Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Ռումանիոյ ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Իսթանպուլի մօտ Ռումանիոյ աւագ հիւպատոս Սիամպա Ատրիանայի տանտիրութեամբ՝ այս ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ «Քոնրատ» պանդոկին մէջ։ Աւագ հիւպատոս Ատրիանա այս առթիւ հիւրընկալեց դիւանակալական, դիւանագիտական, քաղաքական, մտաւորական, գեղարուեստական, գործարար եւ հասարակական շրջանակներէ յայտնի դէմքեր։

Այս պաշտօնական ընդունելութեան հրաւիրուած էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շնորհաւորութիւններ յղեց Ռումանիոյ ազգային տօնին առթիւ։ Նորին սրբազնութեան առընթեր այս ընդունելութեան մասնակցեցան նաեւ քաղաքիս փոքրամասնութիւններէն այլ հոգեւոր առաջնորդներ։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017