ԳՐՈՒԱՆԸ ԿԸ ԾԱԾԿԷ ԼՈՅՍԸ

«Գրուան» կը նշանակէ՝ ցորեն չափելու սնտուկ, որ անթափանց իր մըն է, որուն մէջէն՝ ջուր, լոյս եւ այլն չ՚անցնիր։ Ուստի գրուանը արգելք մըն է լոյսին համար եւ երբ լոյսը որեւէ կերպով հանդիպի անոր, չի կրնար լուսաւորել իր շուրջը։

Գրուանը իր յատուկ պարտականութեանը մէջ, անշուշտ օգտակար իր մըն է, բայց կրնայ վնասակար ըլլալ՝ երբ տարբեր կերպով գործածուի եւ իր յատկութեան համեմատ չօգտագործուի։ Զոր օրինակ, գրուանին տակ դրուած ճրագ մը, գրուանին պատճառով չի կրնար կատարել իր էական պարտականութիւնը, եւ չի կրնար լուսաւորել՝ լոյսը կը խափանուի։

Յիսուս, սերմնացանին առակը մեկնաբանելէ ետք կը հարցնէ աշակերտներուն.

«Ոեւէ մէկը արդեօք ճրագը ներս կը բերէ՞ գրուանի, կաթսայի կամ անկողինի տակ դնելու համար։ Զայն աշտանակի վրայ չի՞ դներ։ Քանի որ չկա՛յ ծածուկ բան որ չյայտնուի, ոչ ալ գաղտնի բան՝ որ երեւան չկայ։ Ականջ ունեցողը թո՛ղ լսէ», (ՄԱՐԿ. Դ 21-23)։

Ուրեմն, լո՛յսն է որ ամէն ինչ տեսանելի եւ հասկնալի կը դարձնէ, եւ երբ լոյսը խափանուի՝ խաւարը կը տարածուի եւ մութը կը տիրապետէ։ Բայց մութին մէջ ամէն ինչ անտեսանելի է՝ անորոշ եւ կասկածելի, եւ այս իսկ պատճառով՝ մութը միշտ վախ կը ստեղծէ։

Արդարեւ, աստուածային ստեղծագործութիւնը սկսաւ լոյսով, քանի որ լոյսը բարի է եւ ճշմարի՛տ։ Աստուած նախ խաւարէն զատեց լոյսը եւ լուսաւորեց աշխարհը եւ անկէ յետոյ հետզհետէ շարունակուեցաւ աշխարհի ստեղծագործութիւնը եւ արարչութիւնը։

Առանց լոյսի կեանք գոյութիւն չ՚ունենար։

Լոյսով կը սկսի կեանքը եւ լոյսով կը գոյապահպանուի եւ կը գոյատեւէ ան։ Ամենէն աննշան բոյս մը իսկ, խոտ մը չի կրնար բուսնիլ եւ կեանք ունենալ՝ ապրիլ հողին վրայ։

Ո՛չ միայն մարդը, ո՛չ միայն անբան-անասուն կենդանիներ, այլ բոյսեր իսկ միշտ կը դառնան դէպի լոյս եւ կեանք կը յուսան անկէ։ Ամբողջ գիշեր տառապող, գալար-ւող խեղճ հիւանդը՝ յո՜յսով կը սպասէ որ առաւօտ ըլլայ, լոյս ըլլայ, լուսաւորուի ամէն կողմ՝ որմէ մխիթարուի, սփոփանք գտնէ իր ցաւերուն…։

Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ լոյսը կեա՛նք է, լոյսը կը յստակացնէ ամէն ինչ, լոյսը կը նորոգէ ամէն ինչ եւ ամէն բան որ անորոշ է։ Լոյսը իրապէ՛ս կեանք է, քանի որ լոյսը կը վերակենդանացնէ ամէն մեռելոտի եւ անկենդան էութիւն։ Լոյսը, ինչպէս ստեղծագործութեան, նաեւ անոր տեւականացման մէջ միշտ դրական եւ գործօն դեր խաղացած է, քանի որ առանց անոր կեանք գոյութիւն չէ՛ ունեցած։

Այս իմաստով իսկ Աստուած Ի՛նք է լոյսը. «Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ», (ՅՈՎՀ. ԺԲ 46)։ Ուստի ճշմարիտ լոյսն է Քրիստոս՝ Որդի Աստուծոյ։ Այսպէս աշխարհի լոյսին հետեւողը խաւարի մէջ չի մնար երբեք։

Ամբողջ տիեզերքը տեսանելի կը դառնայ լոյսով՝ Աստուծոյ անսահման ստեղծագործական հեղինակութեամբ։ Արդարեւ, հոգիին եւ մտքին լոյսին ակն ալ Աստուած է՝ իմացական այն լոյսը, որ մարդս կը վերածէ բանաւոր էակի եւ կը զատէ միւս բոլոր արարածներէն։ Մարդուս բանականութիւնը եւ իմացականութիւնը «լո՛յս» է, որ կը բխի ուղեղէն՝ հոգիին զօրութեամբ։

«Լոյս արարիչ լուսոյ»։ Շնորհալիի այս խորհրդալից եւ նոյնքան իմաստալից խօսքին մէջ կ՚ակնարկուի Աստուծոյ, թէ՝ լոյսը ստեղծած է Լոյսը, այսինքն լոյսը նկարագիրը եւ նախատիպն է՝ Աստուծո՛յ։ Լոյսը կը համապատասխանէ ճշմարտութեան, քանի որ ճշմարտութիւնը կը յայտնուի լոյսով՝ լոյսին մէջ, լոյսին հետ։ Եւ այս իմաստով «լոյս» եւ «ճշմարտութիւն» անբաժան են՝ արժէքներ որ ցոյց կու տան աստուածային նկարագիրը։

Լոյսը քանի որ կեանքի ակն է, ուրեմն Աստուծոյ նկարագիրը ունի։ Լոյսը, որ կեանքին տեւականութիւնը կ՚ապահովէ՝ աստուածային նկարագիր ունի։ Լոյսը, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, աստուածային է։ Եւ ուրեմն, լոյսը պէտք չէ խափանուի, պէտք է միշտ բարձր տեղ դրուի՝ ո՛չ թէ կաթսայի, գրուանի կամ անկողինի տակ, այլ միշտ ամէն բանի վրայ, վերը, որպէսզի կարենայ լուսաւորել։ Այս պատճառով է որ արեւը միշտ բարձրէն կը նայի աշխարհի, եւ լոյսեր բարձր տեղ կը կախուին կամ կը զետեղուին, թէ՛ անոր արժէքը բարձր ըլլալուն, թէ՛ դերը եւ պարտականութիւնը բարձրը պահանջելուն համար։

Լոյսին նկարագիրը զօրաւոր է եւ վե՛հ։

Որեւէ իր, որեւէ առարկայ պէտք չէ ծածկէ, խափանէ լոյսը։ Լոյսը ծածկել կամ խափանել՝ ամենապարզ բացատրութեամբ «չարութեան» հրաւէր մըն է եւ կը ծառայէ Սատանայի՛ն։

Խաւար միտքը միշտ չարութիւն կը խորհի։

Խաւարամտութիւնը ֆիզիքական մութէն շատ աւելի վտանգաւոր է, իսկ մութ հոգին աւելի վնասակար քան միջավայրի մութը։ Արդարեւ, միջավայրի մութը կարելի է փարատել լոյսի փոքր նշոյլով մը, բայց խաւար միտքը եւ մութ հոգին շատ դժուար է լուսաւորել։

Նախապաշարեալ հոգիներ եւ կանխակալ միտքեր ամենէն շատ վնաս պատճառող խաւարներ են եղած պատմութեան մէջ՝ թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական, վնասներ պատճառելով եւ վտանգի ենթարկելով մարդոց ամբողջ կեանքը՝ սերունդէ՜ սերունդ, տեւապէս։

Եւ որքան իմաստալից է այն խօսքը, թէ՝ կարելի է աշխարհը խախտել փոքր լծակով մը, բայց նախապաշարեալ միտք մը կարելի չէ փոխել որեւէ կերպով։ Մտքի խաւարը եւ հոգիի մութը շատ աւելի կը կարօտի լոյսի, քան մութ սենեակ մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 5, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2017