ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԲԱԽՏԸ
Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Սամուէլ Ֆարմանեան յայտարարեց, որ երկրի գալիք բոլոր իշխանութիւններու օրակարգային թիւ մէկ խնդիրը պիտի ըլլայ ժողովրդագրական հարցի կարգաւորումը։ Tert.am-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան բացատրութիւններ տուաւ ժողովրդագրական միտումները ուսումնասիրելու հետամուտ աշխատանքային անպաշտօն խումբի մը ստեղծման շուրջ։ Երեսփոխանի բացատրութիւններով, այս նախաձեռնութեան նպատակն է սոյն խնդրով շահագրգռուած անձերու համախմբումը եւ յստակ ախտորոշումներու հիման վրայ լուծման հասնիլը։
Սամուէլ Ֆարմանեան յիշեցուց, որ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան զանազան առիթներով անդրադարձած է այս նիւթին եւ երկրի ժողովրդագրական իրավիճակը խիստ մտահոգիչ է։ Առկայ միտումներն ալ կը վկայեն այս հանգամանքը։ Նախագահին կողմէ կառավարութեան յանձնարարութիւն տրուած է՝ որպէսզի մշակուի համալիր միջոցառումներու ցանկ մը։ Ժողովրդագրական խնդրի բարելաւման ռազմավարութիւնը պիտի ցոլացնէ այդ ցանկը։ Երկրի խորհրդարանականներն ալ այդ աշխատանքներուն մէջ պիտի ունենան իրենց համեստ մասնակցութիւնը։ Սա է վերոյիշեալ անպաշտօն խումբի ստեղծման մղումը։
Սամուէլ Ֆարմանեանի խօսքերով, որպէս թիրախ ընտրուած են իրարմով պայմանաւորուած խնդիրներ։ Առաջին փուլին իրավիճակի համապարփակ եւ վերքաղաքական բնութագրումը պիտի կատարուի՝ որպէսզի յայտնի դառնայ, թէ ինչպէս է ժողովրդագրական առկայ իրավիճակը Հայաստանի մէջ։ «Երկրորդ՝ մեր անկախ պետականութեան տեսակէտէ այս գերկարեւոր խնդրի լուծման համար ինչ միջոցներ կրնան ձեռք առնուիլ՝ աւանդական եւ ոչ-աւանդական, որպէսզի այս հարցին մէջ դրական տեղաշարժ մը ըլլայ։ Հարցի կարեւորութեան մասին, կը կարծեմ, թէ նոյնիսկ բարձրաձայնելու անհրաժեշտութիւն չկայ։ Որովհետեւ մեր հազարամեակներ անցած պատմական հարուստ եւ խորտուբորտ ճանապարհը այս խնդրի գերկարեւորութեան վկայութիւնն է», ըսաւ Սամուէլ Ֆարմանեան։
«Ընդհանրապէս այն ժողովուրդը, որ չի կարողանար կարդալ երեւելի նշանները իր պետականութեան ճակատագրին մասին, ազդակները, իսկ այս պարագային բացասական ու աղիտալի ազդակներ խնդրոյ առարկայ են, պիտի փոխհատուցուի։ Ժողովրդագրութեան առանձնայատկութիւնը այնպէս է, որ մէկ օրուան մէջ կամ տարի մը անց որեւէ ձեռնարկուած քայլի, գործողութեան, ընդունուած որոշման ազդեցութիւնը հնարաւոր չէ չափել։ Իմ կարծիքով՝ մեր անկախ պետականութեան համար ժողովրդագրական խնդիրները կարգաւորելը կրնայ երկրորդ պետական թեստը ըլլալ։ Մենք առաջին ստուգումը՝ Արցախի պատերազմը յանձնած ենք փայլուն։ Այս խնդրի կարգաւորումը պէտք է ըլլայ մեր հասունութեան երկրորդ գնա-
հատումը։ Վստահ եմ, թէ մեր ժողովուրդն ու իր վերնախաւը պիտի կարողանան այս հարցի շուրջ ունենալ ոչ միայն համազգային մտահոգութիւն, այլեւ լուծման ուղղեալ մասնակցութիւն։ Վայրկեան մը իսկ չեմ կասկածիր, թէ մեր գալիք բոլոր իշխանութիւններու օրակարգային թիւ մէկ խնդիրը սա պիտի ըլլայ եւ ես լաւատես եմ։ 21-րդ դարուն շատ աւելի բարդ է ժողովրդագրական խնդիրներու լուծումը։ 22-րդ դարուն կրնայ աւելի բարդ կամ անհնար ըլլալ։ Պատմութեան ընթացքը, որու մէջ մենք հիմա կը գտնուինք, այս խնդրի լուծման բախտը կու տայ մեզի։ Կրնայ պարզուիլ, որ նոյնիսկ մեծ փափաքի մը պարագային այլեւս հնարաւորութիւն չըլլայ։ Երկիրը պէտք է զարգանայ, իր կենցաղը բարելաւէ եւ այլն։ Իսկ լաւ կենցաղն ու աւելի ապահով կեանքը կը տանի ծնելիութեան մակարդակի նուազման։ Սա համաշխարհային միտում է։ Շուէտի մէջ 1960-ականներէն սկսեալ բնակչութեան թուաքանակը 8 միլիոն է։ Այսինքն՝ բնական աճի թափերը կը նուազին եւ սա կը կարգաւորուի կանոնաւոր ներգաղթի միջոցաւ։ Ամէն երկիր ունի իր առանձնայատկութիւնը, թէ ո՞րն է մեր բանալին չեմ գիտեր, բայց խնդիրը այն է, որ այսօր հարցը քաղաքականացուած է ու կը դիտարկուի միայն արտագաղթի համատեսքին մէջ», նշեց Սամուէլ Ֆարմանեան։