ՄԱՀ՝ ՐԱՖՖԻ ՔԱԼՓԱՔՃԸՕՂԼՈՒԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ յայտնի գործարար Րաֆֆի Քալփաքճըօղլու, որու կորուստը մեծ ցաւ պատճառած է թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ բարեկամական շրջանակին։ Րաֆֆի Քալփաքճըօղլուի մահը անժամանակ է որոշ չափով։ Ճիշդ է, որ ան շատ երիտասարդ տարիքի մէջ չէր, սակայն միւս կողմէ 70 տարեկանին ալ չէր հասած։ Հետեւաբար, իր սիրելիները կ՚ապրին իրեն վաղաժամ հրաժեշտ տալու տխրութիւնը։
Րաֆֆի Քալփաքճըօղլու 1949 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Միսաք եւ Անահիտ Քալփաքճըօղլու բարեյիշատակ ամոլի կրտսեր որդին էր։ Ուսումը աւարտելով նետուած էր կեանքի պայքարի։ Իր հաղորդական նկարագրով, ազնիւ բարոյականով եւ յամառ աշխատասիրութեամբ վերելքի ուղի մը բռնած էր գործարար աշխարհէն ներս։ 1942 թուականին հիմնուած «Սանթրալ էլէքթրիք» ընկերութիւնը 1978 թուականին կորսնցուցած էր իր հիմնադիրը։ Այդ փուլին ընկերութեան ղեկը անցած էր երկրորդ սերունդին։ 1983-ին «Սանթրալ էլէքթրիք»ը արդէն վերածուեցաւ արդիւնաբերութեան հաստատութեան մը, որ կ՚արտադրէ ելեկտրական սարքաւորումներ։ Այդ նախաձեռնութեան մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցած էր Րաֆֆի Քալփաքճըօղլու։ Մինչ այդ, «Սանթրալ էլէքթրիք»էն առաջ ան 1970-ական թուականներուն իր գործընկեր Արթուն Պահատըրի հետ հիմնած էր նաեւ «Սիմփա» ընկերութիւնը, որ եւս արտադրական բնագաւառի մէջ էր։
1983 թուականին Րաֆֆի Քալփաքճըօղլու ամուսնացած էր Նորա Քալփաքճըօղլուի հետ։ Անոնք բախտաւորուած էին երկու զաւակով։
Րաֆֆի Քալփաքճըօղլու գործարար կեանքէ ներս ձեռք բերած դրական համբաւին առընթեր ընկերային շրջանակներէ ներս մեծ համակրանք կը վայելէր։ Համայնքային շրջանակներու ամենասիրելի դէմքերէն մին էր, որ լուռումունջ իր կարեւոր նպաստը կը բերէր մեր բազմաթիւ հաստատութիւններուն։ Եշիլգիւղի ընտանիքին եւս զօրակցած էր եւ ընդհանրապէս անձայն անշշուկ կը խրախուսէր մեր համայնքային հաստատութիւններու յարատեւութիւնը։ Այս բոլորէն վերջ Րաֆֆի Քալփաքճըօղլու աչքերը փակեց կեանքին՝ իր ետին թողլով բարի, քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակ մը։ Անշուշտ, իր ընտանիքի անդամները համակուած են անմխիթար ցաւով մը եւ յաւերժ իրենց սրտին մէջ պիտի պահեն անոր յիշատակը։
Ինչպէս այսօր մեր մամուլին մէջ ընտանեկան մահազդով հրապարակուած է, Րաֆֆի Քալփաքճըօղլուի յուղարկաւորութիւնը վաղը տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուրկէ իր մարմինը պիտի ամփոփուիլ Շիշլիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Այս առթիւ մենք եւս ցաւակցութիւն կը յայտնենք Քալփաքճըօղլու ընտանիքին։