ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՀՐԱԺԵՇՏ…

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը պատրաստուի մեկնիլ Գերմանիա։ Նորին սրբազնութեան ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններէն վերջ։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, 9 Յունուար 2018, Երեքշաբթի, տեղապահ սրբազան հայրը պիտի մեկնի Քէօլն՝ գլխաւորելու համար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան գործընթացի մեկնարկը։ Իր կեցութեան օրերուն, նորին սրբազնութեան նախագահութեամբ թեմի պաշտօնական մարմիններու ներգրաւումով նախատեսուած է ընդհանուր ժողով մը, որու ընթացքին ան պաշտօնապէս պիտի հրաժարի գերմանահայոց թեմակալ առաջնորդի պաշտօնէն։ Զուգահեռաբար թեմէն ներս պաշտօնի պիտի կոչուի առաջնորդական տեղապահ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, երբ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան դարձած էր Պոլսոյ Աթոռի տեղապահ՝ գերմանահայոց թեմէն ներս ալ նշանակած էր առաջնորդական փոխանորդ մը եւ այսպէսով գործնականապէս հեռացած՝ առաջնորդի պաշտօնէն։ Այժմ, յառաջիկայ նիստերու հիման վրայ նորին սրբազնութիւնը այլեւս պաշտօնապէս ու վերջնականօրէն հրաժեշտ պիտի տայ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնին։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան քաղաքս պիտի վերադառնայ 25 Յունուարին։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Միւս կողմէ, տեղապահ սրբազան հօր նախագահութեամբ, տարեմուտի առթիւ Գոհաբանական աղօթք մը տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու բոլոր անդամները մասնակցեցան երեկոյեան ժամերգութեան, որու աւարտին միասնաբար երգուեցաւ «Տէր Ողորմեա»ն եւ տեղապահ սրբազան հայրը փոխանցեց իր օրհնութիւնները։

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցիէն վերջ, հոգեւոր հայրերը համա-խըմբուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Այս փուլին ալ նորին սրբազնութիւնը փոխանցեց օրհնութիւնները եւ պատգամը 2018-ի տարեմուտին առթիւ։

Հաւաքի աւարտին նորին սըր-բազնութիւնը հոգեւոր հայրերուն նուիրեց Պատրիարքական Աթոռի 2018-ի օրացոյցը։

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2018