ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Կղզեբնակ փոքրաթիւ ժողովուրդը եւ ուխտաւորներ հոգեւոր մեծ հրճուանք ապրեցան այս արարողութեան ընթացքին։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Արթուն Սարկաւագ Թեքիրօղլու։ Ս. Սեղանին սպասարկեիցն Լեւոն Սարկաւագ Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։

Կէտիկփաշայի «Հարնդ Տինք» վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ եւս մասնակցութիւն բերին Ս. Պատարագին՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլի գլխաւորութեամբ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ ջրօրհնէք եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Հուսկ «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ կազմուեցաւ թափօր մը եւ պատարագիչ հայր սուրբի հանդիսապետութեամբ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այս փուլին խօսեցաւ խրատական մը, որու ընթացքին շնորհաւորեց ներկայ հաւատացեալներու տօնը։

Ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած Կղզեաց թաղային խորհուրդը կրօնական արարողութիւններէն վերջ պատուասիրութիւն մը կազմակերպեց ներկայ հաւատացեալներուն համար։ Պատարագիչ հայր սուրբին գլխաւորութեամբ բոլորը համախմբուեցան տօնական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Քաղաքապետական եւ կուսակցական կազմակերպութիւններէ ալ ներկայացուցիչներ փութացած էին բաժնելու տօնական ուրախութիւնը եւ շնորհաւորութիւններ յղեցին Ամանորի առթիւ։

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2018