ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԱՄԱՆՈՐ

Ամանորը կը նշուի տարբեր ժողովուրդներու կողմէ ընդունուած օրացոյցի վերջին օրուան եւ յաջորդ տարուան առաջին օրուան գիշերը։ Այս ժամանակաշրջանն է, որու ընթացքին մարդիկ աւանդաբար կը կազմակերպեն ընթրիքներ՝ ընտանիքի անդամները, ազգականներն ու բարեկամները միացնելու եւ անոնց հետ հաճելի ժամանց ունենալու համար, ինչպէս նաեւ՝ խրախճանքներ ու երբեմն ալ՝ զբօսաշրջային պտոյտներ։

Ամանորը տօնելու գաղափարը առաջին անգամ ստեղծուած է 4 հազար տարի առաջ հին արեւելքի մշակութային կեդրոններէն՝ Եգիպտոսի մէջ։ Այս շրջանէն առաջ տարբեր ժողովուրդներ, տարբեր ամիսներու թուականներ ընդունած էին իբրեւ տարեմուտ։ Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ ունեցած է երեք նոր տարի՝ Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր։

Հարկ է անդրադառնալ նոր տարուայ տօնախմբութեան սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն։ Նոր տարին յատկանշական է իր տօնածառով։ Տօնածառ զարդարելու աւանդութեան մասին առաջին վկայութիւնները եղած են 17-րդ դարու սկիզբը, Ալզասի մէջ։ Ծառը կը հատէին, տուն կը բերէին ու կը զարդարէին։ Այդ ժամանակ տօնածառը զարդարելու համար մարդիկ օգտագործած են գունաւոր թուղթերէ պատրաստուած վարդեր, խնձորներ, փայլուն խաղալիքներ եւ պզտիկ մոմեր։ Ներկայիս կ՚օգտագործուին արուեստական զարդեր ու տօնածառեր, որուն տակ կը զետեղուին նուէրները։

Տարեմուտի սովորութիւնն է նաեւ բարեսիրտ ծերունին՝ Կաղանդ պապուկը, որ Կաղանդի գիշեր կու գայ եւ նուէրներ բաժնելով կ՚ուրախացնէ երեխաները։ 1822 թուականին Նիւ Եորքի մէջ առաջին անգամ կը յայտնուի Կաղանդ պապուկը, որ այդ ժամանակ կը կոչուէր Սանթա Քլաուս։ Ժամանակի ընթացքին Կաղանդ պապուկը կը դառնայ ժողովրդական եւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ կը ստանայ տարբեր անուններ՝ Ֆատըր Քրիսմըս, Բաբօ Նաթալ, Սանթա Քլաուս եւ այլն։ Ամերիկայէն եկած այս Կաղանդ պապուկը անմիջապէս կ՚առնէ իր տեղը Եւրոպայի քաղաքներու փողոցներուն եւ հանրախանութներուն մէջ։ Պելժիոյ, Աւստրիոյ, Հոլանտայի եւ Ֆրանսայի մէջ կը պատմեն, թէ Սուրբ Նիքոլա կու գայ Սպանիայէն, նուէրներ լեցուն նաւով մը, 5 Նոյեմբերի գիշերը։ Անոր կ՚ընկերակցի իր օգնականը՝ Սեւ Փիէթը, որուն երեսը ծեփուած է մուրով։ Երկուքը միասին նուէրներ կը զետեղեն բուխերիկներու առջեւ դրուած կողովի մը մէջ՝ ուրախացնելու երեխաները։

Նոր տարուան տօնախմբութիւնները ունին առանձնայատուկ խորհուրդ, որ պայմանաւորուած է լուսաւոր ապագայի յոյսով՝ հին տարին ճանապարհել եւ նոր տարին դիմաւորել մեծ ակնկալիքներով, իրականացնելու համար ամենանուիրական նպատակներն ու երազները։ Նոր տարին դիմաւորելով մարդկութիւնը իր ետին կը ձգէ հին տարուան ընթացքին ունեցած ձեռքբերումներն ու կորուստները։ Բոլորի կեանքի մէջ կը բացուի նոր ու մաքուր էջ մը՝ ստանալու համար ապագայի օգտակար նորանոր փորձառութիւններ։

Ամանորին գրեթէ աշխարհի բոլոր քաղաքները կը զարդարուին փայլուն ու գոյնզգոյն լոյսերով եւ հիասքանչ տօնական զարդերով։ Տարեմուտի հաճելի սովորութիւններէն է նաեւ շինել ձիւնամարդեր։ Շարք մը երկիրներու մէջ մարդիկ իրենց տուները կը զարդարեն գեղեցկօրէն։ Իբր այդ ալ երբեմն կը կազմակերպուին մրցոյթներ՝ ընտրելու համար ամենագեղեցիկ զարդարուած տունը։ Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը ժամը 12-ին մարդիկ կը դիտեն հրավառութիւններ, որոնք կը լուսաւորեն երկինքը իրենց գոյնզգոյն ճառագայթներով։

Նոր տարուայ ընթրիքի սեղանը հարուստ կ՚ըլլայ ճաշատեսակներով։ Գրեթէ բոլոր ժողովուրդները, ըստ իրենց աւանդութեան ճաշասեղանը կը զարդարեն իւրայատուկ կերակուրներով, պտուղներով եւ գինիով։ Հետեւաբար, տան անդամները Դեկտեմբեր 30-էն ճաշի պատրաստութիւններուն սկսած կ՚ըլլան աւելի հարստացնելու համար ճաշասեղանը։ Իսկ Դեկտեմբեր 31-ը ընտանիքի անդամները, ազգականներն ու բարեկամները կը փոխանակեն զանազան նուէրներ իրարու միջեւ ու կը շնորհաւորեն նոր տարին գիրկընդխառնուելով։ Ընթրիքէ ետք կը կատարուի ամանորեայ սովորութիւն դարձած խաղերէն մին՝ թոմպալա վիճակախաղը։ Նոր տարուայ առաջին ժամերուն մարդիկ իրենց հիւրերուն հետ կը խաղան այս խաղը իբրեւ զուարճութիւն։ Հիւրեր կ՚ընտրեն խաւաքարտեր, որոնց վրայ կը գտնուին պատահական թիւեր 1-էն մինչեւ 99-ը։ Տան անդամներէն մին կ՚արտասանէ այն թիւերը, զորս կ՚ընտրէ ու կը քաշէ տոպրակին մէջէն։ Այս արտասանուած բոլոր թիւերը իր խաւաքարտին վրայ ունեցող անձը կ՚ըլլայ բախտաւորը։ Վիճակախաղը տարիներով եղած է նոր տարուան սովորութիւն։ Ամանորեան խրախճանքը կը կրկնուի նաեւ նոր տարուան առաջին առաւօտուն։ Սեղաններուն կը դրուին բազմազան անուշեղեններ եւ այլ ուտելիքներ։ Մեծ ու պզտիկ փոխադարձ կը տանին անուշապուր եւ այցելութեան կ՚երթան՝ նոր տարին շնորհաւորելու եւ բարեմաղթանքներ ընելու համար։

Յուսանք նոր՝ 2018 տարեթիւը մարդկութեան համար ըլլայ նորանոր յաջողութիւններու, ձեռքբերումներու, լուսաւոր ապագայի ծրագրերու իրականացման, խաղաղութեան, առողջութեան եւ երջանկութեան տարին։

Շնորհաւոր Ամանոր։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2017