ՄՈՒՐԱՏ ԷԶԷՐ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր այս շաբաթավերջին կը բանայ իր անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսը։ Ան երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղի լուսանկարչութեամբ ու կը համագործակցի նաեւ համայնքային մամուլին հետ։

Մուրատ Էզէր, որ 1965 թուականին ծնած է Պաթմանի մէջ, ուսում ստացած է Գարակէօզեան Տան եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ։ Որպէս արհեստաւոր միջոց մը առեւտուրով զբաղելէ վերջ կոչուած է հանգստեան եւ նուիրուած՝ լուսանկարչական գործունէութեան։ Թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ գաւառներու մէջ շրջագայութիւններ իրականացնելով ան նկարահանած է հետաքրքրական դրուագներ։ Էզէր միեւնոյն ժամանակ որպէս լուսանկարիչ կը հետեւի համայնքային կեանքի զանազան իրադարձութիւններուն։

Այս փորձառութեան հիման վրայ ան որոշած է բանալ իր առաջին ցուցահանդէսը։ «Իսթանպուլի հայերը» կը կոչուի ծրագիրը։ Մուրատ Էզէրի 79 լուսանկարները մաս պիտի կազմեն այս ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Բացումը նախատեսուած է Ուրբաթ երեկոյեան։ Ցուցահանդէսին մէջ ներգրաւուած են Մուրատ Էզէրի կողմէ բացառապէս Իսթանպուլի եւ Սեբաստիոյ մէջ նկարահանուած դրուագներ։

Իր անդրանիկ ցուցահանդէսի բացման ընդառաջ Մուրատ Էզէր նպատակադրած է ապագային իր գործերը Հայաստանի եւ սփիւռքի այլ հայաբնակ կեդրոններու մէջ ալ ծանօթացնել։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017