ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԱԾ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ խնամակալութեան սիւներէն Վարդավառ Ճաւաք վերջերս այցելեցին Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցան տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։

Խնամակալութեան ներկայացուցիչները տեղապահ սրբազան հօր նկատառման յանձնեցին, որ Ղալաթիոյ եկեղեցիէն ներս ձեռնարկուած բարեկարգման եւ ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքները հասած էին իրենց աւարտին։ Ուստի, խնամակալութիւնը կը նախատեսէ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւն, որպէսզի Հինգշաբթի օրերու սուրբ պատարագները շարունակուին կանոնաւոր ձեւով։

Զրոյցի տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցիէն ներս ձեռնարկուած աշխատանքներու յաջող աւարտին բերումով եւ խնամակալութեան առընթեր իր գնահատանքը արտայայտեց՝ հսկողներուն եւ բարերարներուն համար։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017