ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԵՒ… ԵՈՒՐԻ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Անորոշութիւնը կը շարունակուի...

Վերջին ամիսներուն հայկական լրահոսին գլխաւոր նիւթերէն մին դարձաւ Հայաստանի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականի փայլուն աստղին՝  Հենրիխ Մխիթարեանի բրիտանական «Մենչըսթըր Եունայթըտ» խումբէն «դուրս գալու» հարցը:

Տարբեր մեկնաբանութիւններ եղան այս խնդրին վերաբերեալ: Մարզական լրագրողներ, կայքէջեր եւ մեկնաբաններ նկատել տուին, որ Հենրիխ Մխիթարեան «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի փորթուգալացի մարզիչ Խոսէ Մորինիոյի հետ ունի լարուած յարաբերութիւններ, որոոց հետեւանքով ալ հայազգի մարզիկը դարձաւ «անգործունեայ», հետեւաբար նաեւ «անարդիւնաւէտ» խաղացող մը:

Մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը տակաւին յստակ չէ, որ Մխիթարեան դէպի ո՛ր խումբը պիտի «ճամբորդէ»: Այս առումով ալ մամուլին մէջ երեւցած վերջին լուրատուութիւնը հաղորդուած է այն պարբերականին կողմէ, որուն տեղեկութիւններով Հենրիխ Մխիթարեան պիտի մեկնի գերմանական «Պորուսիա»։ Իբր այդ ալ «Մենչըսթըր»ի պատասխանատուները նախնական համաձայնութեան յանգած են:

Սակայն այս բոլորէն անդին կայ Հենրիխ Մխիթարեանին ամսավճարին խնդիրը, որուն մասին ալ նոյն պարբերականը նկատել կու տայ, որ այդ հարցը կը շարունակէ մնալ «տարակարծութեան» հիմնական խնդիր մը:

Արագ փոխուող աշխարհին մէջ ֆութպոլն ալ դարձած է այդ արագութեան ցուցանիշներէն մին: Հազարաւոր հետեւորդներու սիրտն ու հոգին «գրաւող» այս հաւաքական մարզախաղին մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն խաղ «պատրաստող» եւ կոլ արձանագրող մարզիկները: Նուազ կարեւոր դեր չունին նաեւ մարզիչները, որոնք հազարաւոր տոլարներ վաստակելու կողքին՝ կը կատարեն խումբի «փրկիչ»ը ըլլալու դեր մը:

Ֆութպոլը որպէս մարզաձեւ արագութեան եւ անհամբերութեան հոմանիշ հանդիսացող մարզաձեւ մըն է, որուն հետեւորդներն ու «ֆանաթիկ»ները ժամանակ չունին վատնելու: Անոնք կը պահանջեն, որ իրենց վազող «ձիերը» շատ արագ յառաջանան ու արձանագրեն ոսկի արդիւնքները:

Ու մարզիկ-համակիր-ակումբ այս եռեակին մէջ որեւէ խումբի մազիչները «խաղ»ին կը մասնակցին՝ ունենալով տարբեր գրաւներ ու յաճախ «այրելով» իրենց ունեցած խաղացողներուն բոլոր հնարաւորութիւնները: Ի վերջոյ ֆութպոլի առոգանութիւնը, խաղը, պատկերը եւ աղմուկը հիմնուած է դրամական աշխարհի մէջ եղող կարեւոր ու յաճախ աներեւելի գործօններու վրայ: Կան աներեւելի լարեր, որոնք կը ղեկավարեն այս խաղը, որ նաեւ «քաղաքական խաղ» մը ըլլալու բոլոր տուեալները ունի:

ԵՐԷԿ՝ ԵՈՒՐԻ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ, ԱՅՍՕՐ՝ ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Ամէն անգամ, որ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին նիւթ ըլլայ, կը վերյիշեմ Պէյրութի հայկական թաղամասերը: Պէյրութի հայկական նեղլիկ թաղամասերուն մէջ շատ հեշտ է գտնել երբեմնի Խորհրդային Հայաստանի մարզիկներուն եւ ողիմպիական համաշխարհային աստղերուն պատկերները:

Ամենէն շատ զիս տպաւորած է Եուրի Վարդանեանի պատկերը, ուր հերոս-մարզիկը ծանրաբարձութիւն կ՚ընէ ու այլ նկարներ ալ, որոնց մէջ ան հպարտօրէն կը ցուցադրէ իր կուրծքը զարդարած շուրջ հարիւր մետայլները:

Հիմա ընթերցողներս պիտի ըսեն. ինչ առընչութիւն… Մէկ կողմէ խորհրդային տարիներուն որպէս «աստղ» եւ «հերոս» դաւանուած մարզիկին՝ Եուրի Վարդանեանին ու միւս կողմէ ալ՝ մեր օրերուն ամբողջ հայութեան «փառք ու պարծանք» հանդիսացող Հենրիխ Մխիթարեանին՝ Հենոյին միջեւ:

Քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերը ապրած Պէյրութին մաս կը կազմէին քաղաքի «մոզաիք»ը համարուող հայկական թաղամասերը: Ու այդ թաղերուն մէջ մարդիկ՝ մեծ ու փոքր, արհեստաւոր կամ բանուոր, եկեղեցասէր կամ կուսակցական պատկանելիութիւն ունեցող, կ՚ուզէին ամէն գնով իրենց «պատկանելիութիւն»ը զարդարել Խորհրդային Հայաստանի «հերոսներ»ուն պատկերներով:

Վաղ վաթսունականներէն սկիզբ առած այդ երեւոյթը՝ խանութներու պատերը յայտնի մարդոց, գործիչներու, նուիրեալներու եւ աւելի ուշ մարզիկներու պատկերները կախելը կը դառնար համատարած: Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ պէյրութահայութիւնը կ՚ապրէր քաղաքական բաւական խոր արմատներ ունեցող երկփեղկում ու իւրաքանչիւր կողմի կամ կուսակցութեան հետեւորդի համար ալ իր նախընտրութիւնը, իր հերոսը եւ իր դաւանած գաղափարներուն մէջ տեղ գտած առաջնորդը կը դառնար քարոզչութեան մը զէնքն ու վահանը:

Շատ հասկնալի էր օրինակ, որ Հաճընի, Խալիլ Պատաուիի, Թոմարզայի, Ամանոսի թաղերուն մէջ եղած հայկական խանութներու պատերուն վրայ պիտի նկատէիր Մարշալ Բաղրամեանի, Վազգէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի պատկերները: Նոյնը պիտի չըլլար պարագան Պուրճ Համուտ, Արագած, Նոր Սիս, Թրատ, Տորա շրջաններուն համար, ուր գերակշռողները պիտի ըլլային՝ Պարոյր Սեւակի, Քրիսթափոր Միքայէլեանի, Ստեփան Զօրեանի եւ Սիմոն Զաւարեանի պատկերները:

Երկու պարագաներուն ալ սակայն, երեւելի պիտի դառնար Եուրի Վարդանեանի լուսանկարը: Ձեւով մը այդ երկփեղմուկը մեղմացնող, այդ երկուութեան վերջ տը-ւող եւ Հայաստանի պայծառ դէմքով հպարտութիւն առթող պարագայ մը, որուն շուրջ բոլոր հայերը պատրաստ էին միանալ եւ դառնալ մէկ ամբողջութիւն:

Աւելի ուշ այդ պատկերներուն վրայ կ՚աւելնային Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին զոհ դարձած հայորդիներու պատկերները, որոնք ինչ-ինչ պայմաններու տակ ու յաճախ հերոսական սխրանքներով օգնութեան հասած էին հայկական թաղամասերուն մէջ ծուարած հայ ընտանիքներուն ու յաճախ զոհուած, ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ պարտականութեան ճամբուն վրայ:

Այս «պատկերագրութիւն»ը կը շարունակուէր բաւական երկար ժամանակ: Խանութներէն շատերը կը փակուէին, շատերուն տէրերը կը մահանային ու բազմաթիւներ կը լքէին իրենց սիրելի Պէյրութը... ու կը չուէին դէպի հեռաւոր ափեր: Աւանդութիւնը սակայն չէր մեռներ: Այսօր ալ այդ «նկարներու լեզուով խօսելու» ձեւը ընդունուած է ու այդ միջոցով է նաեւ, որ մեր հայրենակիցները իրենց «ըսելիք»ը կ՚ըսեն, միտք կ՚արտայայտեն ու... գաղափար կը տարածեն: Տակաւին չեմ խօսիր տօնացոյց-օրացոյցներուն մասին, որ ցայսօր ալ կը շարունակեն մնալ հրապարակի վրայ:

Վերադառնալով մեր սիրելի Հենրիխ Մխիթարեանին, ապա ուշագրաւ պիտի ըլլար վերյիշել Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի խօսքը անոր մասին: Տէր Պետրոսեան, որ ելոյթ կ՚ունենար իր առաջնորդած «Հայ ազգային գոնկրէս»ի վերջին համագումարին (Դեկտեմբեր 2016), ակնարկ մը կը կատարէր Հենրիխ Մխիթարեանին մասին ու կ՚ըսէր. «Ելոյթս, գուցէ, դառն ստացուեցաւ, բայց իմ նպատակը ոչ թէ մարդիկը վհատեցնելն էր, այլ, ընդհակառակը, ազգին ներկայիս հեղձուկ իրավիճակէն յուսադրիչ ու արժանապատիւ ելք ցոյց տալը՝ ազգ, որու ուրախութեան ու հպարտութեան միակ առարկան այսօր Հենրիխ Մխիթարեանն է»: Հանրապետութեան առաջին նախագահը, որուն ելոյթը տարբեր հանգամանքներու բերումով «Դամոկլեան սուր» կը դառնար իր առաջնորդած կուսակցութեան համար (շատ հաւանաբար կուսակցութեան առաջնորդին այդ օր ունեցած «դառն»ելոյթին հետեւանքով), դուրս կը մնար 2017 թուականի Ապրիլին ընտրուած Ազգային ժողովէն, «Հերոս» կը մկրտէր Մխիթարեանը ու կը հաւատար, որ ան այսօրուան Հայաստանի պայծառ եւ լուսաւոր դէմքերէն մին է:

Այս մէջբերումը ընելէ անդին յստակ է նաեւ, որ Մխիթարեան այսօր դարձած է հայութիւնը միաւորող, ի մի բերող, հաւաքագրող եւ ազգային արժէքի մը շուրջ իմաստաւորող իրական հերոս մը: Հերոս, որուն առջեւ արդէն բաց են եւրոպական ֆութպոլի յառաջատար ակումբներուն դռները: Եւ հերոս, որուն անունը ոսկեայ տառերով արձանագրուած է մեր պատմութեան մէջ:

Արդեօք Մխիթարեան պիտի կարողանա՞յ մարզական աշխարհէն դէպի «վտանգաւոր» համարուած քաղաքական դաշտ տեղափոխուիլ: Կամ երբեւէ պիտի մտածէ՞, որ ազգային դաշտին մէջ ալ ընելիք, դեր եւ «խփելիք» կոլեր ունի... Այս հարցադրումներուն պատասխանները կը թողունք ապագային, սակայն յուսալի է, որ Հենրիխ Մխիթարեանին անունը եւ պատկերը մնան բարձրութեան վրայ:

Աւելի՛ն. յուսալի է նաեւ, որ անոր փայլուն պատկերները զարդարեն սփիւռքի տարբեր անկիւններուն մէջ գտնուող ու շէնշող, ապրող հայկական խանութներուն ճակատները՝ որպէս հպարտութիւն, որպէս երախտիքի զգացում եւ որպէս վկայակոչում հերոսի մը , որ հայութիւնը ի մի բերելու հիմնարար ներուժը ունի:

Անցեալին այդ հերոսը Եուրի Վարդանեանն էր ու այսօր հայութիւնը միացնող աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեանն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018