, թէ անո՛նց համար ծխագլանիկը, սիկառը, ծխամորճը, կլկլակը -դեղ ու դարման- են ամէն հոգի, ամէն հոգեպրկումի համար։

«Ենթականեր դիտել կու տան, թէ ծխելու արարքը անձկութիւնը կը փարատէ, անդորր կ՚ընծայէ հոգին, միտքը արթո՛ւն կը պահէ, թէ՛ յոգնութեան զգացումը կը մեղմէ, անօթութեան զգացումը կը թեթեւցնէ։

«Ահա՛ այս պնդումները առաջի՛ն ակնարկով մէկդի ընել, մերժե՛լ՝ քիչ մը դժուար կը թուին։

«Կեանքի ներկայ պայմանները, աղմուկը, հեւ ի հեւ աշխատանքը, լարուածութիւնը, գործի մարզերու մէջ դժուարութիւնները կը մղեն մարդը այս փորձութեան։

«Ծխախոտի ծուխին՝ փոքր ամպերու մթնոլորտ մը ստեղծելու, ծխիկին, սիկառին, ծխամորճին՝ մատներու միջեւ կամ ափին մէջ բռնելու պարագաները կարծես հմայիչ իմացում մը կ՚առթեն, կլկլակի ապակեայ կազմածը, ջուրի կաթիլներու խաղերն ու ձայները անոնց համար հրապուրիչ կը թուին…։ Հետեւաբար, ջուր խմելու պէս կը ծխեն դժբախտաբար, մոլեկան կործանարար վարժութեամբ…»։

Երբ նիւթը ծխելու մասին է, յաճախ մենք մեզի կը հարցնենք, թէ ծխելու սովորութիւնը մոլութի՞ւն մըն է, թէ ոչ վարժութիւն մը՝ որուն ենթական կը հետեւի անգիտակցաբար։

Ուրիշ խօսքով՝ ծխելու արարքը գիտակցօրէ՞ն կատարուած գործ մըն է, թէ անգիտակցօրէն՝ տարուելով կարգ մը ներքին կամ արտաքին ազդեցութիւններէ։ Եւ դարձեալ, ծխելը ո՜րքան հրապուրիչ բան մըն է, որ վարժուողը չի՛ կրնար հեռանալ անկէ, գոնէ մե՜ծ դժուարութիւններով կը հրաժարի այդ «հաճոյք»էն։

Արդարեւ, խնդրական է, թէ ծխելու սովորութիւնը «հաճոյք» մըն է, թէ վարժութեան ստեղծած «ստիպողականութիւն» մը։ Եթէ «հաճոյք» է, «հաճոյք» կ՚ընդունի, ապա ուրեմն անիկա կրնայ ըլլալ նաեւ տառապանք եւ տանջանք ուրիշներու համար, քանի որ «հաճոյք»ի ըմբռնումը յարաբերական զգացում մըն է՝ որ մէկուն համար այն ի՛նչ որ հաճոյք է, ուրիշի մը համար չարչարանք եւ ցաւառիթ երեւոյթ մը դառնալ։

Իսկ եթէ ծխելու վարժութիւնը ստիպող եւ ճնշո՛ղ երեւոյթ մըն է դարձած, այդ կը նշանակէ գերիանալ, գերի՛ն դառնալ անոր, ի՛նչ որ մարդկային արժանապատուութեան բոլորովին հակառա՛կ եղելութիւն մըն է։

Տքթ. Վարդ Շիկահեր սապէս կը շարունակէ.

«Գաղիացի գիտուն Տքթ. Զիվին կը յայտնէ, թէ՝ անո՛նք որոնք կը ծխե՛ն, անհանգի՛ստ են, ջղա՛յին անձեր են, այդքան միայն…։

«Մեծանուն վիպասան Պալզաք կ՚ըսէ, թէ՝ ծխախոտը կը տկարացնէ մարդկային կազմը, կամքն ու գիտակցութիւնը, կը քայքայէ աստիճանաբար…»։

Ուրեմն, ըստ մասնագէտներու ծխելը ունի լուրջ անպատեհութիւններ եւ պատճառ կը դառնայ մարմնական եւ հոգեկան՝ արտաքին եւ ներքին վնասներու։ Անշուշտ մինչեւ չափ մը ծխելը մարդուս ազատ կամքին հետեւանք՝ «իրաւունք» մը կարելի է համարել։ Բայց ինչպէս ըսինք, իրաւունքն ալ ունի սահման մը, իրաւունքի վայելումն ալ ունի չափ մը, կշիռ մը՝ եւ ինչպէս՝ ազատութիւնը, որ երբեք անսահման չէ, եւ որուն սահմանն է՝ ուրիշներու ազատութիւնը։

Ուրեմն, այս հիման վրայ հարցնենք. եթէ ծխելը իրաւունք մըն է, եւ թէ՝ ազատութեան հարց մը, ապա ուրեմն չծխե՛լն ալ իրաւունք է եւ ազատութեան բնական առարկա՛ն։

Եւ երբ ծխողներ կ՚ապաւինին «իրաւունք»ի եւ ազատութեան թոյլտուութեան, ապա ուրեմն պէտք չէ՞ որ յարգեն նաեւ չծխողներու իրաւունքը եւ ազատութիւնը…։

Կարծեմ քաղաքակրթութեան կարեւոր հարցերէն մին ըլլալու հանգամանքը տակաւին երկար ժամանակ պիտի չկորսնցէ ծխելու խնդիրը…։

- Պիտի շարունակուի այս մասին խորհրդածութիւնները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 9, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017