«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿՐԿՆՈՒԵՑԱՒ՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻՆ ԵՒ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻՆ ՁՕՆՈԱԾ «ՉԼՌՈՂ ՂՕՂԱՆՋՆԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հայ մշակոյթի երախտաշատ մեծերէն Կոմիտաս Վարդապետին ու «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանին ձօնուած ձեռնարկ մը։ Միջոց մը առաջ տեղի ունեցած «Չլռող ղօղանջներ»ուն կրկնութիւնն էր այս մէկը։ Դպրոցէն ներս խանդավառութիւն ստեղծեց այս ձեռնարկը, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Աշակերտները նորովի եռանդով գործադրեցին յայտագիրը, որու ընթացքին ներկայացուցին մեր երկու մեծերու կեանքի ուղին եւ ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ՝ թատերակներով եւ արտասանութիւններով։
Ձեռնարկի աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արտասանեց փակման խօսք մը, որու ընթացքին գնահատեց աշակերտները, այս ծրագիրը պատրաստած կրթական մշակները, ինչպէս նաեւ «Հրանդ Տինք» վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։