Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
Կ՚ԸՍԵՆ
Կ՚ըսեն խօսէ՛
-չէ, կ՚ուզեմ լսել
լսել ցաւը
հնչիւն առ հնչիւն
ապրիլ զայն
խրիլ անոր մէջ
սուզուիլ խորը
կուլ տալ լո՜ւռ...
Եւ
օր մըն ալ
հանել ցաւը հոնկէ
իր խորութենէն
ու մարսել զայն
-Խօսէ՛
զո՞վ պատմեմ
ամէն ոք ցաւի
լեցուն տակառ մըն է
քալող
շնչող
ցաւող
ապրո՜ղ...
Լեցուն տակառները ե՞ս յորդեցնեմ
չէ՞ որ խօսքն ալ ցաւ կը պատճառէ
Կ՚ըսեն բաւ է սիրես, ատէ՛
-կ՚ըսեմ չէ, սիրել կ՚ուզեմ
սիրել կեանքը
ծառը
ծիլը
բնութիւնը
տիեզերքը
մահը
անկէ անդին
մահացո՛ղը
ապրողը
չարը
բարին
ՄԱՐԴԸ
Չէ՞ որ ամէն ինչ սիրոյ կարիքը ունի
Կ՚ըսեն «ոչ» ըսէ օր մըն ալ
-կ՚ըսէի չէ
եթէ
այսօր...
Հաճոյքով «ո՛չ» մը ըսած չըլլայի
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017