ՄԱՆԿԱՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԻՆՔՆԱՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՅԱՐԱՑՈՅՑ
«Եկէք Բեթլեհէմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց» (Ղկ 2.15)։
Մանկացեալ Յիսուսի Ծննդեան դէպքը իր աստուածահրաշ նշաններով եւ իր պատգամաշեշտ հնչեղութեամբ մարդոց հետաքրքրութիւնն էր շարժած ու գրաւած։ Աստղին լուսափայլ երեւումը եւ շարժումը երկնակամարին վրայ աննախընթաց դէպքի մը զգացումը ներշնչած էր բոլոր անոնց, որոնք որոնումի մէջ էին կամ վախի մատնուած էին եւ կամ պարզունակ ու երկչոտ հոգիներով աստուածային ներկայութեան քաղցրութեան փափաքն ու տենչը ունէին։
Մեղքի եւ չարիքի ճիրաններուն մէջ տուայտող մարդը պէտք ունէր փրկութեան։ Իր աստուածային պատկերը եղծած, մեղքի ու խաւարի մէջ թափառող մարդը պէտք ունէր Գերագոյնին կենարար միջամտութեան։ Աշխարհին տիրելու կոչուած մարդը ինք աշխարհէն տիրապետուած էր։ Հողեղէնը դարձած էր կուռքը մարդուն ու մարդը՝ անոր երկրպագուն։ Աստուածասէր մարդը՝ դարձած էր յանձնապաստան, աստուածակեդրոն մարդը՝ մարդակեդրոն։
Մարդ արարածը կատարեալ ստեղծուած էր, բայց իր մեղանչումով հաւասարած էր անբան անասուններուն եւ անոնց նմանած էր (Հմմտ. Սղ 49.12-20)։ Եւ ահա, մարդկային պատմութեան այս վճռական հանգրուանին, Աստուած աշխարհ գալով՝ Ինքզինք ամբողջութեամբ մարդուն հետ կը նոյնացնէր, սակայն միշտ մնալով Աստուած։ Ան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդով մը կը յայտնուէր, անհունապէս կը խոնարհէր՝ մինչեւ մարդեղութիւն, որպէսզի մարդիկ եւս սորվէին իրարու նկատմամբ խոնարհ ըլլալ։ Նոյն այդ խորունկ խորհուրդը կը պարզուէր՝ մարդկութեան հանդէպ Իր ունեցած անհուն սիրոյն ու գութին համար, որպէսզի մարդիկ եւս սորվէին զիրար սիրել բոլոր սրտով եւ իրարու հանդէպ գութով ու գորովով լեցուէին։ Աստուած հայրական գութով աշխարհ կու գար, որպէսզի մարդիկ ճանչնային Իր հայրութիւնը, հասկնային թէ որդիներն են երկնաւոր Հօր Աստուծոյ։ Հետեւաբար, բոլորն ալ պարտին իբրեւ եղբա՛յր ապրիլ ու վարուիլ իրարու հետ մարդկութիւն կոչուած մեծ ընտանիքին մէջ։
Քրիստոսի մարդեղութիւնը, այսինքն՝ որպէս Աստուած՝ մարդկային կեանքի մէջ գոյութենապէս յայտնուիլը, աստուածայայտնութիւնն ու մարդեղացումը, հանդիպումն է Աստուծոյ եւ մարդուն։ «Իր կեանքը աշխարհին վրայ՝ միախառնումն է աստուածայինին ու մարդկայինին։ Համբոյրը երկնքին ու երկրին։ Երկնքին էջքը երկրի վրայ ու երկրին երկնայնացումը հոգեկան կեանքի ուժեղ թափանցումովը անոր մէջ, ինչպէս արեգակի շողին թափանցումը խոր մթութեան մէջ, գիշերին ցերեկի փոխակերպումով», պիտի ըսէր Գարեգին Ա. Կաթողիկոս։
«Եկէք Բեթլեհէմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց» (Ղկ 2.15)։
Մանկացեալ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան առթիւ արտասանուած սա խօսքը, մեր ուշադրութեան կը յանձնէ գլխաւորաբար երկու ճշմարտութիւններ.
Ա) Հովիւները՝ առաջին ականատեսները. կեանքի պարզ ու ջինջ աչքերով նայելու, բարութեան զգացումը որպէս կեանքի բնական բխում ապրելու եւ հաւատքի տեսութեան ու բարեպաշտական հայեցողութեամբ աշխարհն ըմբռնելու մօտեցումը արտայայտող հովիւները, Բեթլեհէմի դաշտերուն մէջ, իրենց հօտերուն պահակութիւն ըրած ատեն, ի տես լուսապայծառ աստղին եւ ի լուր հրեշտակաձայն աւետիսին, ականջով լսուածը տեսնելու բարի, ինքնաբուխ փափաքով, փոխադարձաբար յորդորական բառերով իրարու կ՚ըսէին. «Եկէք Բեթլեհէմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց» (Ղկ 2.15)։
Հովիւները եղան առաջին ունկնդիրները երկնային աւետիսին եւ առաջին ականատեսները մարմնացեալ Աստուածորդիին, այլ խօսքով. աշխարհի առաջին կապը՝ Քրիստոսի հետ: Անգրագէտ, խեղճ ու պարզուկ այդ մարդիկը. որոնք իրենց զբաղումին բերումով յաճախ կտրուած կ՚ըլլային աշխարհէն եւ զրկուած՝ ընկերային կեանքի շատ մը երեսներէն, որոնք նոյնիսկ կ՚արհամարհուէին բարեպաշտութեան մէջ ծայրայեղ հրեաներուն կողմէ, որովհետեւ չէին կրնար ծիսական-աղօթական իրենց պարտականութիւնները անթերի կատարել. ահա այժմ կը դառնային Աստուծոյ ընտրած առաջին վկաները Քրիստոսի Ծննդեան եւ անով աշխարհին բերուած մեծ աւետիսին:
Աստուած հովիւները ընտրեց. սկիզբէն ծանուցանելու համար, թէ ծնող մանուկը Իր ժողովուրդին Մեծ Հովիւը ըլլալու սահմանուած է: Մատթէոս Աւետարանիչ Յիսուսի Բեթլեհէմի մէջ ծնունդը կը դիտէ իբրեւ կատարումը Միքիայի մարգարէութեան, որ կ՚ըսէ. «Եւ դուն. Բեթղեհէմ. Յուդայի երկիր. Յուդայի իշխաններուն մէջ փոքրագոյնը չես, որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ իշխան մը. որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը պիտի հովուէ» (Մտ 2,6): Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնած այս մանուկը Դաւիթի ազգատոհմէն եւ անոր հարազատ շառաւիղն էր։ Եւ ինչպէս Աստուծոյ այն օծեալը իր մանկութեան հովիւ էր եւ Աստուծմէ կանչուեցաւ թագաւոր ըլլալու, այնպէս ալ հրեշտակներու աւետած այս Օծեալ Տէրը հովիւներու քարայրի մը մէջ իբրեւ հովիւ կը ծնէր՝ յետոյ Իր հօրը Դաւիթի թագաւորական աթոռը նստելու համար. ըստ Աստուծոյ կանխագոյն ծանուցման՝ Գաբրիէլ հրեշտակին բերնով (Հմմտ. Ղկ 1,32.33): «Անիկա հովիւի մը պէս իր հօտը պիտի հովուէ. գառնուկները իր բազուկով պիտի ժողվէ. եւ զանոնք իր գիրկին մէջ պիտի կրէ». կ՚ըսէ Եսայի մարգարէ (Ես 40,11)։ Իսկ Քրիստոս Ինք չյայտարարե՞ց, ըսելով, «Ես եմ բարի հովիւը, բարի հովիւը՝ որ իր կեանքը ոչխարներուն համար կու տայ» (Յհ 10,11): Իսկ Եբրայեցւոց նամակին հեղինակը կը շեշտէ, թէ Քրիստոս մեզի համար Իր կեանքը որպէս գերագոյն զոհ տալով՝ ո՛չ միայն մեր քահանայապետը եղաւ, որ միանգամընդմիշտ երկնային Սրբարանը մտաւ մեր փոխարէն՝ մեր մեղքերու քաւութեան համար, այլ՝ «Որ յաւիտենական Ուխտին արիւնովը ոչխարներուն մեծ Հովիւը» եղաւ (Եբր 13,20):
Բ) Քրիստոսի Ծնունդը՝ կատարեալ սիրոյ ու ինքնանուիրումի յարացոյց. Քրիստոս աշխարհ եկաւ, մարդիկը մահուան սպառնալիքէն ու մղձաւանջէն ձերբազատելով՝ անոնց անվախճան կեանք ու անմահութիւն շնորհելու, մարդոց վիշտն ու ցաւը, սուգն ու տառապանքը բաժնեկցելով՝ յաւիտենական ուրախութեան եւ երջանկութեան փոխակերպելու, մարդոց մեղքերուն ախտը մաքրելով ու սրբելով՝ զանոնք լոյսի եւ սրբութեան որդիներ դարձնելու։ Աստուածորդին մարմին զգեցաւ, որպէսզի երաշտացած մարդուն մէջ վերստին ցանէր աստուածութեան ցօղը ու վերանորոգէր մարդուն կեանքը՝ զայն դարձեալ դնելով Աստուծոյ հաղորդութեան հետ եւ իր նախկին աստուածադը-րոշմ վիճակին վերադարձնելով։ «Գառն Աստուծոյ»ն երկնքէն երկիր իջաւ՝ մարդիկը երկրէն երկինք բարձրացնելու եւ նիւթական խորհողութենէն աննիւթականին վերափոխելու։
Մանկացեալ Աստուածորդին Իր Ծնըն-դեան հրաշապատում դրուագով կատարեալ սիրոյ ու ինքնանուիրումի յարացոյցը եղաւ։ Ան Իր մարդեղութեան արարքով Ինքզինք մարդկութեան նուէ՛ր տուաւ։ Ի՛նք եղաւ գերագոյն նուէրը, որովհետեւ որպէս Աստուածորդի Ինքզինք նուիրաբերեց մարդկութեան՝ մարդկային մեր բնութիւնը Իր վրայ առնելով։ Ինչո՞ւ յանձն առաւ Իր աստուածային անճառելի փառքէն ու անհուն մեծութենէն խոնարհիլ ու մարդանալ։ Միայն մէկ պատճառով, սոսկ մէկ նպատակով, որ Յովհաննու Աւետարանի բառերով այսպէս բանաձեւուած է. «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16)։
Ճշմարտութիւն է, թէ Աստուած աշխարհն ու մարդը ստեղծելէն ետք՝ չդադրեցուց Իր սէրն ու հայրախնամ հոգածութիւնը յայտնելէ անոնց նկատմամբ։ Ան շարունակաբար գուրգուրաց մարդուն վրայ, Իր սէրը արտայայտեց մարգարէներով եւ եզակի ու հրաշալի ձեւով մը՝ Իր Որդին ընծայելով որպէս Փրկիչ մարդկութեան։ Քրիստոնէական մեր հաւատքին իւրայատուկ գիծերէն այն է, որ ո՛չ թէ միայն մարդն է, որ կը փնտռէ զԱստուած, այլեւ, ու մանաւանդ, Աստուա՛ծ է որ կ՚որոնէ եւ կը խնամէ Իր արարածները՝ սիրոյ այն ուժովը, որ Աստուծոյ բնութիւնն իսկ է։
Մոգերը նախանձախնդրութեամբ կը փնտռէին մանուկ Յիսուսը եւ վճռած էին գտնել զԱյն։ Աստուած գնահատելով իրենց նախանձախնդրութիւնը, աստղի մը միջոցաւ առաջնորդեց զիրենք նորածին Յիսուսի։ Այսօր ալ Աստուած կ՚առաջնորդէ մարդիկը գտնելու Իր Որդին, բայց ո՛չ աստղի միջոցաւ, այլ Իր կենդանի խօսքին, Իր Սուրբ Հոգիին եւ մեր կեանքին մէջ կատարած Իր գործերուն միջոցաւ։ Ան որ փափաք ունի Յիսուսը տեսնելու՝ անպայման պիտի վայելէ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը։ Մոգերու եռանդով Քրիստոսը փնտռող մարդը՝ անկասկած որ պիտի հանդիպի Քրիստոսի, որովհետեւ «փնտռողը պիտի գտնէ» (Մտ 7.8)։
Մարդեղութեամբ Աստուած դարձաւ Էմմանուէլ, «որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ» (Մտ 1.23)։ Ան քեզի համար իբրեւ լոյս եկաւ աշխարհ, որպէսզի խաւարի մէջ խարխափողդ ընդմիշտ լուսաւորէ, Իր մեծասքանչ ճառագայթումով՝ քեզ վերստին Լուսաղբիւրին բարձրացնելու համար։ Կեանքն ու Անմահութիւնը՝ Քրիստոս, մահկանացու մարդոց մէջ իջաւ իբրեւ հաց ու գինի, որպէսզի կեանք եւ առաւե՛լ կեանք ունենաս եւ անմահութիւնը ժառանգես։
Քրիստոս եկաւ աղքատին աւետարանելու ճշմարտութիւնը, կոյրերուն բաշխելու յոյս ու մեռելներուն՝ կեանք։ Ատելութեան, նախանձի ու պատերազմներու մէջ խրած աշխարհին, Քրիստոս Իր ծնունդով եկաւ խաղաղութիւն, սէր ու միութիւն բերելու։ Մարդացեալ Աստուածորդին կամաւորապէս ընտրեց խեղճ պայմաններու մէջ ծնիլ, Ինքզինք նոյնացնելու համար բոլոր խեղճերուն եւ անօգնականներուն հետ, որոնց տէրը եւ օգնականը Աստուած Ինքն է։ Անոնց հանդէպ Իր անհուն սէրը եւ գուրգուրանքը յայտնեց այդ ձեւով՝ Ինքզինք անոնց վիճակակից դարձնելով։
Սիրելի՛ ընթերցող, «Աստուածգիտութեան Գանձարանը» (Կղ 2.3)՝ Քրիստոս, ճշմարիտ գիտութեան բոյրը տարածելու եկաւ՝ մեղքի գարշահոտութենէն ապականած մարդկային բնութիւնը վերանորոգելու համար։ Մենք՝ իրբեւ հողեղէն արարածներ, կրնա՞նք աւետել «Աներեւակայելի Գանձին» (Եփ 3.8) երկնայայտ էջքը ողջ մարդկութեան։ Կրնա՞նք սիրոյ ողջոյնով հռչակել աստուածային սիրոյ մարմնացումը՝ մեր աստուածահաճ կենցաղով եւ մեր կեանքի ուղղագիծ գնացքով։ Կրնա՞նք մեզմէ փոքրին, մեզմէ տկարին, մեզմէ աննշանին ընծայել՝ ինչ որ Աստ-ւած Իր անսահման մեծութենէն խոնարհելով կ՚ընծայէ մեզի՝ փոքր, տկար, աննը-շան արարածներուս։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսի ծնունդը մարդուն ուղղուած մեծագոյն մարտահրաւէրն է։
Միշտ յիշէ՛, «անբաւելի» ու «անպարփակելի» Աստուած քեզի համար խեղճ մսուրի մը մէջ ծնաւ, քեզի՛ համար եկաւ աշխարհ, որպէսզի քեզ ազատէ քու մեղսակիր վիճակէդ։ Պարզունակ ու խաշնարած հովիւներու նման դուն ալ քու սրտիդ մսուրին մէջ ընդունէ Մանկացեալ անմեղունակ Էմմանուէլը՝ զՔրիստոս, որպէսզի դուն ալ պայծառակերպուած երկնքէն բարեբանող հրեշտակներու փաղանգին հետ միասին մելանոյշ եւ հոգեթով մեղեդիին ձայնակցիս՝ ըսելով. «Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն…»։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ