ՆԱԽԱԳԻԾ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱԼ
Կան մարդիկ, որոնք իրենց գործունէութիւններուն մէջ երբեք նկատի չեն առներ իրենց նիւթական, մարմնական, բարոյական կամ իմացական կարողութիւնները եւ տարողութիւնը եւ իրենց ուժէն, տարողութենէն աւելի ծանրութիւն վերցնելու կը յանդգնին։
Բայց մա՛րդ իր կարողութենէն եւ տարողութենէն աւելի ծանր, աւելի վեր բեռ մը չի կրնար վերցնել, եւ եթէ վերցնել փորձէ, այդ ծանրութեան տակ կը վնասուի եւ մինչեւ իսկ կեանքը կը վտանգուի, մարմնապէս վնաս կը կրէ։ Եւ յաճախ այսպիսի պարագայի մը, ո՛չ միայն մարմնապէս, այլ նաեւ՝ հոգեպէս եւ բարոյապէս կը վիրաւորուի։
Այս տեսակ սխալ շարժում մը մարդուս վարկը կ՚իջեցնէ, ամօթով կը մնայ իր շուրջիններուն առջեւ, քանի որ իր տկարութիւնը, թերութիւնը կը յայտնուի։ Իսկ այն մարդը՝ որ իմաստուն է եւ խոհեմ, որեւէ գործի մը ձեռնարկելէ առաջ, նկատի կ՚առնէ իր մարմնական, իմացական եւ հոգեկան կարողութիւնները եւ ընդհանուր տարողութիւնը։
Մարդիկ, ընդհանրապէս առանց նախագիծ մը պատրաստելու՝ հապճեպ եւ նոյնքան անխոհեմ կը սկսին գործի մը՝ որուն հետեւանքը հիասթափութիւն կ՚ըլլայ։
Մարդ, ուրեմն, որքան ներկան, նո՛յնքան ալ ապագան պէտք է խորհի, պատրաստ ըլլայ դիմադրելու ամէն նեղութեան եւ դժուարութեան։ Եւ ասոր համար ալ, պէտք է նախագիծ մը պատրաստէ որեւէ գործի մը սկսելէ առաջ՝ կարեւոր կամ անկարեւոր, մեծ կամ փոքր։ Ինչպէս, ուրեմն, նիւթական շէնք մը կառուցանելու համար, անհրաժե՛շտ է նախագիծ մը պատրաստել եւ ըստ այնմ շարժիլ, հոգեւոր ձեռնարկներու համար ալ պայմա՛ն է նախագիծ մը ունենալ եւ այդ նախագիծին վրայ յառաջանալ, որպէսզի հոգեւոր ձեռնարկը արդիւնաւոր ըլլայ եւ հասնի իր նպատակին։ Եւ ո՛չ միայն նիւթական եւ հոգեւոր, այլ նաեւ մտաւոր աշխատութեան մը սկսելէ առաջ պէտք է պատրաստել նախագիծ մը։
Եւ ահաւասիկ, այս կէտին, կը տեսնուի կարգապահութեան՝ սկզբունքով շարժելու կարեւորութիւնը ամէն մարզի մէջ։
Անշուշտ յաջողութիւն ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է գիտութիւնը եւ աշխատութիւնը, բայց առանց կարգապահութեան, առանց որոշ կանոններու համեմատ շարժելու՝ ո՛չ գիտութիւնը եւ ոչ ալ աշխատութիւնը արդիւնաւոր կ՚ըլլայ, քանի որ անոնք ցիրուցան արժէքներ կը մնան, եւ տարածուած, ցիրուցան ո՛չ մէկ արժէք կրնայ օգտակար ըլլալ եւ յաջողութիւն ձեռք բերել տալ։ Յաջողութիւնը կ՚իրականանայ այն ատեն՝ երբ գիտութինւը եւ աշխատութիւնը միանայ կարգապահութեան (=discipline), քանի որ ան է որ կը կազմակերպէ, կը ձեւաւորէ եւ կը չափաւորէ գիտութիւնը եւ աշխատութիւնը։
Կարգապահութիւնը, ըսինք, ամէն մարզի մէջ կարեւորագոյն եզր մըն է կատարելութեան։ Մարդկային ամենօրեայ կեանքին մէջ՝ աշխարհային եւ հոգեւոր կեանքին, ընկերային եւ ընտանեկան կեանքին, ուսումնական-կրթական կեանքին մէջ եւ ամէնուրեք կարեւոր դեր մը կը խաղայ։
Երբ յիշեցինք հոգեւոր կեանքը, պահ մը կանգ առնենք մեր հոգեւոր կեանքին վրայ։
Հոգեւոր կեանքին մէջ ալ եթէ պակսի կարգապահութիւնը, չափաւորութիւնը, կարգ մը սահմաններու եւ արգելքներու հաւատարմութիւնը՝ այլապէս հոն ճշմարիտ հոգեւոր կեանքի մը գոյութիւնը տեսնել եւ ապրիլ անկարելի կ՚ըլլայ։ Աղօթքի մէջ մանաւանդ, եւ ծոմապահութեան, արարողութիւններու, ծէսերու ընթացքին կարգապահութիւնը անհրաժե՛շտ է։ Զոր օրինակ, եկեղեցւոյ մէջ, Աւետարանի ընթերցման ժամանակ նստարանին վրայ բազմած, չըսելու համար «փռուած» տեսնել կարգ մը անձեր, խորհիլ կու տայ բոլոր բարեպաշտ հաւատացեալներուն, թէ այդ վիճակը եկեղեցւոյ ընդհանուր կարգապահութիւնը խանգարող, ոտնակոխ ընող արարք մըն է՝ անտարբերութեան արդի՛ւնք, անշուշտ եթէ նկատի չառնուի Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ անկարգութիւնը եւ անարգանքը։ Եւ դարձեալ, Սուրբ Պատարագի ընթացքին՝ ամենէն խոր-հըրդաւոր պահերուն, անտարբեր անձեր տեսնել՝ բազմած եւ ըսենք՝ փռուա՛ծ նստարանին վրայ, ի՞նչ բառով կարելի է բացատրել, եթէ ոչ՝ անկարգութիւն, կարգապահութեան գիտակցութենէ զուրկ անուանումով։
Եւ զարմանալի՜ է տեսնել անձեր հոն՝ նստարանին վրայ անտարբեր բազմած երբ մարմնապէս հոն ներկա՛յ է Յիսուս Քրիստոս, որ կը պատարագուի, կը զոհուի իրենց համար։ Այսքան անտարբերութիւն՝ հասկնալ կարելի չէ՛։
Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, երբ կը խօսինք «կարգապահութեան» մասին, անիկա պէտք է կեանքի ամէն միջավայրին մէջ, եւ մանաւա՛նդ հոգեւոր կեանքի մէջ, որուն մարմնական՝ տեսանելի շրջապատն է՝ եկեղեցին, եւ հոն պէտք է առաւելագոյն խնամքը տարուի կարգապահութեան, քանի որ հոն ներկա՛յ է Ի՛նք՝ Աստուած։ Եւ յետոյ, մէկ անկարգ անձի վարմունքը պատճառ կրնայ ըլլալ նաեւ միւս հաւատացեալներուն ալ գայթակղութեան՝ օրինակելով այդ «անկարգ» եւ կարգապահութեան գիտակցութենէ զուրկ անձը։ Ուստի կատարեալ եւ արդիւնաւոր հոգեւոր կեանք ապրելու նախապայմա՛նն է կարգապահութիւնը եւ օրինապահութի՛ւնը։
Ոմանք կրնան խորհիլ, թէ կարգապահութիւնը «մանրամասնութիւն» է, եւ էականը՝ մարդուս հաւատքն է, իր ներաշխարհն է, եւ ուրեմն «նստարանին վրայ բազմիլ» եւ կամ կանգնիլ այդքան կարեւոր չէ՛…։
Նախ՝ էականը մանրամասնութիւններու միացումովը կը կազմուի, կը յայտնուի։
Յետոյ՝ այդպէս խորհողներ, արդեօք ոեւէ աշխարհային «մեծաւորի ներկայութեան կրնա՞ն այդպէս փռուած՝ բազմիլ նստարաններու վրայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 11, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024