ՏԱՏԵԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը 2018 թուականը դիմաւորեց Տատեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան խրախճանքով։ Ամբողջ դպրոցը յարդարուած էր Կաղանդի բնորոշ ձեւով։ Դպրոցի մուտքին զետեղուած մեծ տօնածառը արդէն ազդանշան մը կու տար ներսի տրամադրութեան մասին։

Դպրոցէն ներս տեղի ունեցան երկու հանդէսներ։ Առաջին հանդէսի յայտագիրը գործադրեցին նախակրթարանի տղաքը, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու իրենց ելոյթներով։ Երկրորդ հանդէսի յայտագիրը գործադրեցին մանկապարտէզի հինգ դասարաններու փոքրիկները։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց մանկապարտէզներու պատասխանատու Հերմինէ Չընար։ Մինչ փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով, Կաղանդ պապուկը սրահ ժամանելով անոնց բաժնեց նուէրներ։

Այս երկու հանդէսներու աւարտին ալ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքերով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2018