ՃԱՄԲՈՐԴԱԿԱՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՃԱԲՈՆԷՆ
Սեպտեմբեր ամսուայ մէջ՝ բարեբախտութիւնը ունեցայ ճամբորդելու Ճաբոն, բարեկամիս՝ Արա Կէպէշեանի հետ։ Թէեւ մեր ճամբորդութեան տեւողութիւնը միայն մէկ շաբաթ էր, սակայն մենք առիթը ունեցանք այցելելու հինգ քաղաքներ եւ վայելելու Ճաբոնի բնական գեղեցկութիւնն ու վերահաս դառնալու Ճաբոնի ժողովուրդին կենցաղին եւ յատկապէս ճաբոնցիին նկարագրին։
Հայկական ասացուածքը կ՚ըսէ.
«Աշխատանք, կամք ու կորով
Երեք ձիրքեր են որով,
Մարդ՝ երկնի վրայ թէ երկրի
Անպայման կը յաջողի»։
Իսկ՝ ճաբոնցիին նկարագիրը բնորոշելով, ես պիտի ըսեմ.
«Կարգապահութիւն, մաքրութիւն եւ յարգանք
Երեք առաքինութիւններ են որով,
Ճաբոնցին կ՚ապրի եւ կը հմայէ
Այցելուները՝ իր երկրի»։
Ճաբոնի մէջ՝ առ հասարակ, աղբի թիթեղներ չկան եւ սակայն փողոցները շատ մաքուր են, որովհետեւ մարդիկ վարժուած են իրենց թափուելիք իրերը պահել իրենց գրպաններուն մէջ՝ մինչեւ որ տուն գան եւ աղբանոցը նետեն զանոնք։ Սա վերոյիշեալ մաքրութեան յատկանիշն է։
Գալով կարգապահութեան՝ հանրակառք, թանգարան կամ հանրային որեւէ զբօսավայր մտնելու համար՝ մարդիկ մէկ շարքի վրայ կարգի կը կենան եւ համբերութեամբ կը սպասեն, որ իրենց հերթը գայ եւ մուտք գործեն հոն։
Ինչ կը վերաբերի յարգանքի, ամէն անգամ որ մեր ինքնաշարժը մօտենար պանդոկին՝ սպասեակները կը վազեն եւ դուռը կը բանան ու գլխի թեթեւ հակումով մը քեզ կը բարեւեն։ Գլխի այդ հակումները կը շարունակուին միւս սպասեակներուն կողմէ, մինչեւ որ հասնիս վերելակին դուռը։ Հաճելի սակայն ձանձրացուցիչ սովորութիւն մը՝ մեզի համար…
Հիմա գանք Ճաբոնի քաղաքական իրավիճակին։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, քարուքանդ եղած Ճաբոնը՝ այսօր իր յառաջդիմութեամբ եւ բարգաւաճութեամբ կը մրցի Ամերիկայի, Գերմանիոյ եւ Չինաստանի հետ։
Ճաբոնի բնակչութիւնը կը հաշուէ 130 միլիոն, որուն 13 միլիոնը՝ այսինքն 10 տոկոսը, կը բնակի մայրաքաղաք Թոքիոյի եւ անոր արուարձաններուն մէջ։
Մեր ճամբորդութեան ընթացքին՝ զիս ամենէն շատ տպաւորեց Ֆուճի լեռը, որու ստորոտը կը գտնուի Քաուակուչի լիճը։ Երբ լիճի ափի մեր պանդոկէն կը նայէի այդ լերան՝ կարծես մտքիս հեռապատկերին վրայ կ՚ուրուագծուէր Մասիս սարն ու անոր ստորոտը տարածուող Արարատեան դաշտը…
Ինչ որ է, գալով Ֆուճի լերան՝ անոր բարձրութիւնն է 3776 մեթր ու հրաբխային այդ լեռը վերջին անգամ պոռթկում ունեցած է 1707 թուականին։ Մենք բարձրացանք լեռ մագլցողներու մինչեւ հինգերորդ կայանը, որ կը գտնուի ծովի մակերեսէն 7550 ոտք բարձրութեան վրայ, մօտէն ըմբոշխնելու ճաբոնցիին համար սրբադասուած այդ վեհաշուք լեռը։
Վերադառնալով լիճի ափի մեր պանդոկը՝ պէտք է ըսել, որ խաղաղ եւ հանգիստ գիշեր մը անցուցինք, որովհետեւ այդ քաղաքը կոչուած է ըլլալու զբօսավայր մը միայն՝ հեռու սովորական քաղաքի մը ժխորէն եւ ինքնաշարժներու աղմկարար երթեւեկէն։
Ինծի համար սակայն շատ աւելի հետաքրքրական էր պանդոկի հանքային տաք ջուրի աւազանը, որուն մէջ մտնելու համար պէտք էր յատուկ արարողութեան մը հետեւէինք։ Նախ մերկ վիճակով սովորական բաղնիք կ՚առնես, յետոյ միայն կրնաս հանքային տաք ջուրի աւազանը մտնել, որմէ ետք պէտք է դարձեալ սովորական բաղնիք առնել եւ այսպէս շարունակաբար։ Իսկ հանքային ջուրի աւազանին մէջ՝ կրնաս առաւելագոյն 3-4 վայրկեան մնալ, այլապէս մորթդ կը վնասուի…
Հոս պէտք է աւելցնեմ, որ հանքային տաք ջուրի աւազանները երկսեռ չեն, այլ մարդոց զատ եւ կիներու զատ աւազաններ կան՝ թէ՛ բացօթեայ եւ թէ ալ գոց սենեակներու մէջ։ Ինծի համար հաճելի եւ օգտակար նորութիւն մըն էր այս եզակի երեւոյթը։
Մեր խումբին, որուն մաս կը կազմէին 26 անդամներ Ամերիկայի զանազան քաղաքներէն, կեցութեան յաջորդ կայանն էր Քիոթօ քաղաքը, որ աւելի քան հազար տարի եղած է Ճաբոնի մայրաքաղաքը։ Հոս գտնուած միջոցնիս, միօրեայ այցելութեամբ մը գացինք Օսաքա եւ Նարա քաղաքները։ Օսաքա Ճաբոնի երկրորդ բազմամարդ քաղաքն է, որ իր աղմկարար, սակայն ծայր աստիճան խանդավառ ժողովուրդով, շատ կը տարբերի Ճաբոնի մարդաշատ միւս քաղաքներէն։
Քիոթոյէն Թոքիօ մեր ճամբորդութիւնը կատարեցինք արագընթաց հանրակառքով (bullet train): Իւրաքանչիւր ճեպընթաց ունի 16 կառք եւ կ՚ընթանայ 185 մղոն արագութեամբ։ Ճեպընթացի գործածութիւնը սկսած է 1964 թուականին՝ միջազգային ողիմպիական խաղերու ընթացքին, Թոքիոն կապելով Օսաքային։ Իսկ հիմա գործածութեան դրուած է 165 ճեպընթաց, որոնց եօթ գիծերը զիրար կը կապեն Ճաբոնի զանազան քաղաքները։
Հետաքրքրական է գիտնալ, որ մեր Ճաբոն գտնուած միջոցին, երկրին վարչապետը՝ Ապէ, Հնդկաստան գացած էր՝ ճեպընթացներու դրութիւնը պարզելու անոնց եւ միեւնոյն ժամանակ անոնց ճեպընթաց ծախելու առաքելութեամբ։ Կրնա՞ք երեւակայել, որ եթէ հսկայ Հնդկաստանը համամիտ գտնուի, որքա՜ն շահաբեր գործառնութիւն մը պիտի ըլլայ այս մէկը՝ Ճաբոնի համար…
Որպէս կրօնք, Ճաբոնի մէջ գոյութիւն ունի Պուտտայականութիւնն ու Միքատոյի պաշտամունքը (Shinto-ism)։ Ճաբոնցիներուն 80 տոկոսը կը հետեւի Միքատոյին՝ որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ նախահայրերու եւ հերոսներու պաշտամունքը։ Իսկ Պուտտայականութիւնը ներածուած է Չինաստանէն, վեցերորդ դարուն։
Թոքիոյի կեցութեան մեր վերջին օրը, մենք առիթն ունեցանք այցելելու քաղաքի տեսարժան վայրերը, ներառեալ ազատութեան արձանը (statue of liberty)։ Այդ արձանը նուիրուած է Ֆրանսայի կարավառութեան կողմէ, սակայն Նիւ Եորքի արձանին բարձրութեան մէկ-եօթներորդն է միայն։ Իսկ անոր շրջափակը կ՚օգտագործեն՝ ըստ մեր շրջապտոյտի անգլիախօս առաջնորդին, երիտասարդները՝ սիրահար որոնելու առաքելութեամբ։ Մէկ խօսքով, Թոքիոյի lovers lane-ն է ան…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ