ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵՐԵՒՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Վոսփորի եւրոպական ափի այս եկեղեցին բարենորոգութեան աշխատանքներու ենթարկուած էր վերջին շրջանին։ Այդ բոլորի աւարտին Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցին օծուեցաւ ու վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։
Շաբաթ յետմիջօրէին, Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ զանգակները ղօղանջեցին՝ աւետելով եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացուիլը։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ օծումը։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Օծման արարողութենէն վերջ հանդիսադիր սրբազան հայրը խօսեցաւ քարոզ մը, որու աւարտին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Հոգեւոր հայրերուն առընթեր ներկայ էին մեր զանազան եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ, Գուրուչէշմէի ընտանիքէն դէմքեր եւ այլ հիւրեր։ Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Իրմա Փոլատ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն բազմանդամ խումբ մըն ալ ներկայ էր Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ օծման արարողութեան։ Դպրեվանքցիներու խումբին մաս կը կազմէն խնամակալութեան անդամներ, տնօրէնուհի Ժանէթ Աւետիքեան եւ աշակերտներ։ Այդ ներկայութիւնը միեւնոյն ժամանակ երախտագիտական արտայայտութիւն մըն էր, որովհետեւ Իրմա Փոլատ երկար տարիներ անմիջական զօրակցութեան առարկայ դարձուցած է Ս. Խաչ դպրեվանքը։
Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Ելոյթով մը հանդէս եկաւ թաղային խորհուրդի անդամներէն իրաւաբան Սարօ Պենկլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարուած աշխատանքներուն բերած էին իրենց մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը։ Ընդունելութեան ընթացքին յուշանուէր մը ալ յանձնուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սէրթշիմշէքին, որ եւս իր օժանդակութիւնը բերած էր նորոգութեան աշխատանքներուն։
Երէկ, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի:
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024