ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՀԱՍՈՒՆՑԱԾ Է ԼՐՋՕՐԷՆ
Կը տեղեկանանք, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը յաջողած է դրական ենթագետին մը պատրաստել Իսթանպուլի Քաղաքի մասնաւոր վարչութեան հետ վերջին տարիներուն ձեռնարկած համատեղ աշխատանքին շնորհիւ։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան մեզի յայտնեց, որ մօտաւորապէս հինգ տարիէ ի վեր Քաղաքի մասնաւոր վարչութեան հետ ծաւալուն աշխատանք կը տանին՝ ապահովելու համար Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շէնքի վերանորոգութիւնը։ Վերջերս համապատասխան ծրագիրը արժանացած է վերոյիշեալ վարչութեան վեցերորդ յանձնաժողովի հաւանութեան։
Յովհաննէս Կոպոյեանի խօսքերով՝ թաղային խորհուրդը շուրջ հինգ տարիէ ի վեր ձեռնամուխ եղած է այս աշխատանքին։ Իրենք ատեն-ատեն որոշ տեղեկութիւններ փոխանցած են հանրային կարծիքին, սակայն ներկայիս այլեւս նախատեսուած գործին շուրջ աւելի մանրամասնօրէն խօսիլ կարելի է։ Արդարեւ, եթէ մետասաներորդ պահուն ձախողութիւններ կամ անակնկալներ չյառաջանան՝ շուրջ երեք ամիս վերջ կրնայ սկսիլ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատմական շէնքին վերանորոգութիւնը։ Այս կապակցութեամբ ատենապետը ըսաւ.
«Մեր եկեղեցւոյ շէնքը ունի շուրջ 300 տարուան հնութիւն։ Պատմական ժառանգութիւն մըն է ան։ Բառին բուն իմաստով յուշարձան մըն է։ Անոր վերանորոգութեան համար անհրաժեշտ են՝ մասնագիտական պաշար եւ նիւթական հսկայական միջոցներ։ Սա մեծ աշխատանք մըն է։ Մենք շուրջ հինգ տարիէ ի վեր հետեւողական աշխատանք տարինք՝ որպէսզի մեր այս ծրագիրը ի կատար ածենք։ Եթէ ամէն ինչ ընթանայ մեր կանխատեսած ձեւով, ապա մեր եկեղեցին մեծ աշխատանքով մը ի հիմանէ պիտի վերանորոգուի։ Այս մեծ գործը պիտի կատարէ առանց որեւէ ձեւով նիւթական բեռ ստեղծելու համայնքին, որովհետեւ շնորհիւ մեր բռնած ուղիին՝ վերանորոգութեան ծախսերը պիտի դիմագրաւուին մեր պետութեան կողմէ։ Մեր եկեղեցին պիտի վերանորոգուի տանիքէն սկսեալ մինչեւ հիմքերը»։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան համար այժմու հաշուարկներով կը նախատեսուի շուրջ երեք տարուան ժամանակաշրջան մը։