ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ ՄԸ

Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին «Րամատա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ մը։ Ամանորի սեմին կազմակերպուած այս ձեռնարկը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ակումբի վարչութիւնը եւ այս ծրագրին կարգադիր յանձնախումբը միասնական ջանքերով կազմակերպած էին այս ոգեւոր «New Year's Boutique»ը, որ տեւեց ամբողջ օր մը։

Տօնավաճառի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի վարչայիններէն Մարալ Ըշըքպայ, որ համակարգած էր կարգադիր յանձնախումբի աշխատանքները։ Զանազան հաստատութիւններ կամ անհատներ իրենց արտադրանքը ներկայացուցին տաղաւարներուն շուրջ։ Տօնավաճառի ծիրէն ներս հիւրընկալուեցան նաեւ մանկական գործերու հեղինակ Եալվաչ Ուրալ եւ արուեստաբան Եէքթա Քոփան։ Օրուան տեւողութեան բազմաթիւ հիւրեր այցելեցին տօնավաճառի սրահը, ուր անմիջական հետաքրքրութիւն ցոյց տուին իրենց տրամադրութեան տակ դրուած ճոխ տեսականիին նկատմամբ։

Այսպէսով, Շիշլի մարզակումբը իր համակիրները համախմբած եղաւ ամանորեան շրջանին բնորոշ մթնոլորտի մը մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017