ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՒՈՐ ՈՒՂԻ
Հայաստանի Ազգային գրադարանին առընթեր Երեւանի մէջ վերջերս գործել սկսաւ եզակի թանգարան մը։ Հայ մամլոյ պատմութիւնը ներկայացնելու հետամուտ թանգարան մըն է այս մէկը։ Բնականաբար, Հայոց գիրերու գիւտէն սկսեալ մեծ ոդիսական մը կը ցոլանայ այնտեղ։ Հայ գրատպութեան թանգարան կը կոչուի այս մէկը, որ ստեղծուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի մեծ ջանքերով։ Վերջերս թանգարանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի կողմէ տրուած այցելութեամբ։ Հարկ է նշել, որ մշակոյթի նախկին նախարար Յասմիկ Պօղոսեանն ալ իր պաշտօնավարութեան շրջանին լրջօրէն խրախուսած էր այս ծրագրին կեանքի կոչ-ւիլը։
Հայ գրատպութեան թանգարանին մէջ մասնաւոր բաժին մը յատկացուած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին՝ որպէս հայ աշխարհի անընդհատ հրատարակուող հնագոյն օրաթերթը։ Այսպէս, թանգարանի այցելուները ականատես կ՚ըլլան թերթիս զանազան հին համարներուն եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անցեալի խմբագրատուներէն կամ տպարաններէն դրուագներուն։ Հայ գրատպութեան թանգարանէն ներս ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին վերապահուած բաժինները յատկանշական դարձան՝ մանաւանդ թերթիս հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական շրջանին։
*
Հայերէն տպագիր արտադրանքի ամենամեծ շտեմարանին՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, ամիս մը առաջ բացուած Հայ գրատպութեան թանգարանը հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է այցելուներուն մօտ: Ամէն օր զանազան վայրերէ այցելուներ այս թանգարանին մէջ իրենց հիացմունքը կ՚արտայայտեն այն փառաւոր ուղիին հանդէպ, որով հայ գիրքը, տպագրութիւնը եւ տպագիր արտադրանքը անցած եւ հասած են մեր օրերուն: Հսկայական այդ ժառանգութիւնը ամփոփուած է թանգարանի վեց սրահներուն մէջ, եւ թանգարանը տակաւին կը գտնուի համալրման ընթացքի մէջ, քանի որ միշտ կարելի է, աշխարհի որեւէ տարածքին գտնել հայութեան ու հայոց պատմութեան առնչուող տպագրութեան եզակի օրինակներ:
Թանգարանի՝ «Գիրի ակունքները» անունով սրահին մէջ ներկայացուած են նախագրային շրջանին ստեղծուած գրաւոր, մշակութային արժէքներ, ժայռապատկերներ եւ սեպագիր արձանագրութիւններ: «Հայոց այբուբենը» սրահէն ներս տեղ յատկացուած է հայոց գիրերը ստեղծող Մեսրոպ Մաշտոցին, ինչպէս նաեւ այցելուն կրնայ տեսնել գրչութեան տեսակները՝ երկաթագիրը, բոլորգիրը, նոտրգիրը, շեղգիրը, եւ եւրոպացի հրատարակիչներու գիրքերուն մէջ առկայ փայտափորագիր հայոց այբուբենը, ինչպէս՝ Պերնհարտ ֆոն Պրայտենպախի «Ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ երկիր» գիրքը, Տենի Տիտրոյի Հանրագիտարանէն էջեր եւ այլն:
Ուշագրաւ է «Հայ գրատպութեան առջինեկները» անունով սրահը, ուր հպարտօրէն «բազմած» են հայերէն տպագիր առաջին գործերը՝ «Ուրբաթագիրք»ը, «Ազդարար»ը, Առաջին տպագիր Աստուածաշունչը, «Համատարած Աշխարհացոյց»ը, հայ իրականութեան մէջ Սահմանադրութեան առաջին տպագիր նախագիծը եւ այլն, որոնք ակնածանք կը յառաջացնեն հեռաւոր գաղթօճախներու մէջ հայ գրատպութեան սկիզբ դրած անուններուն հանդէպ:
«Հայկական գրատպութեան սփիւռքը» սրահը կը ներկայացնէ Գրատպութեան մեծ օճախները, ուր գործած են հայկական տպարաններ եւ տպուած են հայերէն գիրքեր: Այդտեղ կարելի է տեսնել Պայրընի գիրքը Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ եւ այլ արժէքաւոր տպագիր օրինակներ:
Թանգարանը առանձին սրահով մը նաեւ բացայայտած է, թէ որքան մեծ եղած է հայ վաճառականութեան ներդրումը գրատպութեան գործին մէջ: Անոնք ոչ միայն հովանաւորած են գիրքերու տպագրութիւններ, այլեւ իրենք հրատարակած են գիրքեր: Եւ վերջապէս գիրքի յաւերժութեան սրահէն ներս ցուցադրուած են աշխարհի այբուբենները, Հայաստանի մէջ տպագրուող ազգային փոքրամասնութիւններու մամուլը, տպագրութիւններ՝ դրոշմաթուղթերու եւ այլ նմոյշներու տեսքով, այն մագաղաթը, որ Հայաստանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելու առթիւ տիեզերք տարուած եւ ետ բերուած է եւ շատ ուշագրաւ ցուցանմոյշներ:
Հայ գրատպութեան թանգարանին մէջ իր տեղը ունի նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որպէս հայաշխարհին մէջ հրատարակուող հնագոյն օրաթերթերէն ցայսօր պահպանուած ամենէն երկարակեացը:
Թանգարանի պատասխանատու, գրադարանային գործի մասնագէտ Բալասան Յարութիւնեան այցելուներուն մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ թանգարանի ողջ հարստութիւնը, իսկ Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին այս թանգարանի բացման առթիւ հարցազրոյց մը տուաւ, որուն ընթացքին պատմեց թանգարանի ստեղծման նախապատմութիւնն ու ներկայացուց այն անհրաժեշտութիւնը, որմէ բխեալ ստեղծուած է հայ պատմութեան ու մշակոյթի այս եզակի կեդրոնը:
*
-Պարոն Զարգարեան, հայաշխարհի մէջ եզակի՞ է Երեւանի մէջ գործող Հայ գրատպութեան թանգարանը:
-Այսպիսի թանգարաններ Վենետիկ, Պոլիս կան, բայց փոքրիկ են, սովորաբար կը ներկայացնեն իրենց շրջաններու պատմութիւնը: Ազգային գրադարանին կից գործող Հայ գրատպութեան թանգարանը աւելի համընդգրկուն է, զայն ստեղծած ենք առաջին տպագիր գիրքէն մինչեւ մեր օրերը սկզբունքով եւ ցուցադրուած են բազմաթիւ ցուցանմոյշներ:
-Նման ուշագրաւ կեդրոն մը ստեղծելու գաղափարը որո՞ւն կը պատկանի:
-Գաղափարը միասնական է. 2012 թուականին, երբ Երեւանը հռչակուած էր Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք, եւ կը տօնուէր նաեւ Հայ գրատպութեան 500-ամեակը, այդ առիթներով տեղի ունեցող քննարկումներուն, ձեռնարկներուն ժամանակ այս միտքը յղացանք, տեսանք, որ ամէն ինչ ունինք, բայց գրատպութեան թանգարան մը չունինք, որ այդ ուղին, ձեռքբերումները ցոյց տանք: Այսինքն, ընդհանուր քննարկումներու հետեւանքով ծագած է այս միտքը՝ Մշակոյթի նախարարութեան գաղափարն է թերեւս եւ իրականացուեցաւ երկար եւ ծանր ճանապարհ մը անցնելով:
-Արժէքաւոր նիւթերու առումով դուրսէն նոյնպէ՞ս օգտուած էք:
-Անշուշտ: Դուրսէն նմանագիր, նմանահանուած հրատարակութիւններ վերցուցած ենք: Օրինակ, Նոր Ջուղայէն ունինք հայրատառեր եւ մայրատառեր, ունինք չինական փայտափորագիր՝ փայտէ տպագրական վերարտադրական ձեւերը, որոնցմով տպագրութիւն իրականացուած է: Ընթերցանութեան առընչուող աթոռ մը ձեռք բերած ենք աճուրդէն, որ միջին դարերուն՝ 17, 18, 19-րդ դարերուն շատ գործածուած է: Այդ աթոռին վրայ նստած, աշխատած են, իսկ յետոյ շուռ տուած են, աթոռը աստիճանի վերածուած է եւ զայն օգտագործելով գրադարակէն գիրք վերցուցած են: Այդպիսի հետաքրքրական իրեր, ինչպէս նաեւ գիրքեր գնած ենք զանազան աճուրդներէ եւ թանգարանին մէջ կը ցուցադրենք զանոնք:
-Անկասկած պետական հովանաւորութիւնը կը գործէ այս պարագային, այնպէս չէ՞:
-Գումարներուն մեծ մասը պետական զամբիւղէն յատկացուած է, որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնէք, մեծ տարածքներ տրամադրուած են թանգարանին, ահռելի աշխատանք կատարուած է այնտեղ: Ազգային գրադարանը շատ մեծ հաւաքածոներ ունի, աշխարհի մէջ հայ գիրքի մեծագոյն շտեմարանն է, եւ մեր հաւաքածոներէն նմոյշներ տեղափոխած ենք հոն:
-Այցելուներու առումով գոհացուցի՞չ են թիւերը:
-Մէկ ամիս է միայն, որ կը գործէ թանգարանը, եւ ինչպէս թանգարանի պատասխանատուն կը տեղեկացնէ, այո, թիւերը գոհացուցիչ են: Մենք շատ կարեւորութիւն կու տանք թանգարանի եւ կրթական հաստատութիւններուն համատեղ իրականացուելիք կրթական ծրագիրներուն, զորս պատրաստ ենք իրականացնելու մեր աւագ դպրոցներու աշակերտներուն համար: Դպրոցին մէջ աշակերտները կ՚ուսանին հայագիտական առարկաներ եւ թանգարանի այցելութեամբ կրնան շօշափել, տեսնել եւ աւելի շատ բան պատկերացնել, թէ ուր եղած են տպագրութեան կեդրոնները, ինչ օճախներ ունեցած ենք, պատկերացնել ապակետիպ հրատարակութիւնը, իր կարգին նաեւ՝ հնատիպը, տեսնել գիրքի, մամուլի մեր առջինեկները, ծանօթանալ Կիւթենպերկի գիւտին, տեսնել մետաղական շարժական տառերով առաջին տպագիր գիրքը՝ «Ջիկջին» եւ այլն:
Կրթական ծրագիրներուն կարեւորութիւն կու տանք նաեւ ուսանողներուն համար:
-Կ՚ըսեն, թէ ինչ որ թանգարան կը մտնէ, անցեալին կը պատկանի: Այդպէ՞ս է: Կրնա՞նք նոյնը ըսել նաեւ գրատպութեան մասին, մանաւանդ՝ թուայնացման արագընթաց ալիքին զուգահեռ:
-Ի հարկէ: Թուղթը հինգ հարիւր տարի եւ քիչ մը աւելի հաւատարմօրէն ծառայեց մեզի: Եւ հաւանաբար տակաւին պիտի շարունակէ ծառայել: Այսօր ժամանակակից թուղթն ու ներկը քիմիական շատ գործօն բաղադրիչներ ունին, շուտ կը քայքայուին: Ես չեմ գիտեր, թէ այսօրուան թուղթը, զոր օրինակ՝ սեղանիս դրուած այս նամակը, երեսուն տարի յետոյ ընթեռնելի կ՚ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ: Օրինակ՝ «Ուրբաթագիրք»ը, Կիւթենպերկի «Աստուածաշունչ»ը կամ Ոսկանեան Աստուածաշունչը երբ դիտարկենք, կը գտնենք որ անոնք ամբողջովին փայլուն վիճակի մէջ են, քանի որ օգտագործուած թուղթն ու ներկերը զերծ են քիմիական նիւթերէ: 20-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 21-րդ դարու տպագրութիւնները չեմ գիտեր ինչ ապագայ կ՚ունենան: Այս առումով թուայնացումը կարեւոր հարց մը կը լուծէ՝ երկարաժամկէտ պահպանութիւն եւ հասանելիութիւն: Բայց թուայնացումն ալ ուրիշ խնդիր մը ունի. կրիչները, սկաւառակները եւ ամէն ինչը, որ այսօր մենք ունինք եւ որոնց վրայ տեղեկութիւնները կը պահպանենք, շատ արագ բարոյապէս կը հիննան: Համակարգիչները նոյնպէս բարոյապէս արագ կը հիննան: Եւ այն ձեւաչափերը, որոնք կը գործածուին ժամանակակից գործիքերուն մէջ եւ հասանելի են, հաւանական է, որ երեք տարի յետոյ չընթերցուին: Նոյնը նաեւ հեռախօսներուն, յիշողութեան կրիչներուն կը վերաբերի, որ արագօրէն փոխենք, Այսինքն, երկսայրաբանութեան առջեւ կեցած ենք՝ թուղթը կը մաշի, կը հիննայ, իսկ կրիչներն ալ շուտ կը ծերանան… Հիմա ոսկէ միջինը պէտք է գտնենք, որ է՝ շարունակել թուայնացումը երկարաժամկէտ պահպանութեան առումով, որովհետեւ ամպային տիրոյթներուն մէջ ձեւաչափերը չեն հիննար: Իսկ թուղթը թող շարունակէ գոյատեւել, բայց գիտական եւ ուսումնական գրականութեան առումով թուղթը ապագայ չունի, որովհետեւ այսօր գիտական բոլոր ամսագիրները կը հրատարակուին թուային, ելեկտրոնային ձեւով: Ուսումնական ձեռնարկները նոյնպէս ելեկտրոնային կը հրատարակուին, որովհետեւ դուրս կու գան արագ շրջանառութենէն, բայց հարկաւ գեղարուեստական գրականութիւնը, կը շարունակուի գոյութիւն ունենալ: Քանի դեռ ընթերցող կայ, մենք չենք կրնար ըսել գիրքը պահանջուած չէ: Պահանջուած է, եւ գիրքն ալ ունի իր առաւելութիւնները, բայց այդ մէկը արդէն յաջորդ սերունդը կ՚ըսէ, թէ գիրքը ինչ կը ներկայացնէ իրեն համար:
-Ուրիշ ի՞նչ արժէքաւոր ցուցանմոյշներու մասին կրնաք խօսիլ, որ ցուցադրուած են թանգարանին մէջ:
-Մեր թանգարանին մէջ ցուցադրուած են Յակոբ Մեղապարտի կողմէ տպագրուած առաջին տպագիր գիրքը, «Համատարած Աշխարհացոյց»ի երկու կիսագունդերը, Ոսկանեան Աստուածաշունչը, որու 350-ամեակը կը նշուի, հայ առաջին պարբերականը՝ «Ազդարար»ը: Ցուցադրութիւնը կազմելու ժամանակ անցած ենք մեր բոլոր խոշոր գաղթօճախներէն՝ Նոր Ջուղա, Պոլիս, Հեռաւոր Արեւելք՝ Հնդկաստան, Չինաստան, ներկայացուցած ենք Անթիլիասը, Մայր Աթոռի տպագրութիւնները, Վենետիկը, մէկ խօսքով՝ հայ գրատպութեան ամենէն ուշագրաւ դրուագները այստեղ են եւ բոլորը մեծ արժէք ունին ճանաչողական առումով: Կապ ստեղծած ենք ցուցադրութիւններուն մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Վենետիկի հատուածը ներկայացնելու ժամանակ փոքրիկ անդրադարձ մը կատարած ենք Գաբրիէլ Այվազովսկիի մասին, որ եղած է «Բազմավէպ»ի հիմնադիրը եւ անցում կատարելով ցոյց տուած ենք, որ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկին եղած է իր եղբայրը: Այլ անցումով ցոյց տուած ենք Պայրընի այցելութիւնը Ս. Ղազար կղզի՝ յիշեցնելով իր հայերէնի ուսուցիչին՝ Յարութիւն Աւգերեանի մասին, որ Պայրընին հետ թարգմանած է հայոց պատմութիւն: Այդ առթիւ ցուցադրուած են գիրքեր:
Ամբողջ ցուցադրութիւնը կազմելու ժամանակ գրադարանային գործի մեր մասնագէտները, մատենագէտները հայ գիրքի պատմութիւնը անգամ մը եւս ուսումնասիրած եւ ներկայացուցած են: Հետաքրքրական ցուցանմոյշներուն մէջ կարելի է տեսնել, օրինակ՝ Սեն Փեթերպուրկի մէջ հրատարակուած հայկական ամսագիր մը, որ Շիքակոյի գիրքի տօնավաճառին ընթացքին Քոլոմպոսի մրցանակ շահած է, իսկ մրցոյթը նուիրուած եղած է Քոլոմպոսի կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յայտնագործման 400-ամեակին: Ցուցադրուած է նաեւ հայ առաջին կին դեսպան Տայանա Աբգարի գիրքը. ան իր ողջ կեանքը նուիրած է հայապահպանութեան: Մենք բոլոր գաղթօճախներէն գտած ենք շահեկան նիւթեր:
Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են նաեւ թիւեր Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ-էն: ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, ամէն պարագայի, մեզի համար կարեւոր է, որովհետեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ այսօր հրատարակուող եւ շարունակականութիւն ունեցող ամենէն երկարակեաց թերթն է: Իրմէ երկարակեացը՝ Պոսթընի «Հայրենիք»ն է, որ մի քանի տարի կանուխ սկսած է հրատարակուիլ: Ի հարկէ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթացքը հերոսութիւն է: Մենք ԺԱՄԱՆԱԿ-էն դրած ենք գրատպութեան 400-ամեակին թերթի մեծ շուքով կատարուած անդրադարձը եւ նաեւ՝ գրատպութեան 500-ամեակի անդրադարձը՝ 2012 թուականին, երկուքն ալ հոն ցուցադրուած են, ես յոյս ունիմ, որ հայ գրատպութեան 600-ամեակին ալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կ՚անդրադառնայ: Նաեւ 1908 թուականի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այն թիւը ցուցադրած ենք, ուր տեղ կը գտնէ Գրիգոր Զօհրապի՝ երեսփոխան դառնալու առթիւ ունեցած ելոյթը հայերուն առջեւ: Թանգարանին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիրներու, տպագրիչներու լուսանկարներն ալ կան: Մենք յատկապէս կարեւորութիւն կու տանք, կը սիրենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որովհետեւ մեծ պատմութիւն կայ անոր էջերուն մէջ: Պոլսոյ մեր ողջ մտաւորականութեան պատմութիւնը կապուած եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ. Առաւօտեան մտած են խմբագրութիւն, քննարկած են, վիճած են, բանավիճած են, յօդուածներ ձգած են, եւ այդ մէկը արդէն ինքնին հետաքրքրական է: Այսօր ալ, հակառակ անոր որ թերթ տպագրելը դժուար է, բազում խնդիրներ կան, բայց ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը տպագրուի եւ այդ մէկը հերոսութիւն է:
-Վերջերս Երեւանի մէջ նշուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակը: Ի՞նչ արժէքաւոր հրատարակութիւններ կան մխիթարեաններէն:
-Մխիթարեաններու տպագիր ժառանգութիւնը այնքան մեծ է, որ եթէ մենք մեծ թանգարան մը միայն իրենց յատկացնենք, հազիւ կը տեղաւորուին: Անոնք կատարած են աներեւակայելի գործ մը, եղած են գիտութիւններու ակադեմիա, եղած են կրթական օճախ, զբաղած են մանկավարժութեամբ, գիտութեամբ, ամէն ինչով եւ հսկայ ժառանգութիւն ձգած են: Ծանօթ է, որ Վիեննայի մէջ կը գտնուի ամենամեծ մամուլի հաւաքածոն, գիտենք, որ առաջին տպագիր կլոպուսէն երկու օրինակ պահպանուած է Վիեննայի մէջ: Մենք պզտիկ հատուածով մը միայն ցուցադրած ենք Մխիթարեաններու տպագրական վաստակը, որովհետեւ հնարաւոր չէ ամբողջովին ցոյց տալ զայն, բայց պարտադիր անդրադարձ կատարած ենք թէ՛ Մխիթար աբբահօր, եւ թէ իր ժառանգութեան: Մենք մխիթարեաններուն հետ մեծ ծրագիրներու պիտի սկսինք եւ քայլ առ քայլ իրականացնենք զանոնք: Ինչպէս ծանօթ է՝ ձեւաւորման ընթացքի մէջ է համահայկական թուային գրադարանը, որուն մեծ մասը կը կազմէ հայ գիրքը, ապա՝ հայ մամուլը: Այլ բաժիններ եւս կան, բայց ամենէն ծանրակշիռները ասոնք են: Այսօր արդէն 2 երկու միլիոն 7 հազար թուայնացուած մամուլի էջ ունինք եւ ունինք մօտ 2 միլիոն թուայնացուած գիրք, որ քանակով 8 հազար 4 հարիւր գիրք կ՚ընէ: Արագութիւնը բարձրացաւ անոր հաշւոյն, որ երեւանեան որոշ գրադարաններ, մարզային գրադարաններ, Պոլսոյ Պատրիարքարանի գրադարանն ալ միացան, եւ բոլորը արդէն թուայնացուած կը ղրկեն: Նոր Ջուղան եւս կը մասնակցի թուայնացման գործընթացին, ինչպէս նաեւ զանազան վայրերու մէջ ունինք անհատներ, որոնք կը նկարեն, կը ղրկեն: Եւ ի հարկէ, մեզի համար թիրախային եւ շատ կարեւոր են մխիթարեանները, որովհետեւ իրենք ունին հարստութիւններ, ունին գիրքեր, մամուլ, որ չկայ Հայաստանի մէջ: Խորհրդային շրջանին շատ գաղափարական թերթեր չեն եկած Հայաստան: Իրենք՝ մեզի հետ համեմատած, ունին առաւելութիւն մը՝ իրենց հաւաքածոները կը գտնուին անխաթար վիճակի մէջ: Մեր հաւաքածոները շատ կ՚ընթերցուին, ընթերցողներու հսկայական բանակ ունինք եւ հաւաքածոները կը մաշին, եւ թուայնացումը նաեւ լաւ է այդ առումով, որ պակաս թիւերը, օրինակները, մաշածները կրնանք միւսներէն առնել թուային տարբերակով, փոխանակումներ կատարել, կրնանք մենք ալ ուրիշին տալ, տեղադրել, որ բոլորը կարդան:
Մխիթարեաններուն հետ ունեցած մեր ծրագիրներէն զատ շուտով Երուսաղէմի Պատրիարքարանին հետ համագործակցութեան յուշագիր մը պիտի ստորագրենք, որ կրկին կ՚առընչուի թուայնացումին: Ունինք ծրագիրներ Իրանի Ազգային գրադարանին հետ, այնտեղ ալ հսկայ հայերէն տպագիր նիւթ կայ, շատ հարուստ են: Բրիտանական գրադարանին հետ ալ ունինք լաւ յարաբերութիւններ, պարզապէս անոնք ամէն ինչի համար գումար կը պահանջեն: Իսկ ահա Օքսֆորտի Պոտլերեան գրադարանին մէջ պահուող Կեսարացիի՝ աշխարհի մէջ միակ օրինակ «Սաղմոսարան»ը Պոտլերեան գրադարանը արդէն թուայնացուցած, ղրկած է մեզի:
Հետաքրքրութիւնը մեր թուային հաւաքածոներուն հանդէպ բաւական մեծ է, եթէ կարճ ժամանակով մեր շտեմարանները կեցնենք, ըսենք՝ արխիւացնելու պատճառով, ապա արձագանգները բուռն կ՚ըլլան, հեղեղի պէս նամակներ կը ստանանք, կը հարցնեն՝ թէ ինչո՞ւ կեցած է: Վիճակագրութիւն կայ նաեւ, որ աշխարհի զանազան վայրերէն ինչպիսի մեծ քանակութեամբ օգտուողներ ունինք: Այս մէկը կը խօսի թուայնացման անհրաժեշտութեան մասին, որ այսօր ինքզինք ապացուցած է եւ մեծ թափով կ՚ընթանայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ