ԽՈՐԷՆ ԱՐԱՄՈՒՆԻ. «ԻՄ ԿԱՐԾԻՔՈՎ՝ ՍՓԻՒՌՔԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԵՐԵՒՈՅԹ Է»
Խորէն Արամունիի անունին առաջին անգամ հանդիպած եմ 1990-ականներու աւարտին, երբ Պէյրութ հասած «Բաց Նամակ» գրական պարբերականին մէջ այլ անուններու կողքին կ՚երեւար նաեւ անոր անունը: Թերթը, որ գրեթէ հինգ տարուան կեանք ունեցաւ, իր էջերուն տեղ կու տար նորարարութեան գիծին եւ ոգիին հաւատարիմ եղող անուններու, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի են՝ Գուրգէն Արզումանեանը («Բաց Նամակ»ի խմբագիր եւ հրատարակիչ), Գէորգ Մանոյեանը, Իշխան Ճինպաշեանը, Վահէ Պէրպէրեանը եւ ուրիշներ:
Հակառակ այն փաստին, որ Արամունի կը պատկանէր համեմատաբար աւելի երէց սերունդի մը, թերթը հրապարակողները պատեհ կը համարէին լոյս ընծայել նաեւ անոր գործերը:
Գրողին հետ բարեկամութիւնս կը շարունակուէր Երեւանի մէջ, ու այդ բարեկամութեան ամրացման գործին մէջ կարեւոր դեր կ՚ունենար այլ տաղանդաշատ ընկեր մը՝ հալէպահայ բանաստեղծ՝ Տիգրան Գաբոյեանը:
Բնաւորութեամբ հանդարտ, իրանեան խոհեմութեան «ջուրէն» խմած ու ապա Էջմիածին քաղաքի արեւն ու շունչը առած Արամունին Հայաստանի մեծ սիրահար է:
Կուսակցական նեղ եւ կաշխանդող կապանքներէն ձերբազատուած արձակագիր մը, որուն կեանքին, ապրումին, երազներուն ու յոյսին ամենէն վաւերական աղբիւր, ինքը՝ Մայր Հայաստանն է:
Արամունիներու ընտանիքը կը սերի Թեհրանէն։ Անոր հօր որոշումով է նաեւ, որ Խորէնը տասնեօթ տարեկանին ներգաղթած է Հայաստան։ Ներգաղթի եւ անոր պայմաններուն՝ հոգեբանական, տնտեսական, քաղաքական եւ այլ երեսակներուն մասին շատ գրուած է։ Կան տասնեակ յօդուածներ, արխիւային նիւթեր, վկայութիւններ եւ նոյնիսկ ժապաւէններ (այդ մասին բաւական արժէքաւոր աշխատանք տարած են հայրենի մտաւորականներ՝ Տիգրան Պասկեւիչեան եւ Արայիկ Շիրինեան, որոնց ներգաղթի մասին նկարահանած երեք ժապաւէնները այսօրուան կտրուածքով կը համարուին այս թեմային մասին ցարդ եղած ամենէն լուրջ եւ վաւերական աշխատութիւններէն մին։ Հարկ է, այդ տեսերիզներուն մասին գրել աւելի հանգամանաւոր կերպով, այլ առիթով մը)։ Ու գաղտնիք ալ չէ, որ հայ մտաւորական շրջանակներուն կամ նոյնիսկ պատմագրութեան համար ներգաղթի վերաբերեալ վերջնական եւ լիարժէք գնահատականներ չեն տրուած։ Կը տարակուսիմ ըսել, որ խնդիրը միայն ժամանակի հարց չէ, կամ թէ հետաքրքրութեան մը ծիրին մէջ «մնացած» թեմա, որովհետեւ ներգաղթը թէ՛ որպէս երեւոյթ եւ թէ որպէս մեր արդի պատմութեան մաս կազմող կարեւոր օղակ, ունի տարաբնոյթ, յաճախ իրերամերժ եւ հակասական դրուածքներ ու այդ պատճառով է հաւանաբար, որ այդ թեման կը շարունակէ մնալ «բաց» ու լիարժէք գնահատականներու արժանի բաւական «ծանր» եւ լուրջ նիւթ մը։
Այս բոլորէն անդին պէտք չէ ուրանալ, որ Խորէն Արամունիի եւ իր նման շատ-շատերու համար Հայաստան գալը, ապրիլը, տեսնելը, զգալը եւ նոյնիսկ Սովետական երկրի բարիքները «ճաշակել»ը ունեցած է իր ուրոյն դերը՝ մարդուն, ապա մտաւորականին ու գրողին ընդհանուր կազմաւորման հարցին շուրջ։
Արամունի կապուած է Հայաստանին։ Այդ կապուածութիւնը երեւելի է ամէն տողի տակ, ամէն շունչի, բառի եւ զգացումի մէջ։ Ու այդ պատկանելիութիւնը ամրացած՝ կայուն վէպի վրայ կառուցուած եսի մը ընդհանուր ճառագայթումն է։ Որքան ալ դժուար օրեր ապրած հայ մարդը այս պարագային՝ Խորէն Ամատունին, միեւնոյնն է Հայաստանի հանդէպ։ Անոր կապուածութիւնն ու սէրը անփոփոխելի են ու կապ չունին օրուան վարչաձեւին, օրուան կառավարութեան կամ իշխանութիւններուն հետ։ Իր ուզած Հայաստանով չէ որ կ՚ապրի Արամունին… Թէեւ շատ լաւ պիտի ըլլար, բոլորիս համար լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր ալ ամենէն մօտը ըլլար մեր ու իր իտէալներուն, բայց կայ, ինչ որ կայ եւ գոյութիւն ունեցող, շնչող եւ ապրող մեր երկիրը մեր բոլորին շունչին ու ոգիին, գործին ու տառին պէտքը ունի։
Առիթն ունեցայ հարցազրոյց մը կատարելու Խորէն Արամունիին հետ: Գրողը, ինչպէս միշտ, անկեղծ է իր մօտեցումներուն մէջ ու հարցազրոյցին ընթացքին արտայայտուած միտքերը այսօրուան ամերիկեան կեանքին, հոն ապրող հայութեան մշակութային գործունէութեան ու առհասարակ այն մասին, որ «ամերիկայի մէջ հայ գրողներ կան, բայց ամերիկահայ գրականութիւն չկայ», արժանի են ուշադրութեան:
Խորէն Արամունի մէկն է այն հարիւրաւորներէն, որ հակառակ Հայաստանէն հեռանալուն ու Միացեալ Նահանգներու «խառնարան»ին մէջ բաւական հանգստաւէտ կեանք մը վարելուն, չէ օտարացած եւ չէ լքած իր ու մեր սիրելի հողակտորը՝ Հայաստանը:
*
-Սիրելի Խորէն վերջերս լոյս տեսաւ ձեր նոր հատորը, որ կը կրէ «Երեւան Թաքսի» խորագիրը: Այս հատորը ձեր հրատարակած գիրքերէն քանիերո՞րդն է, եւ ինչո՞ւ «Երեւան Թաքսի» կոչուած է: Ո՞ւր կը տանի այդ թաքսին: Երեւա՞ն կը տանի:
-Սա 15-րդ հատորն է: Թաքսին կը տանի այնտեղ, ուր կը ցանկանայ: Այսինքն, վայրը մենք կ՚ընտրենք, իսկ ճամբան՝ թաքսին, որպէսզի քիչ մը աւելի շահաւէտ ըլլայ իրեն համար: Այս երեւոյթը միայն Հայաստանի մէջ չէ, այլ ամէն տեղ: Այսօր Երեւան, թաքսիի լաւ ընկերութիւն մը կայ՝ GG ընկերութիւնը, եւ վերջերս, յաճախ կ՚օգտուիմ այդ ընկերութեան ծառայութենէն:
-Վերջերս անընդհատ նոր գրառումներով հանդէս կու գաք: Երբ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէիք, այդպիսի «գոլորիտ» չկար ձեր դիմատետրի էջին: Ճիշդ նկատած ե՞մ:
-Անշուշտ, այդ «գոլորիտ»ը հայ մտաւորականի համար է: Չեմ ուզեր շեշտել հայ մտաւորականը, բայց այդ միջավայրը՝ «գոլորիտ»ը, որ կայ Հայաստանի մէջ, կը բացակայի մեզի համար՝ ամերիկահայ մտաւորականին համար, որովհետեւ աշխարհագրական առումով Ամերիկա կ՚ապրինք, բայց հոգեպէս՝ իմ սերունդս, դեռ չենք կրցած համակերպիլ եւ նոյնանալ Ամերիկայի ու ամերիկացիներու հետ: Նոր սերունդը՝ իմ զաւակներս, իրապէս Ամերիկա կ՚ապրին, իսկ մենք՝ Հայաստան, Պարսկաստան, Լիբանան, Կիպրոս՝ ուրկէ, որ եկած ենք. մեր գրականութեամբ, մշակոյթով, մեր խոհանոցով, մեր ամէն ինչով: Պատկերացուցէք, մեր տան խոհանոցը մինչեւ հիմա պարսկական է: Գիտէք ինչո՞ւ համար հայկական չէ: Հայկական չէ, որովհետեւ ընդհանրապէս հայկական խոհանոց չկայ:
-Ի՞նչպէս, ձեր տան խոհանոցէն ներս հայկական ճաշատեսակ չկա՞յ:
Հոս ալ չկայ: Ինծի տուէք մէկ հատ հայկական ճաշարանի անուն, որու ճաշացանկին մէջ երեք հատէ աւելի հայկական ճաշատեսակ կայ: Հայերը կը սեպեն, որ խորովածը հայկական ճաշատեսակ է, սակայն ո՞վ ըսաւ: Խորովածը նախամարդոց ճաշը եղած է: Բոլոր ազգերը կենդանիներ որսացած են եւ կրակի վրայ պատրաստած են իրենց կերակուրը: Հիմա ո՞վ ըսաւ, որ այդ ճաշը հայկական է:
-Ձեր կարծիքով, որոշ սննդականոն մը կա՞յ գրողին համար: Դուք միս կ՚ուտէ՞ք:
-Միս կ՚ուտեմ, բայց ոչ թէ մարդու միս: Ես ընդհանրապէս ուտելու սէր չունիմ, նոյնիսկ մտքովս չ՚անցնիր թէ այսօր ինչ պիտի ուտեմ: Երբ անօթենամ, ինչ որ ալ ըլլայ կ՚ուտեմ: Երբեք ուտելը ինծի համար հաճելի արարողութիւն մը չէ եղած: Կ՚ուտեմ ապրելու, գոյատեւելու համար, եւ ոչ թէ հակառակը՝ կ՚ապրիմ ուտելու համար: Իսկ Ամերիկա, մարդիկ կ՚ուտեն նոր գործերու սկսելու համար:
-Սիրելի Խորէն, ինչո՞վ կը տարբերի ամերիկահայ մարդու կեանքը երեւանեան կեանքէն:
-Ամերիկահայերը տարբեր երկիրներէ քով քովի գալով կազմած են գաղութ մը, ուր ամէն մէկը իր հետ տարած է իր երկրի նկարագիրը: Այնպիսի միջավայր մը ստեղծուած է հոն, ուր բոլոր համերը կան, նոյնիսկ խառնուած են իրարու եւ ստեղծած են նոր համ մը, որ իրապէս շատ լաւ է: Հոն ամէն ինչ կրնաս տեսնել, ճաշակել, սիրել կամ չսիրել: Իսկ Հայաստանը ունի իր յստակ դիմագիծը:
Տարիքոտ մարդոց մէջ կը տեսնես այդ տարբերութիւնները՝ պարսկահայ, սուրիահայ եւ կամ լիբանանահայ, իսկ նոր սերունդը՝ զաւակներս այս անպէտ մտածելակերպը, մտայնութիւնը չունին, արդէն վերացած է: Անցեալին, պարսկահայերուն կազմակերպած ձեռնարկներուն միայն պարսկահայերը կը մասնակցէին: Նոյնը նաեւ կրնանք ըսել սուրիահայերու կամ լիբանանահայերու մասին:
Բարեբախտաբար, այսօր այս երեւոյթը չես տեսներ երիտասարդներուն մօտ: Երիտասարդները աւելի ազատ են: Իրենց քով այս տարբերութիւնը գոյութիւն չունի, որովհետեւ իրենք այսօր անգլերէն կը խօսին, մանաւանդ երբ լուրջ կամ մասնագիտական նիւթեր կը քննարկեն: Անոնք կարծես կը ստեղծեն նոր համայնք մը, որ շատ աւելի լաւ եւ խելացի է, քան մեր սերունդը: Ցաւօք, այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական կուսակցութիւններն ալ տագնապ կ՚ապրին:
-Քիչ առաջ ճիշդ խօսք մը ըսիք, «հրաշալի սերունդ մը կը ծնի, սակայն հայերէն չեն գիտեր»: Ձեզի կը մտահոգէ՞ լեզուի հարցը:
-Ինչո՞ւ մենք Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերէն պիտի խօսինք, եթէ Հայաստան ապրող հայերու համար հայերէնը երկրորդ կամ երրորդ տեղը կը գրաւէ: Մենք ընելիքներ ունինք Ամերիկայի մէջ եւ ես գրած եմ դիմատետրիս վրայ ասոր մասին: Սակայն եկէք լուծենք Հայաստանի մէջ գոյացած խնդիրները: Ինչո՞ւ «մինիստրութիւն»ը փոխեցինք «նախարարութիւն» ըրինք, իսկ «Ֆիզկուլտ ինիստիտուտ»ը մնաց նոյնը: Նաեւ ունէինք լեզուի տեսչութիւն, ինչ որ փակեցին: Չեմ գիտեր ճի՞շդ քայլ էր, թէ` ոչ, բայց չե՞ն տեսներ այս խնդիրները: Ինչո՞ւ պիտի մտահոգուինք սփիւռքով: Սփիւռքը ժամանակաւոր է: Եթէ նոր սերունդը յիսուն տարի մըն ալ կարելիութիւն ունենայ թեւ ու թիկունք ըլլալ նորանկախ, քսանհինգ տարուան պետութեան արտաքին եւ ներքին, քաղաքական եւ տնտեսական հարցերուն մէջ, ապա ետքը սփիւռքին պէտք պիտի չունենանք: Սփիւռքը պէտք էր գոյութիւն ունենար այն ժամանակ, երբ Հայաստանը անկախ չէր, իսկ հիմա, կա՛մ պէտք է բոլորը վերադառնան, կա՛մ ալ «անհետանան»: Այսօր Հայաստանը կը դատարկուի: Մենք արտագաղթի խնդիր ունինք: Ինչո՞ւ պէտք է մտածեմ ըս-փիւռքի կեանքը երկնցնելու մասին: Մարդիկ Հայաստանը կը լքեն եւ Միացեալ Նահանգներ կը գաղթեն, նոր կեանք կը ստեղծեն եւ ետքը կ՚ըսեն, «թքած ունինք Հայաստանի վրայ», սակայն նման արտայայտութիւն բնաւ չես լսեր սփիւռքահայէ մը: Նշեմ, որ Հայաստանէն գաղթած հայերը հայրենասէր են, իսկ սփիւռքահայերը՝ ազգասէր, որովհետեւ սփիւռքահայերը Հայաստան չեն ապրած: Եթէ ջուրը չեն խմած, ծիրանը չեն կերած, յուշեր չունին, ուրեմն իրենց մտահոգութիւնը միայն ազգապահպանութիւնն է: Այս պատճառով ալ պարսկահայերը պարսկերէն բառ չգործածելու նպատակով կը դիմեն սխալ թարգմանութիւններու, օրինակ՝ փոշեկուլին կ՚ըսեն «կայծի աւել», կամ կան բառակապակցութիւններ, որոնք բառացի թարգմանութիւններ են եւ այդ արտայայտութեան հայերէնը գոյութիւն չունի, օրինակ՝ «յոգնած չըլնես», «ձեռքդ չցաւայ»: Սա ազգասիրութիւն է, չձուլուելու համար պայքար է, երեւոյթ է: Բայց եթէ ես աչքերովս չեմ տեսած Հայաստանը, եւ միայն նկարով տեսած եմ Արարատը, ապա չեմ կրնար հայրենասէր ըլլալ: Կեանքս ազգիս կու տամ, բայց հայրենիք չունիմ որ տամ: Աս է տարբերութիւնը սփիւռքահայու եւ հայաստանցիի միջեւ:
Տարբերութիւն մը եւս կայ: Սփիւռքի մէջ որքան միութիւն ուզես գոյութիւն ունի, միայն «Հայաստանեան միութիւն» չկայ, որովհետեւ Հայաստանէն եկողները պետութիւն ունեցած են, դըպ-րոցը պետութիւնը ղեկավարած է, մարզադաշտերը, մշակութային միութիւնները, եւ այլն: Հայաստանցիները կարիք չեն ունեցած մտածելու, իսկ եթէ մտածած են, ապա գողնալու եւ տուն տանելու մասին միայն, մանաւանդ Սովետական Միութեան ժամանակ: Սփիւռքի մէջ հակառակ երեւոյթն էր՝ մեր տան կահկարասին կը տանէինք միութիւնները կառուցելու համար:
Հայաստանի մէջ կայ գրողներու, ճարտարապետներու, նկարիչներու եւ այլ միութիւններ, որոնք Սթալինը հիմնած էր եւ պիտի նպաստէր «սոց.ռէալիզմ»ի գրականութեան: Երբ Սթալինը մահացաւ եւ Սովետական Միութիւնը փուլ եկաւ, փուչիկներու վերածուեցան այդ բոլոր միութիւնները: Իմ կարծիքով, ոչ միայն գրողներու միութիւնը, այլ բոլոր միութիւններու գոյութիւնը անիմաստ է, որովհետեւ ո՛չ մէկ միութիւն ո՛չ մէկ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Գրողներու միութիւնը եթէ Ծաղկաձորի մէջ եռօրեայ համաժողով կազմակերպէ, ապա համաժողովը կ՚անցընեն ուտել խմելով եւ զուարճանալով: Ոչ մէկ լուրջ գրական քննարկում կամ զեկուցում տեղի կ՚ունենայ:
Այս պատճառով, հայաստանցիները Միացեալ Նահանգներու մէջ համա-խըմբուած ոչինչ ունին, սակայն անհատական յաջողութիւններ շատ ունին: Օրինակ՝ կան անհատական պարախումբեր, որոնք իւրաքանչիւրը չորս-հինգ հարիւր սան ունի: Հաւաքական խումբերով յաջողութիւններ չունինք: Միայն պատերազմի ժամանակ կրցանք համախմբուիլ՝ Ղարաբաղի քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ այս մէկը:
-Դուք որպէս հայ գրող, երկուութիւն մը կ՚ապրի՞ք Միացեալ Նահանգներու մէջ:
-Երեսուն տարեկանէս ետք ընտանիքիս հետ Ամերիկա գացի: Այդ ժամանակ 70 տոլարով ընտանիքս կը պահէի: Ես հնարաւորութիւն չունեցայ դպրոց երթալու եւ անգլերէն լեզուի իմացութիւնս զարգացնելու, այս պատճառով ալ չկրցայ համակերպիլ ստեղծուած նոր միջավայրին հետ եւ ապրիլ ամերիկացիներուն պէս: Չկրցայ մերուիլ նաեւ նիստուկացին, հոգեբանութեան, կենցաղին, սովորութիւններուն հետ, շատ յաճախ վախի զգացումի պատճառով: Ապրելակերպը ճաշի կը նմանի, կրնաս սիրել եւ չսիրել: Իմ սերունդը մինչեւ այսօր չկրցաւ համակերպիլ, սակայն զաւակներս այսօր կրցած են մերուիլ եւ լաւ դիրքերու հասնիլ՝ տղաս UCL դասախօս է, իսկ աղջիկս ֆիլմարուեստի մէջ բաւական լաւ տեղ հասած է, սակայն նոյն ժամանակ կապուած են իրենց հայրենիքին՝ Հայաստանի հետ:
-Քիչ առաջ ձեր խօսքին մէջ ըսիք, որ վախի զգացում ունէիք: Ի՞նչ բանէ կը վախնայիք:
-Մարդ ոչ միայն մարմնապէս, այլ նաեւ հոգեպէս կը վախնայ: Ես մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ էի, եւ չորս-հինգ տարի շատ լաւ գործ ունէի, սակայն զգացի մեկուսացած եմ իմ շրջապատէս, իմ կեանքէս, ուստի հրաժարեցայ այդ գործէն եւ աւելի քիչ ամսականով սկսայ աշխատիլ տպագրական ասպարէզի մէջ, որպէսզի չմեռնիմ, ֆիզիքապէս միայն չապրիմ: Գիտէք ինչ, ամէն տարի ես Հայաստան կու գամ, իսկ վերջին տասներկու տարին գրեթէ երկու կամ երեք ամիս կը մնամ:
-Կ՚ուզեմ քիչ մը խօսինք գրականութեան մասին: Ես ձեզ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ կ՚ընդգրկեմ, չնայած դուք արեւելահայերէն կը գրէք, բայց ձեր «գրական տարածք»ը սփիւռքի մէջ է: Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի սփիւռքահայ գրականութիւնը, մինչ մօտիկ անցեալին ամերիկեան ափերուն նոր գրականութեան յոյս մը կար, այսօր սակայն, այդ յոյսը գրեթէ չքացած է: Այսօր ո՞ւր կ՚երթայ սփիւռքահայ գրականութիւնը:
-Ցաւօք, այսօր հայ գրականութիւն չկայ: Կան անձեր, որոնք գրականութեամբ կը զբաղին եւ գրելու փորձեր կ՚ընեն, սակայն այդ մէկը կարելի չէ գրականութիւն համարել: Նոր սերունդը հայերէն չի գրեր, որովհետեւ հայերէն չի գիտեր, նոյնիսկ եթէ գրէ՝ լեզուամտածողութիւնը անգլերէն է, անոր գրածին մէջ հայկական շունչ ու ոգի չկայ: Իսկ եթէ մէկը հարցնէ, թէ ո՞ր գրականութիւնը հայկական է, ես կը պատասխանեմ,- «իմ ստեղծագործութիւններս», որովհետեւ ես այնպիսի նիւթեր կը ներկայացնեմ, որոնք հայկական համ ունին, սակայն նոր սերունդը կը գրէ ամերիկեան համով: Ուիլիըմ Սարոյեանն ալ գրած է, բայց չեմ գիտեր եթէ անոր ստեղծածը կարելի է հայ գրականութիւն համարել:
Մենք ունէինք գրողներու միութիւն մը, որ աթոռակռիւէ ետք բաժնուեցաւ երեք մասի: Հոն գրողներ կային, սակայն անոնց գրածը գրականութիւն չէր: Սկսած է կամաց-կամաց ամերիկեան շունչ ստանալ ամէն ինչ:
Նոյնը Երեւանի մէջ նկատեցի: Հայաստանի մէջ շատ տարածուած է օտարամոլութիւնը, սկսած լեզուէն անցնելով նիստ ու կացին: Այսօր հայկական լուրերուն մէջ կը լսենք հետեւեալը. «մի խումբ թինէյջրներ», «պատուիրակութեանը հրաւիրել են լանջի» եւ այլն: Օտար բառերով խօսիլը սովորական երեւոյթ դարձած է: Շատ ուրախ եմ, որ մեր նոր սերունդը լեզուներ գիտէ, եւ կը սիրէ սորվիլ, սակայն օտարամոլութիւնը սարսափելի երեւոյթ է: Գիտէք ինչէ՞ն եկած է այս օտարամոլութիւնը: Չտեսութենէ: Վերջին տասնհինգ տարիներու ընթացքին է, որ մարդիկ սկսան շփուիլ օտար երկիրներու հետ, մեկնիլ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ: Սովետական Միութեան ժամանակ, երբ «Մերսետես» մը պատուիրակութիւն մը տանէր Էջմիածին, հարիւր հոգի երկար կը նայէին այդ ինքնաշարժին, որովհետեւ չէին տեսած: Ես, այս եւ նման դէպքերու ականատես եղած եմ, որովհետեւ հոս ապրած եմ տասն տարի, եւ բոլորը գրած եմ իմ «Ուղղիչ տունը» գիրքիս մէջ, ուր նկարագրած եմ, թէ ինչպէ՛ս ապրած եմ եւ ի՛նչ տեսած եմ Հայաստանի մէջ այդ տարիներուն ընթացքին: Այսօր այդ չտեսութիւնը պակսած է, եւ մենք ունինք սքանչելի նոր սերունդ:
-Մեր զրոյցի ընթացքին, քանի մը անգամ նշեցիք, որ դուք վերջին տասներկու տարին, ամէն տարի Հայաստան կ՚այցելէք: Ի՞նչ բան տպաւորուած է ձեր մէջ:
-Ամենալաւ բանը մարդու մէջ յեղա-շըրջումն է: Սերունդը յեղաշրջուած է, սերունդին մէջ փոխուած է ամէն ինչ: Ամէն տարի ես նոր եւ հետաքրքրական բան կը նկատեմ: Երեք օր առաջ, «Գասգատ» մեր պարարուեստի մասնագէտները ժողովուրդին հայկական պար կը սորվեցնէին: Երիտասարդները առանց բարդոյթի կը մասնակցէին եւ կը պարէին: Իսկ Սովետական Միութեան ժամանակ ամօթ էր նոյնիսկ խոտի վրայ նստիլն ու պարողները դիտելը: Սերժ Թանկեանի «Թումօ»ի բացման արարողութեան համերգի ժամանակ, քսան հազար երիտասարդ նստած կը պարէին: Իմ սերունդի երիտասարդները այսպիսի բաներ չէին կրնար ընել: Նոր սերունդը բարդոյթներէ ազատուած է, ազատ են, ձեռքերնին բաց կը թռչին:
Այսօր Միացեալ Նահանգները Թուրքիայէն կախում ունի, որովհետեւ մեծ գումարներու հասնող առեւտուր կ՚ընէ անոր հետ: Հայաստանը ինչպէ՞ս կախում չունենայ Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն կամ Ռուսաստանէն: Սովետական Միութեան ժամանակ իրաւունք չունէին, սփիւռքահայու մը հետ հարցազրոյց ունենալ եւ տպագրել: Շատ լաւ կը յիշեմ, 1972 թուականին երբ ընդունեցի Երեւանի ռատիոյին հարցազրոյցի հրաւէրը, երկու օր ետք ինծի ներկայացուցին թուղթի վրայ գրուած հարցազրոյցին պատասխանները, որպէսզի սորվիմ եւ իրենց իսկ ուզած պատասխանները տամ: Անշուշտ, չհամաձայնեցայ երբ իմացայ հարցազրոյցին ձեւը: Իսկ 1977 թուականին Ազգային երգչախումբին մէջ կ՚երգէի, եւ օր մը ուղիղ եթերով ելոյթ պիտի ունենայինք: Ելոյթի օրը ըսին,- «որպէս հայրենադարձ կրնա՞ս խօսք առնել»: Համաձայնեցայ, սակայն նկատեցի, որ առջեւս կեցած աղջկան կռնակին փակցուցին թուղթ մը, որուն վրայ գրուած էր իմ ըսելիք խօսքը: Բնականաբար ես հրաժարեցայ: Ուստի արգիլեցին մասնակցիլ եւ ստիպեցին, որ բեմէն իջնեմ:
Առաջ այսպէս էր, իսկ հիմա մարդը ազատ է, ինչ եւ ուր ուզէ կը խօսի: Չեմ ըսեր 100 տոկոսով ազատ երկիր է, բայց որոշ ազատութիւն կայ:
-80-ական թուականներուն երբ Միացեալ Նահանգներ հասաք, ի՞նչ ակնկալիք ունէիք: Նախ, ինչո՞ւ գացիք Ամերիկա:
-Ես Միացեալ Նահանգներ գացի միայն Սովետական Միութենէն ազատե-լու համար: Եթէ որեւէ երկիր ինծի արտօնագիր տար այդ ժամանակ, հոն ալ կ՚երթայի: Նպատակս Սովետական Միութեան ճիրաններէն ազատիլն էր: Ես մեծ հաճոյքով Եւրոպա կ՚երթայի: Եւրոպան աւելի հոգեհարազատ է ինծի եւ աւելի մօտիկ: Միացեալ Նահանգներ երթալը երազ մը չէր, բայց ըսեմ, Ամերիկան վատ երկիր մը չէ, սակայն ի՛մս չէ:
-Այն հայ ընտանիքները, որոնք Ամերիկա գաղթած են, յաջողա՞ծ են իրենց նոր կեանքին եւ ասպարէզին մէջ: Ի՞նչ կը մտածէք:
-Այո, բոլորը շատ լաւ կ՚ապրին: Հոն Հայերը շատ աշխատասէր են եւ վարպետներ են, իսկ հոս, նոյն մարդը, նոյն գործը, նոյն արագութեամբ չ՚ըներ: Հոս մէկ պատ շարելը երեք ամիս կը տեւէ, իսկ հոն չեն կրնար նոյն հունով աշխատիլ, որովհետեւ իրենց գործը կը կորսնցնեն:
-Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստանի ապագան: Ձեզ կը մտահոգէ՞ Հայաստանի ապագան:
-Ես լաւատես եմ Հայաստանի ապագայով: Միայն մէկ բան կայ որ շատ կը նեղացնէ զիս՝ արտագաղթն է: Երկու միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրի 40 տոկոսը անգործ է: Հետեւաբար արտագաղթի երեւոյթը բնական է: Ամերիկա ալ եթէ անգործութիւն ըլլար, այդտեղէն ալ կը գաղթէին: Այսօր Միացեալ Նահանգներու 5.5 տոկոսը միայն անգործ է, եւ սա բնական է:
-Հակառակ անոր, որ դուք Սովետական Միութիւնը չէիք սիրեր, բայց ձեր մօտեցումներուն մէջ նաեւ «սոցիալիստական» բան մը, շունչ մը կայ:
-Ես «սոցիալիստ եմ», բայց սովետի սոցիալիստը բռնապետութիւն էր, ո՛չ խօսքի իրաւունք կար, ո՛չ ալ աշխատանքի: Իրենք պիտի որոշեն դուն ո՛ւր աշխատիս, ո՛ւր ապրիս, ի՛նչ խօսիս: Հօրեղբայրս Էջմիածին կ՚ապրէր, բայց իրեն ըսին, որ պէտք է երթայ Հրազդան ապրի: Ինչո՞ւ, իրենք պիտի որոշեն: Կը պատճառաբանէին ըսելով, որ հայրենադարձներ պէտք է տարածուին Հայաստանով մէկ:
-Կը հետեւի՞ք Միացեալ Նահանգներու վարած արտաքին քաղաքականութեան: Ինչպէ՞ս կ՚ընկալէք զայն: Անորոշութի՞ւն մը կայ, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու միջինարեւելեան քաղաքականութեան վերաբերեալ:
-Չեմ գիտեր ժողովուրդը ինչ կը մտածէ, բայց կրնամ ըսել, որ իմ շրջապատս արդէն զզուանք կ՚ապրի նոր նախագահին վարած քաղաքականութենէն: Քուէարկութեան ձեւը տարբեր է մեր մօտ: Քուէարկութեամբ Հիլըրի Քլինթընը աւելի շատ ձայն հաւաքեց, բայց նահանգներու առումով՝ Տանըլտ Թրամփը յաղթեց, ան օգտուեցաւ անգլիական շրջաններու ձայներէն:
-Ի՞նչ կ՚ակնկալէք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն։
-Ես կը կարծեմ, որ ան պիտի չկրնայ իր նախագահական չորս տարին ամբողջացնել: Սակայն դժբախտութիւնը այն է, որ իր տեղակալը իրմէ շատ աւելի վատ է եւ պիտանի անձ մը չէ: Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի շարք մը մեծ քաղաքներուն մէջ հազարաւոր ներգաղթեալներ աշխատանքի դուրս չեկան, որպէսզի իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեն Տանըլտ Թրամփի կողմէ վարուող քաղաքականութեան: Երկրին մէջ չբացուեցան տասնեակ խանութներ, ճաշարաններ ու սրճարաններ, որոնց աշխատողները առաւելաբար գաղթականներ էին։ Այս մէկը ստացաւ «Օրն առանց ներգաղթեալներու» անուանումը, որ տեղի ունեցաւ, մասնաւորապէս, Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիայի, Աթլանթայի, Շիքակոյի եւ Ուաշինկթընի մէջ։ Այս մէկուն նպատակն էր, որ ցուցադրուի, թէ ամերիկեան տնտեսութեան մէջ ինչ կարեւոր դեր կը խաղան այլ երկիրներէ Ամերիկա եկած մարդիկ։ Այլ զանգուածային ցոյցեր եւս տեղի ունեցան Տանըլտ Թրամփի դէմ։ Ուրեմն, կը կրկնեմ ան պիտի չկրնայ չորս տարին լրացնել։
-Ձեր այս կարծիքը կրնա՞ք Միացեալ Նահանգներու մէջ առանց վախնալու բարձրաձայնել:
-Անշուշտ, հոն ազատ ես, ինչ կ՚ուզես կրնաս ըսել, կրնաս արտայայտուիլ: Ես հոս՝ Հայաստան ալ ազատ եմ եւ չեմ վախնար:
-Մեզի համար շատ բարդ է ղարաբաղեան հարցը: Ապրիլեան պատերազմի իրադարձութիւններուն վստահ դուք ալ հետեւեցաք: Ի՞նչ կը մտածէք այս հարցին շուրջ:
-Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին շատ բան կորսնցուցինք՝ հարիւրէ աւելի մարդու կեանք: Ինծի համար այս պատերազմը անխուսափելի էր եւ պիտի ըլլար: Այդ պատերազմը արթնցուց մեր կառավարութիւնը, մեր պետութիւնը, զգուշացուց, որ թշնամին ցանկացած պահու կրնայ այդպիսի քայլ կատարել: Այդ պատերազմը ստիպեց մեր պետութիւնը միշտ զգօն ըլլալ: Ինծի համար յաղթանակ չէր, որովհետեւ շատ բան կորսնցուցինք: Այդ պատերազմին միայն մեր բանակը թեւեր չարաւ, այլ ամբողջ հայութիւնը, ամբողջ Հայաստանը մէկ մարդու պէս գնաց պաշտպանելու եւ պատերազմելու: Այդ օրերուն, ես իմ ժողովուրդս աւելի սկը-սայ յարգել եւ սիրել: Սա՛ է մեր յաղթանակը, եւ մենք համայն աշխարհին, ինչպէս նաեւ մեր թշնամիին ցոյց տը-ւինք մեր ուժը եւ փաստեցինք, որ մենք դեռ կանք եւ պատրաստ ենք ամէն գնով պաշտպանել մեր հայրենիքը, եւ եթէ պէտք ըլլայ, նաեւ ոչնչացնել թշնամին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան