ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

«Երկինք» եւ «Երուսաղէմ», ընդհանրապէս կը ներկայացնեն մարդկային հանդերձեալ, այսինքն ապագայ կեանքը՝ անդենականը։

Ուրեմն նախ տեսնենք, թէ ի՛նչ է Երուսաղէմի ընդհանուր նկարագիրը, եւ յետոյ ուսումնասիրել ջանանք, բացատրել փորձենք «երկինք» եզրը։ «Երուսաղէմ»ը պիտի փորձենք դիտել պատմական եւ աշխարհագրական տեսանկիւնէն բաւական հակիրճ կերպով, որպէսզի կարենանք աւելի լա՛ւ հասկնալ անոր հոգեւոր արժէքը եւ իմաստը։

Պատմական տեսակէտէ, Իսրայէլացիներու երկրին գլխաւոր քաղաքն էր Երուսաղէմ՝ որ Աբրահամի ժամանակ կ՚անուանուէր «Սաղէմ» (ԾՆՆԴ. ԺԴ 18) եւ (ՅԵՍ. ԺԵ 8), նաեւ՝ «Յեբուս»՝ երբ իսրայէլացիներ գրաւեցին այն երկիրը, բնակիչները կը կոչուէին՝ Յեբուսացիներ (ՅԵՍ. ԺԵ 63)։ Թերեւս այս երկու՝ «Սաղէմ» եւ «Յեբուս» անուններէն շինուեցաւ «Յեբուսաղէմ» անունը, եւ յետոյ ժամանակի ընթացքին, փոխուելով եղաւ Երուսաղէմ՝ որ եբրայերէն կը նշանակէ՝ «Խաղաղութեան ստացուած» կամ «հիմն»։ Եւ հաւանաբար ասկէ կը հետեւի՝ վերին Երուսաղէմը՝ խաղաղութեան երկնային երկիր, խաղաղութեան վայր՝ երկնքի մէջ, ուր այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ երկրային որեւէ խռովութիւն, թշնամութիւն կամ խառնաշփոթութիւն։ Արդարեւ, երկնային Երուսաղէմը մարդուս վերջնական հանգստարանն է, ուր հոգին կը հանգչի կատարեա՛լ խաղաղութեան մէջ։

Ամբողջ Երուսաղէմ քաղաքը շինուած է քառաբլուր բարձր ժայռի մը վրայ, եւ երեք կողմերն ալ սեպ՝ ցից զառ ի վեր՝ բացի հիւսիսային կողմէն, եւ երեք կողմէն պատեալ է խորաձորով մը։ Ձորին անդիի կողմն ալ կը գտնուին բարձր լեռներ (ՍԱՂՄ. ՃԻԵ 2), այնպէս որ ճանապարհորդը չի կրնար տեսնել քաղաքը առանց բոլորովին անոր մօտենալու։ Շրջակայ տեղերը շատ քարուտ են եւ բոլորովին չոր ու անբեր։

Իսկ «երկինք» եւ անոր անբաժան «երկիր» եզրերը, ընդհանրապէս գործածուած են երեք նշանակութեամբ, այսինքն՝ նախ «անտեսանելի» եւ կամ «հոգեւոր», երկրորդ՝ «տեսանելի» կամ «նկարագրական», եւ վերջապէս երրորդ՝ քաղաքական նշանակութեամբ։

Այս առմամբ երկինք կը նշանակէ՝ իշխաններու, երկիր՝ ժողովուրդին յատուկ. իսկ «երկին եւ երկիր» կը նշանակէ՝ թագաւորութիւն կամ քաղաքականութիւն։

Դարձեալ այս իմաստով՝ «երկինքէն իյնալ» կը նշանակէ՝ պատիւ կամ իշխանութիւն կորսնցնել։ «Երկինքը բացուած» կամ «երկինքի մէջ բացուած դուռ մը» կը նշանակէ՝ «նոր յայտնութեան մը սկիզբ»ը։ Երկինքի զանազան երեւոյթներ՝ արեգակ, լուսին, աստղեր կը նշանակեն ծայրագոյն եւ կամ երկրորդական իշխանութիւն։

Արդարեւ, Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ կատարեալ կեանքը՝ սիրոյ հաղորդութիւնը, բոլոր երանելիներով միատեղ կեանքը՝ կոչուած է. «երկի՛նք»։

Երկինքը մարդուն վերջնագոյն նպատա՛կն է, ամենախորունկ տենչանքներուն իրականացումը, եւ գերադաս եւ վերջնորոշ երանութեա՜ն վիճա՛կն է։

«Երկինքի մէջ ապրիլ» կը նշանակէ «Քրիստոսի հետ ըլլալ». ընտրեալները Անոր մէջ կ՚ապրին, հոն պահպանելով, աւելի ճի՛շդ՝ հոն գտնելով իրենց իսկական ինքնութիւնը, իրենց յատուկ անունը։

Ուրեմն, «վերին Երուսաղէմ» եւ «երկինք» կապը՝ առընչութիւնը սապէս կարելի է բացատրել, թէ՝ անոնք որ Աստուծոյ շնորհքին եւ բարեկամութեան մէջ կը վախճանին եւ մեղքէ կատարելապէս մաքրուած են, յաւիտեանս Քրիստոսի հետ կ՚ապրին, եւ Քրիստոսի հետ ապրիլ կը նշանակէ՝ խաղաղութեան մէջ՝ ապահով եւ գոհունակ ու բաւարարուած կեանք վարել։ Ուստի անոնք առ յաւէտ նման են Աստուծոյ, քանի որ անոնք ստեղծուած են Անոր պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ։ Անոնք խաղաղութեան մէջ են եւ ապահով, որովհետեւ կը տեսնեն զԱստուած՝ ինչպէս որ է. դէմ յանդիման (ՅՈՎՀ. Գ 2) եւ (Ա. ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 12)։ Անոնք խաղաղութեան մէջ են, քանի որ Աստուծոյ հետ դէմ առ դէմ են՝ առանց ոչ մէկ արարածի միջնորդութեան։

Ժամանակներու աւարտին, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի հասնի իր լրումին։

Ուստի «երկինք»ի մասին Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Հայր մեր որ երկինքն ես, այս խօսքերով՝ իրաւամբ կը հասկնանք արդարներուն սիրտը՝ ուր Աստուած կը բնակի իբրեւ Իր տաճարին մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ աղօթողը փափաքելու է որ Ան, որուն ինք կը պատկանի, իր մէջ ալ բնակի»։

Արդարեւ, «երկինք»ի խորհրդանիշը մեզ կը տանի «ուխտին խորհուրդ»ին՝ զոր մենք կ՚ապրինք երբ մեր Հօր կ՚աղօթենք, որ երկինքն է, որ Անոր բնակարանն է, Հօր Տունն է, ուրեմն եւ մեր հոգեւոր «հայրենիք»ն է։ Մարդ, մեղքի պատճառով ուխտին երկրէն դո՛ւրս արտաքսուեցաւ. իսկ անոր «հոգեփոխութիւն»ը զինք դէպի Հայրը՝ դէպի երինք կը վերադարձնէ։ Քրիստոսով է որ երկինքը եւ երկիրը հաշտութիւն կնքեցին։ Որդին է որ առանձին իջաւ «երկինք»էն եւ Ինք է որ Իր Խաչով, Յարութեամբ եւ Համբարձումով մարդը Իրեն հետ երկինք կը վերադարձնէ։

Ուստի մարդը, որ մեղքի պատճառով երկինքէն, այսինքն Հօր բնակարանէն «երկիր» վտարուեցաւ, եւ փրկութեամբ պիտի վերադառնայ իր բուն բնակարանը՝ «երկինք», ուր կա՛յ հաշտութիւն, խաղաղութիւն եւ յաւիտենական կեանք, այսինքն երանութի՛ւն։

Ուստի, «Հայր մեր որ երկինքն ես» աղօթելով, մարդ կը դաւանի, թէ ինք Աստուծոյ կը պատկանի՝ որ արդէն իսկ «բազմած» է երկինքի մէջ Քրիստոսով՝ թաքնուած Քրիստոսի հետ Աստուծոյ մէջ. «Որովհետեւ դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ միասին ապրիք այն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի» (ԿՈՂ. Գ 3)։ Արդարեւ, քրիստոնեաները երկրաւոր մարմնի մէջ են, բայց չե՛ն ապրիր ըստ մարմինին։ Իրենց կեանքը երկրի վրայ կ՚անցընեն, սակայն անոնք «երկնաքաղաքացի»ներ են։

Ուրեմն կը տեսնուի, որ «երկինք» եւ «Երուսաղէմ» մարդուս «վերջնական նպատա՛կ»ն է՝ կեանքին իմաստը, քանի որ ան միշտ կ՚ուզէ խաղաղութիւն, որ կը համապատասխանէ ապահովութեան եւ որ երջանկութեան նախապայմա՛նն է։

Վերջապէս, մահը «անցք» մըն է երկրէն դէպի երկինք, մարմնաւորէն դէպի հոգեւո՛ր։ Արդէն չէ՞ որ «մահ» կը նշանակէ՝ «Մարմին Առանց Հոգիի»՝ Մ - Ա - Հ։ Մարմինը՝ երկրի՛ն, իսկ հոգին երկի՛նքին կը պատկանի…։

Նոյեմբեր 20, 2017, Իսթանպուլ

ՅԵՏ ԳՐՈՒԹԵԱՆ.-

Երբ արդէն վերջացուցած էինք մեր գրութիւնը, մեծ ցաւով ստացանք մեր ընտանեկան ազնիւ բարեկամ, սիրելի Պերճ Իսքէնտէրէօզի մահուան գոյժը։ Մեր հեզահամբոյր եւ ընտիր բարեկամին կորուստով, կարեւոր անձնաւորութիւն մը եւս պակսեցաւ մեր բարեկամական շրջանակէն։

Սրտանց կը վշտակցինք մեր ընտանեկան անկեղծ բարեկամ՝ իր կողակցին սիրելի Սելմա Իսքէնտէրէօզի եւ կը մաղթենք մխիթարութիւն եւ համբերութիւն այս անփոխարինելի կորուստին առթիւ։

ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

20 Նոյեմբեր 2017

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2017