Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՈՐՈՇԵՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ ՄԸ ԿԱԶՄԵԼ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Երէկ առաւօտ Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը գումարուեցաւ՝ նախագահութեամբ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։
Նիստի ընթացքին նկատի առնուեցաւ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէի ծաւալած գործունէութիւնով պայմանաւորուած հարցը։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, խնդիրը թէեւ վարչական բնոյթ կը կրէ, սակայն առընչուած է եկեղեցական կեանքի հետ։ Ուստի, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր Պատրիարքարանի կողմէ, որոշուեցաւ կազմել յանձնախումբ մը։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին յանձնուեցաւ սոյն յանձնախումբը կազմելու պաշտօնը։
Ժողովական հայրերը որոշեցին նաեւ Եկեղեցական համագումար կազմակերպել՝ Կրօնական ժողովի կազմէն պակսած անդամներու հարցին շուրջ խորհրդակցելու նպատակով։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017