ՍԱՀՄԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ ԴԻՏՈՂԸ

Սահմանին նստած՝ կը սպասեմ, որ խաղաղի, վերադառնամ տունս, ինքնութեանս եւ հարազատներուս:

Անորոշութիւն… որքա՞ն կրնայ երկարիլ.  ապագան մութ է, կը տարուբերի, անորոշութեան ծայրը կը միանայ ծովու տատանեալ ալիքներուն  ու կ՚երկարի, տարօրինակ փչումներէ առջեւ ետեւ կը ձգուի, կ՚երկմտի, մթութեան մէջ կը տուայտի: Մութը վախ ու սարսափ կը պատճառէ:

Վստահելով խաւարին յաջորդելիք լոյսին, պահ մը կարելի կ՚ըլլայ հանդարտիլ՝ մտածելով, որ ահարկու ծովին ալիքները սահման մը ունին ընդլայնելու եւ անկէ մազաչափ անգամ առաջ չեն կրնար անցնիլ: Ամէն մակընթացութեան կը յաջորդէ հանգիստ տեղատուութիւն: Մակընթացութեան ժամանակ բազմաթիւ ճիւղեր կը կոտրտին, վնասներ կ՚արձանագրուին, բայց տեղատուութեան ժամանակ կոտրածը կը նորոգուի, կը բժշկուի հիւանդը, կը փաթթուին վէրքերը, հանդարտօրէն երփներանգ լոյսը կը սկսի երեւիլ եւ ժպտիլ:

Դժուար ամառ մը անցաւ: Սահմանին նստած՝ հետեւեցանք բոլոր յառաջխաղացումներուն: Մեր բոլոր յոյզերը նուիրեցինք մեր ծննդավայրին, քանի որ անոր կրած վէրքերը շատ խորունկ  էին եւ սարսափազդու:

Ինչ որ փայփայուած էր մեր մէջ, թօշնեցաւ: Տամուկ վէրքեր արիւնեցան:

Սահմանէն անդին, ուր կը կարծուէր, թէ խաղաղութիւնը տարածուած պէտք էր ըլլար, նոյն ուղղաթիռներով լի, սարսափով յղի երկինքին շարունակութիւնն էր:

Բոլոր գեղեցիկ յոյզերը տեղի տուին, միայն անձի փրկութիւնը դարձաւ էական եւ ա ռաջնահերթ:

Այս վճռորոշ պահուն աշխարհի բարի մէկ մասը գթաց եւ աղօթեց մեր երկրի խաղաղութեան համար, բայց ցաւած երկրին մէջ նոյն հողի զաւակները զիրար յօշոտեցին եւ ոչնչացուցին: Ո՞վ պիտի զատէ ցորենը որոմէն: Միթէ կոյրը կրնա՞յ այլ  կոյր մը առաջնորդել:

Անցնող տասը երկարաձիգ օրերը, եւ ատոր նման՝  բազմաթիւ տասը օրեր, այնքան ալ դիւրին չեղաւ անցընելը՝ որքան ներսը մնացողներուն համար, նոյնքան ալ դուրսը՝ սահմանէն անդին գտնուողներուս համար, թէեւ մեր կեանքը չէ վտանգուած, բայց հարազատներէն ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլ նաեւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներէ հեռու ըլլալը ծայր աստիճան կը տանջէ, ուժասպառ կը դարձնէ: Միայն կարելի է հոգիի կապով ապրիլ եւ գոյատեւել:

Կրկին պէտք է ճօճուին մանուկներու ճօճանակները: Ոչ ոք կրնայ գողնալ անոնց եւ նոյնիսկ մեր՝ մեծ մանուկներուս երազները: Երազը միակ բանն է, զոր մարդիկ չեն կրնար խլել իրարմէ, գնդակահարել զայն կամ առեւանգել: Միակ բանը, որ կրնանք պահպանել մեր հոգիին խորքը եւ փայփայել, սէրն է, նաեւ՝ գեղեցիկ փափաքներն ու իղձերը, որոնք անպայման կ՚իրականանան:

Կ՚ըսուի, որ Յովնանը կուլ տուած կէտը տակաւին ողջ է: Ան Յովնանին զղջումը լիովին հասկցած էր՝ զայն նետելով ցամաք, զայն ազատած էր ո՛չ միայն յաւիտենական կորուստէ, այլ նոր երազ պարգեւած էր անոր: Ուրեմն բոլոր բաները մեր բարիին համար  գործակից են, նախախնամութեան վճիռներէն եւ մեզի համար սահմանուածէն կարելի չէ փախչիլ:

Ո՞վ գիտէ, թէ  ինչո՛ւ սահմանէն դուրս յայտնուեցանք…

Հիմա մենք արդէն տարբեր երկիրներու մէջ ենք: Ես սահմանին նստած՝ կը հոտոտեմ իմ հին երկրիս անցուդարձը, անիրական թուացող ձայները, ականջս քայլերու՝ անտեսանելի, բայց ինծի համար տեսանելի ժպիտ մը կը տեսնեմ, անյայտ ժպիտ մը, որ լուռ է, եւ գաղտագողի այդ թոհուբոհին մէջ կ՚արտացոլայ իր սէրը, կը խօսի իր թաքնագիտական բոլոր հնարքներով՝ ուսս շոյող զեփիւռին ընդմէջէն: Յատուկ սուլոց մը ճամբայ կ՚ելլէ շատ հեռուներէն՝ զիս գտնելու:

Այստեղ օտարական մըն եմ՝ սահմանէն անդին կամ սահմանին վրայ:

Երկինքը սահմաններ չունի, կը փորձեմ ըլլալ այնտեղ եւ հանդարտօրէն գրել արեւու ոսկեայ տետրին մէջ, որ իւրաքանչիւր օր ճառագայթելով կու տայ, կը բաշխէ, բայց երբեք չի սպառիր ու չի տկարանար: Սահմանը, որուն վրայ եմ, եթէ դէպի երկնքի խորերը եղած ըլլար, հաւանաբար կարօտի զգացումը ընկղմած կամ փարատած ըլլար, ու ես ալ դէպի ետեւ նայելու կարիքը չզգայի:

Այս մեծ քաղաքի թոհուբոհին մէջ անդրդուելիօրէն քեզ կը փնտռեմ կարօտներովս անհանգիստ, որոնք փարած մնացին աւերակ քաղաքիս եւ սրտիս պատերուն. հոգիս կը դեգերի կարօտիս տոչորուն արահետներուն վրայ, ուր կը մանկանամ, կը մաքրուիմ եւ կը սկսիմ գաղտնօրէն պատերուն եւ հողին վրայ կաւիճով գծել, ինչպէս՝ հին օրերուն, մաղթելով, որ աշունն ու անձրեւները ուշանան:

Մղոններով ինձմէ հեռու ճամբաներու վրայ կը քալեմ մարմնիս շուքով, ճամբաներ, որոնք շարունակութիւնն են այս ճամբուն, որուն վրայ կը կանգնիմ հիմա, եւ աչքերս յարած հեռուն՝ հայեացքս կ՚որոնէ այն տարածութիւնները, որոնց վրայ կը միանան մեր հոգիները:

Այնտեղ, հեռուն. փամփուշտներու տարափին տակ անիմաստօրէն անհետացող մարդոց համար կը ցաւիմ, գաղտնօրէն կը ժպտիմ, որ դեռ կամ եւ կան հարազատներս:

Սահմանէն անդին, քաղաքին մէջ կը նկատեմ մարդիկ՝ սարսափահար հայեացքներով, անկարողութենէն ու վախէն քարացած նայուածքներով, ինչ որ բնական դարձած է ալ: Երբ փորձեմ նայիլ անոնց դէմքերուն եւ անորոշ սեւեռումով հեռուն նայող աչքերուն, երեսս ի վար կը գոռան անոնց չըսուած խօսքերը:

Հարազատներուս յատուկ հոտ մը կը փչէ հեռուէն, օդին մէջ կը տարածուի՝ հասնելու շնչառութեանս, ետքը կը կորսնցնեմ հոտը՝ յիշողութիւններու թուրմով պատրաստուած հոտը, նաեւ՝ անոնց հայեացքները, ձայնի ու դէմքի ելեւէջները: Կ՚անհետանայ ամէն բան, կը սլանայ ժամանակը՝ փորձելով իրեն հետ տանիլ բոլորը, կը մենամարտիմ վայրկեաններուն հետ՝ թոյլ չտալու համար, որ իրեն հետ տանի մանրամասնութիւնները՝ յիշատակներուս, սիրոյս… Ժամանակը  անկարող է նսեմացնել, ջնջել կամ բուժել սէրը, ժամանակը անզօր է առեւանգելու սրբութիւնները: Ժամանակը  կրնայ անտարբեր դարձնել միայն այն ատեն, երբ մենք թոյլ կու տանք:

Սահմանը մարդիկ յօրիներ են, մարդը անսահման է, սահմանէն այս կողմ թէ այն կողմ, նոյնիսկ՝ սահմանին վրայ, ինչպէս որ ես կը սպասեմ հիմա՝ հոգիները կը միանան:

Հոգիի երկնակամարին վրայ սահմաններ չկան, ուշի ուշով կը զննեմ երկինքը, կ՚ընթանամ առջեւ, արգելքներ չկան, ետքը կը նկատեմ, որ դէպի իմ մէջ է, որ կը շարունակուին քայլերս, կ՚արագացնեմ երթս, երկինքը մէջս տեղաւորած՝ ներսն ու դուրսը կը նոյնանան, նոր ճամբաներ կը բացուին, նոր հորիզոններ՝ առանց ընդհատումներու, նոր ելքեր կը գտնեմ՝ զիս նիւթական սահմանէն այն կողմ անցընող, ուր, ի զարմանս ինծի, դեռ կը շարունակուի թռչուններու ճռուողիւնը:

Այս անգամ կը յաջողիմ. սահմանէն անդին եղողները կը փոխանցեմ մէջս, կը ճամբորդեմ տիեզերական ճամբորդի տիեզերանաւովս…

Անսահմանը կը գգուէ լուսաբացերս հասարակ: Սափորս լեցուն է տիեզերքի աղբիւրով, անոր ջուրով, որ կենդանի է եւ կեանք տալու կարողութիւնը ունի: Սափորս լեցուն է հրաշալի նշաններով: Պատուհանէս դուրս՝ ամայի տանիքներ, անլուր հեռագրասիւներ, ընդհատուած բօթ: Ալ բա՛ւ է, չարագո՛յժ ողբ, դադրէ՛, կը հրամայեմ, կը սաստեմ, կասեցուա՛ծ համացանց, անլեզո՛ւ հեռախօս: Քաղաքը սահմանէն անդին անջատուած է ամէն հոսքէ, ելեւմուտէ: Զերթ փոքրիկ, ուժասպառ լճակ կը ճողփայ ինքնիր մէջ, առանձին ու լքուած թռչնակի մը պէս ձայն կու տայ, լսող չկայ, կ՚ապշին աչքերը, անթարթ կը քնանայ, զգաստ է ամէն ձայնի ու շշուկի: Ինչո՞ւ ապշած ես,  քաղա՛ք, մինչ ջուրիդ մէջ կը ճողփան հրթիռներ, քարեր-քարեր սպաննող:

Բառերը ա՛լ իմաստ չունին, երբ չեն հնչեր քու ձայնովդ, քու ընդմէջէդ, քաղա՛ք, զիս քեզի տանելու, տաք թեւերուդ, տանիքներուդ, երդիքներուդ, լոյսերուդ եւ ամպերուդ ծիածանափայլ:

Բառերը ա՛լ գոյն չունին պատկերելու ուրախութիւն եւ սէր, երբ չեն բխիր քու ժպիտէդ, քու հոգիիդ ծալքերէն, երբ չեն խօսիր քու լեզուովդ:

Քու մէջդ ես շարժեցի հոգիիս թրթիռն առաջին, ըսելու եւ գրելու այն, ինչը որ չէի ըսած, չէի գրած ուրիշ տեղ: Իսկ հիմա յիշատակդ է, որ կը շարժէ սէրս կրկին եւ ամուր կը պահէ իր մէջ՝ հակառակ բոլոր փոթորիկներուն:

Դուն էիր, որ բացիր աչքերս, քաղա՛ք, աչքերս, որոնք հիմա ա՛լ վարժ դարձան տեսնելու հոգիով: Անոնք կը տեսնեն ոտնաձայներուն մէջ մեր, իմ եւ քու վրայ փռուած գալիք լուսաբացերը, որոնք արեւներ կը ծնին իմ եւ քու շունչէն, լուսաբացի միացումէն: Երբ ձայնդ հեռուներէն կը հպի շրթներուս եւ սրտիս, ծառերու ծաղկաթերթերը կ՚անձրեւեն որբացած հոգիիս վը-րայ, ռումբերդ կը պապանձին, նոյնիսկ սահմանամերձ երկրի մայրիները կը նախանձին, կը սկսին օրօրուիլ եւ քաղցրալուր երգեր երգել:

Ու սէրս ազնիւ իւղի պէս կը հոսի դէպի կաթնագոյն քաղաք տանող ճամբանգգ.

Սէրս աղօթք կը դառնայ ու կարօտս՝ երգ, զիս տանելով հեռուներ, դէպի իմ մանկութեան  թոթով երգիս:

Վազող առուակին հետ սեւ ու սպիտակ քաղաքին ծուխն ու աղօթքը կը հասնին իրենց հանգրուան ծովին, երկինքին  կասկապոյտ եւ մանիշակագոյն անմոռուկներուն…

Եւ սահմանէն անդին, դէպի ներս, դէպի իսկական խաղահարթակ՝ մէկ քայլ է կարծես, ետքը կը հասնիս հայրական տունդ, որ սեղմուած աքցանի մէջ է, պատին ետեւն են սիրոյ յուշերդ, աքցանի մէջ են, ու կը միանան սահմանէն այս կողմն ու այն կողմը… Արեւելքն ու Արեւմուտքը, ունեցածդ ու չունեցածդ  իրարմէ  կ՚անջատուին միայն անտեսանելի եւ աներեւոյթ  սահմանաբաժան գիծով մը…

Հալէպ տանող բոլոր ճամբաները փակ են արդէն, բայց ես այնտեղ եմ՝ իր սահմանէն ներս եւ սահմանէն անդին:

Ու սիրոյս ծիածանագոյն կարօտը մանանայի պէս դեռ կը կաթկթի սահմանէն այս կողմ՝ հոգիիս վրայ: Ողջ ջերմութիւնս ապրած օրերս կը տարածէ սահմանէն այն կողմ:

Պէյրութ, Սեպտ. 2013

***

Անցնող պատերազմական տարիները մեր ետին մնացած են արդէն, ու մենք մեր նախկին երդիքներուն ներքեւ կը փորձենք խաղաղութեամբ ամփոփուիլ ու մտաբերել անցնող դէպքերը,  արժեւորել իրադարձութիւններն ու արտաքին աշխարհի մարդոց վերաբերմունքը, մինչ իւրաքանչիւրիս դէմքին վրայ երախտագիտական ժպիտ մը կ՚ուր-ւագծուի, քանի որ իւրաքանչիւրս ունեցանք բարի ձեռք մը, բարի պարիկ մը՝ գօտգպնդող եւ յոյս ներշնչող:

Մեր երիտասարդներէն շատեր իրենց ուսման կատարելագործման համար երկարած էին իրենց ճիւղերը դէպի սահմանէն անդի տարածքներ, իսկ մենք ստիպուած, բազմաթիւ  անգամներ հատեցինք սահմանը՝ անոնց կողքին ըլլալու համար: Հայաստանն ու սփիւռքի հայաշատ կարգ մը քաղաքներ  նեցուկ կանգնեցան մեր ուսանողներուն. գոնէ հայրենի համալսարաններուն եւ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի երկարող ձեռքը մենք վայելեցինք եւ պտուղները քաղեցինք միասնաբար:

Հայը հայուն թիկունք կանգնեցաւ, կամուրջ եղաւ: Միասին, անոնց՝ դուրսիններուն զօրակցութեամբ անցուցինք այս ներքին ճգնաժամին ամենէն վատ օրերը:

Երբ դուրսը՝ սահմանէն այն կողմ մեր հարազատներն ու զաւակներն էին, հարկաւոր էր կամուրջներ ունենալ, նոյնիսկ մենք վերածուեցանք կամուրջի՝ հարազատներուն հետ միասին մնալու համար: Ու նոյնացաւ ներսն ու դուրսը: Դուրսը եղաւ ներսին շարունակութիւնը, ներսի յառաջընթացին գործօնը, իսկ հայրենիքը ե՛ւ իր ներսէն, ե՛ւ դուրսէն  միշտ մեզի հետ մնաց, նոյնիսկ՝ իր սահմանափակ կարելիութիւններով: Անոր լումաները, մանանեխի հատիկները վերածուեցան յոյսի եւ գիտութեան ծառերու՝ կամուրջին վերջաւորութեան սրբազան մեր հողին վրայ նորաստեղծ  երդիքներու եւ բոյներու նոր ճռուողիւնի: Այս պատերազմին մեզի տուած միակ բարիքը եղաւ ասիկա:

Վերջաւորութեան դուրսի ու ներսի ճիգերը բոլորը միացան՝ ի շահ տուժած մեր այս հնամենի գաղութին, որ իր թիկունքին զգաց  մեզի համար տագնապող հայրենիքի ու սփիւռքի բաբախող սրտերուն տրոփիւնը:

27 Հոկտ. 2017 Հալէպ

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2017