ՇԱՀԵԿԱՆ ՈՒՂԵԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց հետաքրքրական յուշագրութիւն մը։ Աշխարհահռչակ ռուս գրող Վասիլի Կրոսմանի դէպի Հայաստան այցելութեան լոյսին տակ հեղինակած ուղեգրութեան թարգմանութիւնն է այս մէկը։ «Ուղեւորութիւն՝ քարերու երկիր» խորագրեալ այս գիրքը ունի շատ հետաքրքրական երեսակներ՝ կեանքի, սովետական մարդուն, ռուսական, հայկական ու հրէական ինքնութիւններուն, ազգայնականութեան եւ հակասեմականութեան, սթալինիզմի նման նիւթերու շուրջ։ Հեղինակը ամուր ու խորքային ձեւով անդրադարձած է վերոյիշեալ նիւթերու վերաբերեալ վէճերուն եւ այդ հարուստ նախանիւթը մշակած՝ վարպետութեամբ, յուզումով ու տեղ-տեղ ալ՝ զուարթ ձեւով։ Վասիլի Կրոսման այս գործը գրի առած է՝ առաջին անգամ Կովկաս այցելելով, սակայն արդիւնքը առաւել չափով գերազանցած է աշխարհագրութեան մը պարագային բերուած վկայութիւնով։
1905 թուականին Ուքրայնոյ Պերտիչեւ քաղաքին մէջ ծնած Վասիլի Կրոսման որդին էր հրեայ ընտանիքի մը։ 1964-ին մահացած էր Մոսկուայի մէջ։