ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Եշիլգիւղի մէջ։ Համայնքային շրջանակները զօրակցութեան առարկայ դարձուցին մեր այս վարժարանը հերթական անգամ։ Թէեւ Եշիլգիւղի պարագային ալ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացը ամբողջութեամբ չհաւասարակշռուեցաւ, սակայն գոյացաւ թթխմոր մը՝ դպրոցի գործունէութիւնը ամուր հունի մը մէջ պահելու համար։
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Պերճ Սրկ. Երամեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Արապօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սէրլի Տեմիրի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ քարոզ մը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ վարժարանի ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց տեղապահ սրբազան հայրը, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ներկայ էր նաեւ Պաքըրգիւղի նախկին քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն ներկայացուցիչներ։ Բաց աստի, սիրոյ սեղաններուն շուրջ համախմբուած էին բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ յարդարուած սեղաններուն շուրջ բոլոր ներկաները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Անի Քալայլըի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթ մը ունեցաւ Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու, որ մասնաւորապէս բացատրութիւններ տուաւ կալուածներուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը վերաձեռքբերած է կարգ մը կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը։ Այս նիւթին վերաբերեալ հիմնական աշխատանքը կը տարուի նախկին շուկայի տարածքին համար։ Հապիպ Էօզֆուրունճու յայտնեց, որ օրինական գետնի վրայ թաղային խորհուրդը ջանքեր կը գործադրէ այս գետնին վրայ յաջողութեան հասնելու առաջադրութեամբ։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ արտասանութիւններով հանդէս եկան վարժարանի աշակերտներէն Սարին Ինանըր, Մարգրիտ Թոփարլաք, Ժեննա Կէօզ, Արտէն Զէյֆիեան եւ Լոռին Քեչեճիօղլու։ Տղաքը պարեր ներկայացուցին, Թամար Քէշիշեանի հսկողութեան ներքեւ։ Մեներգներով հանդէս եկան Թաթիանա Պոստան եւ Արթիւր Պաղտասարեան, որուն նուագակցեցաւ վարժարանի տնօրէնը՝ Մելիքճան Զաման։ Իսկ Թաթիանա Պոստանին նուագակցեցաւ Արթիւր Պաղտասարեան։ Վարժարանի աշակերտներն ալ ներկայացուցին յաջող խմբերգներ՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Արթիւր Պաղտասարեանի մականին ներքեւ։
Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Սիրոյ սեղանը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով։