ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԱՔԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Օսման Աշքըն Պաքի հետ։ Թեքպըչաք եւ իր ընկերները նախարարին կողմէ հիւրընկալւեցան Աթագիւղի Ողիմպիական տան երդիքին տակ։

Սիրողական մարզաձեւերու մէջ Շիշլի մարզակումբին կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները վերջին շրջանին ունեցած են լայն արձագանգ։ Վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, ֆութսալի եւ ճատրակի մէջ։ Շիշլիցիներուն արձանագրած վերելքը եղած է բոլոր առումներով ուշագրաւ։ Այս հիման վրայ Օսման Աշքըն Պաք եւ Ալէն Թեքպչաք զրուցեցին Շիշլիի գործունէութեան հիմնական առանցքներուն շուրջ։ Նախարար Պաք բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Շիշլիի արձանագրած զարգացումներուն մասին եւ Ալէն Թեքպըչաքէն քաղեց մանրամասնութիւններ։

Զրոյցի տեւողութեան կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Շիշլի մարզակումբի առկայ կարիքներուն շուրջ։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք մանրամասնեց ներկայ փուլի կարիքներու լոյսին տակ նախարարութեան վերաբերեալ սպասումներուն։ Իր կարգին, Օսման Աշքըն Պաքն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեց կարելիութեան սահմաններու մէջ նպաստել Շիշլի մարզակումբի գործունէութեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017