ԿԵԱՆՔԷՆ ՊԱՐՏՈՒԻԼ…
Յաճախ կը լսենք եւ կը կրկնենք, թէ կեանքը ամբողջ պայքա՛ր մըն է՝ անվերջ, մշտնջենաւոր։ Եւ ով որ պարտուի այս պայքարին մէջ, դասալիք կ՚ըլլայ, դուրս կու գայ պայքարէն եւ կեանքը կը կորսնցնէ իր նպատակը, եւ անշուշտ իր իմաստը։ Բայց ապրելու համար պէ՛տք է որ մարդ նպատակ մը ունենայ, իմաստին մէջ խորանայ կեանքին եւ պայքարի իր նպատակին հասնելու եւ իմաստաւորելու համար կեանքը։ Այո՛, կեանքը անվերջ պայքար մըն է։
Արդէն Աւետարանի պատգամն ալ ա՛յս է, երբ Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհի» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Եւ այս կը նշանակէ, որ աշխարհ՝ ուր կ՚ապրին մարդիկ, դրախտ մը չէ՛, եւ թէ այդ «դրախտ» չէ՛ խոստացուած այս աշխարհի վրայ, քանի որ հոս կայ միշտ նեղութիւն, ցաւ եւ վիշտ, որոնք կ՚ենթադրեն պայքա՛ր անոնց դէմ։
Արդարեւ, այն որ չի թողուր այդ պայքարը, այլ քաջութեամբ կը շարունակէ պայքարիլ, ահաւասի՛կ այն է որ ի վերջոյ կը տիրանայ խաղաղութեան։
Այս ուղղութեամբ ուրեմն, կարելի է ըսել, թէ կեանքին նպատակը խաղաղութի՛ւն է՝ երջանկութիւն եւ իմաստն ալ՝ պայքա՛ր։ Ասկէ կը հետեւի՝ խաղաղութեան եւ երջանկութեան հասնելու համար պէ՛տք է պայքարիլ, եւ մանաւանդ քա՛ջ ըլլալ, քանի որ կա՛յ հրաշալի՜ տիպար մը, օրինակ մը մեր առջեւ՝ Յիսուս Քրիստոս, իր ամբողջ կեանքով՝ ծնունդէն մինչեւ մա՛հը։ Եւ եթէ նկատի առնուի Անոր ծնունդի պարագաները, զոր օրինակ, մանուկ հասակին մսուրի մէջ դրուիլը, քանի որ «պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար» (ՂՈՒԿ. Բ 7), յետոյ դէպի Եգիպտոս փախուստ, անապատի մէջ փորձութիւնը, եւ ամբողջ կեանքը, եւ անիրաւ դատապարտութիւնը եւ խաչելութիւնը… կեանք մը բոլորովին պայքարով լեցուն ահաւասիկ։ Տիպա՛ր մը պայքարի։
Եւ մենք, բոլորս, ամբողջ մեր կեանքի ընթացքին չե՞նք դիմաւորուած նման նեղութիւններու, դժուարութիւններու, փորձութիւններու եւ անիրաւութիւններու՝ անարդար դատաստաններու, որոնք մանրանկարներն են Յիսուսի ամբողջ կեանքին։
Ուրեմն, որքան ճիշդ է, թէ՝ կեանքը պայքա՛ր մըն է, երբեմն ծանր, երբեմն թեթեւ, երբեմն երկարատեւ, երբեմն կարճատեւ, երբեմն զգալի, երբեմն անզգալաբար անցնող, բայց միշտ՝ պայքա՛ր մը, մշտնջենաւոր, անվերջ, անհասկնալի, անտանելի՜…։
Մարդ շատ անգամ չի կրնար ըմբռնել, կամ անդրադառնալ եւ հասկնալ, թէ ի՛նչպէս կ՚անտեսուի իր ամբողջ կեանքին մէջ «սուր»ի եւ «հուր»ի մէջէն անցնելով մահ-ւան վտանգներու իսկ դիմագրաւելը. ծանր հոգերու, մտահոգութիւններու եւ պատասխանատուութիւններու ներքեւ գիշեր եւ ցերեկ ոգորիլը եւ մաքառիլը՝ պայքարի՛լը։
Պատիւ, ազատութիւն, սէր, հաւատարմութիւն եւ բազմաթիւ արժէքներու եւ մանաւանդ մարդկային արժանապատուութեան պահպանման համար տարուած արդար պայքարը. ահաւասիկ կեա՛նքը՝ որ ապրելու ստիպուած է մարդ էակը, բոլոր ապրումները կը վերածէ պայքարի մը, բարոյական ճակատամարտի մը՝ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մղուած եւ ենթակա՛ն դարձած։
Ասիկա գերագոյն կռի՛ւ մըն է. կեանքի պահպանման եւ գոյատեւման արդար պայքար մը, որ յաղթելու յոյսին եւ յաղթուելու վախին միջեւ կը տարուբերուի ամէն վայրկեան, ամէն պահ։ Ոմանք կը շարունակեն այդ պայքարը քաջաբա՛ր, իսկ ուրիշներ կը վհատին, կը պարտուին եւ դասալիք կ՚ըլլան՝ կը կորսուին եւ կը կորսնցնեն իրենք մարդկային ամենամեծ արժէքը՝ արժանապատուութի՛ւնը։ Նեղութիւններու, դժուարութիւններու, ցաւերու եւ վիշտերու, տառապանքներու եւ տանջանքներու, անտանելի հոգեվիճակներու դիմադրութի՛ւն մըն է այս արդար պայքարը՝ որոշումի եւ կամքի անխորտակելի բարոյական բերդին, կը բախի թերեւս նոյնիսկ Աստուծոյ կամքին, եւ ուրեմն փորձութի՛ւն մը, բայց միշտ արդա՛ր, միշտ բարենպատակ եւ իմաստալի՛ց։
Արդարեւ, Վիքթոր Հիւկօ, Վաթէրլոյի ճակատամարտին վրայ իր գրած նկարագրականին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ Նափոլէոն Պոնափարթ սկսեր էր նեղել զԱստուած եւ նեղացնել, եւ այդ իսկ պատճառով Վաթէրլոյի մէջ ան պարտուեցաւ…։
Պատճառը եւ հետեւանքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ամէն մարդ գիտէ սա հնամաշ այլ իմաստալից խօսքը, որ յաճախ կը կրկնուի եւ մանաւանդ չի մնար միայն «խօսք», այլ կ՚ապրուի. «կեանքը անվերջ պայքա՛ր մըն է»։ Եւ այս խօսքին կը յաջորդէ եզրակացութիւն մը ընդհանուր, թէ՝ այս պայքարին մէջ պարտութիւնը ամօթ է եւ մա՛հ…։
Եւ սակայն, բարոյական մարդուն կեանքի կռիւին մէջ յաղթութիւն եւ պարտութիւն յաճախ սովորականէն տարբեր իմաստ ունին։ Յաղթանակը յաղթականին ստաց-ւածքին, համբաւին, փառք եւ պատիւին յաւելումը չի՛ նշանակեր, եւ պարտութիւնը ամօթի, կորուստի եւ մահուան մերձիմաստը չէ՛ միշտ։
Շատ անձեր կան այս աշխարհի վրայ, որոնք թագ չունին իրենց գլխուն վրայ՝ եւ իրենց ձեռքը իշխանաւորի գաւազան կամ մական չեն կրեր. մեծափարթամ ապարանքներու մէջ չեն բնակիր, իրենց կեանքը պերճանքի եւ ճոխութեան մէջ չի սահիր, ո՛չ ալ որեւէ բարձր աստիճաններ, դիրքեր ունին, եւ իրենց անունները կրթական բարձր հաստատութիւններու կողմէ վաւերացուած տիտղոսներով չեն վերջաւորուիր։ Այլ անոնք համեստ են, խոնարհ եւ աննշան, անծանօթ, եւ նոյնիսկ թերեւս աղքատ, կարօտ։ Այսուհանդերձ, անոնք շատ անգամ պայքարող, կռուող հերոսնե՜ր են, որոնք յօժար են անօթի մնալ իրենց հացով ուրիշը կըշ-տացնելու, եւ պատրա՛ստ են զրկուիլ՝ ուրիշին դիւրութիւն եւ հանգիստ կեանք ապահովելու համար։
Այսպիսի վեհանձն հոգիներ՝ մութին մէջ եւ կամ վարագոյրին ետեւը կը մնան՝ ուրիշին յարգը եւ պատիւը բարձրացնելու համար, եւ երբեք անհանգստութիւն չեն զգար, չեն գանգատիր վիճակէն։
Համայն աշխարհ կրնայ զանոնք «տարօրինակ» կոչել, կամ «յիմար», եւ կամ գաղափարապաշտ, իտէապաշտ, կրնայ երազատես կամ ճգնաւոր անուանել, «այս աշխարհ»էն չհամարել։ Բայց այս տեսակ հազուագիւտ անձեր ալ իրական հերոսներ են բառին բուն իմաստով, աննկուն՝ իրենց բարձր սկզբունքներուն, հաւատալիքներուն եւ դաւանանքներուն մէջ, անդիմադրելի՝ նուիրական պարտականութիւններու հաւատարիմ մնալու իրենց կորովին եւ քաջութեան մէջ. եւ անպարտելի՝ բարձր, վեհ գաղափարականներու համար իրենց մղած խաղաղ եւ արդար պայքարներուն մէջ։
Այս տեսակ տիպա՛ր կեանք մը, որ ուրիշներու՝ իր նմաններու նուիրուած ծառայութեան հետեւանքով անձնական մեծութիւն մը, դիրք եւ կամ աստիճան մը, եւ կամ հարստութիւն մը չէ՛ կրցեր կերտել, կարելի է որ որոշ շրջանակներու աչքին կատաեալ «ձախողուածք» մը, պարտութիւն կամ տը-կարութիւն համարուի, եւ այս կերպով ան-նըշան, անծանօթ եւ անկարեւոր մնացողներ կրնան «պարտեալ»ներ եւ նոյնիսկ «դասալիք»ներ սեպուիլ՝ փառքի, մեծարանքի եւ համբաւի երկրապագուներու կողմէ։ Բայց անոնք չեն անդրադառնար, թէ կատարեալ ինքնախաբէութիւն է ասիկա։ Եւ սակայն այդ ձախողուածքներուն շնորհիւ է որ աշխարհի բարւոքումը, բարեշրջումը, վերաշինութիւնը եւ հետզհետէ բարձրացումը կ՚ապահովուին, եւ այդ «պարտութեան» միջոցով է որ կը գոյատեւեն։
Արդարեւ, այդ «պարտութիւն» եւ «տկարութիւն» նկատուածն է ճշմարիտ յաղթանա՛կը։
Անոնք է որ «պարտուած» են, այլ այդ պարտութեան մէջ «յաղթանակած» եւ մանաւա՛նդ «անմահացա՛ծ»։ Անոնք են իսկակա՛ն հերոսնե՜րը կեանքին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 16, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024