Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖԷՆԷՐ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նորին սրբազնութիւնը յայտնեց, որ որպէս տեղապահ փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ եւ ծանօթանալ յունաց պատրիարքին հետ։ Զրոյցի ընթացքին նորին սրբութիւնը յայտնեց, որ ինք կը հետեւի այն լուրերուն, որոնք կը հետաքրքրեն հայ համայնքը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց տեղապահ սրբազան հօր այցելութեան կապակցութեամբ։ Զրոյցի աւարտին Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք պանակէ մը նուիրեց տեղապահ սրբազան հօր։
Այցելութեան աւարտին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ուխտի աղօթքը կատարեց պատրիարքանիստ Ս. Գէորգ Մայր տաճարին մէջ։ Նորին սրբազնութեան ընկերացան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։